ՎԱՐՉԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմ ե­րէկ հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը ու­նե­ցաւ Ի­րա­քի Վար­չա­պետ Հայ­տար Էլ Ի­պա­տիի հետ։ «Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, եր­կու վար­չա­պետ­նե­րու հե­ռա­խօ­սազ­րոյ­ցին ըն­թաց­քին ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն օ­րա­կար­գի վրայ ե­կաւ ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րի հար­ցը։ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմ մաս­նա­ւո­րա­պէս կանգ ա­ռաւ Ի­ՇԻՊ-ի («Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում) դէմ Թուր­քիոյ մղած պայ­քա­րին վրայ։ Ըստ վար­չա­պե­տին, Ի­ՇԻՊ-ի դէմ ստեղ­ծուած մի­ջազ­գա­յին հա­մա­խո­հու­թե­նէն ներս Թուր­քիա սերտ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն ա­պա­հո­ված է ու պի­տի տե­ւա­կա­նաց­նէ իր նպաս­տը։ Բաց աս­տի, Եըլ­տը­րըմ իր պաշ­տօ­նակ­ցի նկա­տառ­ման յանձ­նեց Ան­գա­րա­յի դիր­քո­րո­շումն ու սպա­սում­նե­րը՝ ընդ­հան­րա­պէս ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րի հար­ցին շուրջ, մաս­նա­ւո­րա­պէս ՓՔՔ-­ՓԵՏ-ի դէմ։

Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, եր­կու վար­չա­պետ­նե­րու զրոյ­ցին ըն­թաց­քին կար­ծի­քի փո­խա­նա­կում­ներ կա­տա­րուե­ցան տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին խնդիր­նե­րու շուրջ։ Անվ­տան­գու­թե­նէն սկսեալ մին­չեւ տնտե­սու­թիւն՝ ա­նոնք քննար­կե­ցին երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու օ­րա­կար­գի բո­լոր նիւ­թե­րը։ Եըլ­տը­րըմ եւ Ի­պա­տի վե­րա­հաս­տա­տե­ցին ի­րենց կամ­քը՝ երկ­կող­մա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գաց­ման ուղ­ղու­թեամբ, միշտ ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն ըն­ծա­յե­լով ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րին։ Ա­նոնք անդ­րա­դար­ձան նաեւ այն երկ­խօ­սու­թեան գոր­ծըն­թա­ցին, որ յա­ռաջ կը տա­րուի Պա­շի­քա­յի ռազ­մա­խա­րիս­խին շուրջ։  

Էլ Ի­պա­տի բա­ցատ­րեց, որ Ի­րաք կա­րե­ւո­րու­թիւն կ՚ըն­ծա­յէ՝ երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ա՛լ ա­ւե­լի զար­գաց­նե­լու նկատ­մամբ։ Անվ­տան­գու­թեան եւ ա­հա­բեկ­չա­կան դէմ պայ­քա­րի բնա­գա­ւառ­նե­րէն ներս հաս­տա­տուած հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան լոյ­սին տակ՝ Էլ Ի­պա­տի յայտ­նեց, թէ Ի­րաք եր­բեք թոյլ պի­տի չտայ՝ որ­պէս­զի իր տա­րած­քէն ո­րե­ւէ սպառ­նա­լիք ուղ­ղուի Թուր­քիոյ դէմ։ 

Չորեքշաբթի, Մարտ 15, 2017