«ԿՈՄԻՏԱՍ-ԵՐԱԺԻՇՏ ԵՒ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾ»
Սեփական թղթակցութիւն.-
Երէկ երեկոյեան, Երեւանի մէջ, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) կեդրոնատեղիի դահլիճէն ներս առիթն ունեցայ մասնակցելու ԿՈՄԻՏԱՍ՝ երաժիշտ եւ բանաստեղծ խորագրեալ համերգին, որ կ՚ընդգրկէր մեծ Վարդապետի մշակումները եւ Վահան Արծրունիի՝ «Կոմիտաս՝ տասը յայտնութիւն» երգաշարը, գրուած՝ Կոմիտաս Վարդապետի բանաստեղծութիւններուն հիման վրայ:
Վահան Արծրունիի կողքին համերգին իրենց մասնակցութիւնը բերին տաղանդաւոր արուեստագէտներ՝ Աննա Մայիլեանը, Նարեկ Աւագեանն ու իր ղեկավարած «KV ART ensemble»ը. խումբ մը երիտասարդ երաժիշտներ, որոնք ապրում կը հաղորդէին իրենց նուագած երաժշտութեան:
Հրաշալի ներդաշնակութիւն մը, խորհրդաւոր կապի մը գոյութիւնը կը զգացուէր Արծրունիի, Մայիլեանի եւ երիտասարդ երաժիշտներուն միջեւ, որոնք հանդիսատեսը շուրջ մէկուկէս ժամ կտրելով առօրեայ մղձաւանջային իրականութենէն, տարին հեռո՜ւ հեռուները, միաժամանակ Կոմիտաս Վարդապետը հեռուներէն բերելով մօտիկ, շա՜տ մօտիկ հանդիսատեսին, կարծէք կանգնած ըլլար բեմին վրայ ու կը զրուցէր ներկաներուն հետ:
Համերգը ուշագրաւ էր անով, որ Կոմիտաս Վարդապետի բանաստեղծութիւններէն նոր կտորներ ներկայացուեցան հանդիսատեսին, ամբողջութեամբ հայերէն՝ Աննա Մայիլեանի վկայութեամբ: Իրողութիւն մը, որ հանդիսատեսին առիթ տուաւ մտովին երթալու հայոց պատմական օրրանները, հայկական գաւառներ, մտնել ժողովուրդի առօրեային, կենցաղին մէջ, հաղորդակից դառնալ մեր նախնիներու մտածումներուն եւ ապրումներուն:
Համերգի աւարտին, արդարեւ, Աննա Մայիլեանը իրաւամբ անդրադարձաւ այն ցաւոտ իրականութեան, որ այսօրուան մարդը հեռացած է Աստուծմէ, հեռացած է աղօթքէն, հեռացած է արուեստէն, հեռացած է մշակոյթէն: Սակայն, մատուցուած այս եւ նման համերգները, իրաւ արուեստագէտներու կողմէ, մարդուն առիթ կու տան այդ հեռաւորութիւնը վերացնելու եւ դարձեալ մօտենալու ճշմարիտին, իրաւին:
Իրաւ արուեստագէտ ըսի, որովհետեւ իրաւամբ երէկուան համերգին իւրաքանչիւր մասնակիցը՝ իրաւ արուեստագէտ էր բառիս բուն եւ իսկական առումով: Արուեստագէտ, որ հոսանքին հակառակ ուղղութեամբ թիավարելով, հակառակ դժուարութիւններուն եւ արգելքներուն, կը յամառին հարազատը, իրականը ներկայացնել հանդիսատեսին: Կոստան Զարեանի բնութագրութեամբ՝ «Արուեստագէտը՝ իսկական ստեղծագործը՝ միակն է որ կը համարձակի հանդիպադրել իր լինելու կամքը՝ մեքենայնութեան բռնութեան վրայ: Վասնզի ան միակն է որ ներուժօրէն կը զգայ բանտի ծանրաբեռն ճնշումը եւ կը բաղձայ ազատութիւնը:
Ժամանակի եւ տարածութեան դէմ ան կը ճակատի տեւականութեամբ. Մեքենայնութեան դէմ՝ ստեղծագործութեամբ:
Ազատ արարչութիւնը բանալին է կեանքի բոլոր խորհուրդներուն»:
Վահան Արծրունին, Աննա Մայիլեանն ու երիտասարդ երաժիշտները արդարեւ, այդ մեքենայնութեան դէմ է որ կը պայքարին, բանտի ծանրաբեռն ճնշումէն ազատագրուելու համար է որ կը պայքարին, հասնելու համար ազատութեան՝ միտքի ու հոգիի:
Արդարեւ, խումբ մը նուիրեալ հայորդիներ ամէն բանէ առաջ, որոնք Աստուծմէ իրենց տրուած շնորհքը լաւագոյնս թարգմանած են իրենց արուեստով, իրենց ստեղծագործական տաղանդով, իրենց հաւատարմութեամբ: Խումբ մը արուեստագէտներ, որոնք չեն տարուած այսօրուան աշխարհին գայթակղեցնող «հնարաւորութիւն»ներով, այլ՝ հաւատարիմ մնացած են իրենց եւ մեր արմատներուն՝ հայ մշակոյթին եւ հայ արուեստին: Ի վերջոյ, թող ներուի ինծի ըսել՝ խումբ մը «խենդ»եր, որոնք ամբողջ իրենց էութեամբ նուիրուած են իրենց արուեստին, իսկ՝ «արուեստը բացարձակ խենդութիւն է: …Խենդութիւնը արարչական ըմբոստութիւն ըսել է: Եթէ դուն ըմբո՛ստ ես, սեւ գիծ մը քաշէ՛ բնականոն տխմարութեանց վրայ եւ թեւարկէ, եթէ կը բաղձաս երկինքը» (Կոստան Զարեան): Եւ այս խումբ մը «խենդ»երը ո՛չ միայն իրենք երկինք թեւարկեցին ու կը թեւարկեն միշտ, այլեւ՝ այսօր հանդիսատեսներէն շատերու պարգեւեցին այդ զգացումը՝ դէպի երկինք թեւարկելու…:
Բոլորին վարձքը կատար. ՀԲԸՄ-ի Երեւանի կեդրոնին՝ այս համերգի կազմակերպման համար, Աննա Մայիլեանին, Նարեկ Աւագեանին եւ «KV ART ensemble»ին: Յատուկ կերպով շնորհակալութիւն Վահան Արծրունիին, որ տարիներ շարունակ մեծ սիրով ու ջերմեռանդութեամբ կը շեփորահարէ Կոմիտասը մեր ժողովուրդին:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ