ԱՄԷՆ ԿՈՂՄԷ՝ ՓԱԿՈՒՂԻ

1967 թուականի յունիսին, երբ Իսրայէլ միաժամանակ (եւ, ի դէպ, յաջող) պատերազմ կը վարէր Եգիպտոսի, Սուրիոյ, Յորդանանի եւ այլ երկիրներու դէմ, Անգլիայէն լրագրող մը դիմած էր իր երկրի նախկին վարչապետ Հարըլտ Մաքմիլանին՝ հարցնելով, թէ ի՞նչ կը մտածէ Միջին Արեւելքի խնդրի մասին։ «Միջին Արեւելքի խնդիր գոյութիւն չունի», պատասխանած էր քաղաքական վեթերանը։ «Ինչպէ՞ս թէ՝ չունի», զարմացած էր լրագրողը։ Մաքմիլանը բացատրած էր. «Երբ մենք կ՚ըսենք՝ խնդիր, նկատի ունինք բան մը, որ լուծում ունի։ Այն, ինչի մասին դուք կը հարցնէք, որեւէ լուծում չունի»։

Այս դէպքը յիշեցի վարչապետի երէկուան ասուլիսին հետ կապուած։ Այն իրավիճակը, որ ան կը ներկայացնէ, կատարելապէս փակուղային է։ Նոյն անգլիացիները կ՚օգտագործեն deadlock բառը, ուր կան ե՛ւ «մահուան», ե՛ւ «փականի» բաղադրիչները:

«Կային արտաքին ուժեր, որոնք կը դրդէին էթնիք զտումները կազմակերպող հիմնական ուժը, կ՚աջակցին, որ Լեռնային Ղարաբաղի հայերը րոպէ առաջ դուրս գան, որովհետեւ անոնք (այսինքն՝ արտաքին ուժերը) յայտարարած էին Հայաստանի մէջ իշխանափոխութեան մեկնարկ»: Սա կը նշանակէ.

1- Հայ ժողովուրդի ողբերգութեան Փաշինեան կը նայի իր աթոռի պրիսմակէն:

2- «Արտաքին ուժերը», այսինքն, ըստ ամենայնի, Ռուսաստանի Դաշնակցութեան քաղաքական ղեկավարութիւնը եւ յատուկ ծառայութիւնները, կատարելապէս ապուշ են, քանի որ չեն տեսներ, թէ Հայաստանի մէջ իշխանափոխութեան լուրջ ներքին խթաններ չկան:

3- Այդ «արտաքին ուժերը» (Փեսքո՞վը, Զախարովա՞ն) յայտարարած էին, որ Հայաստանի մէջ իշխանափոխութիւն կը սկսի: Այդ բանէն յետոյ ի՞նչ կարելի է քննարկել այդ «ուժերուն» հետ:

Բայց այստեղ կայ ուրիշ փակուղի մը եւս: «Էթնիք զտումներ կազմակերպող հիմնական ուժը» հաստատ Ատրպէյճանն է: Բայց Փաշինեան չի բացառեր, որ Հայաստան միջազգային դատարանէն Ատրպէյճանի դէմ բողոքը կրնայ ետ վերցնել եւ խաղաղութեան առասպելական պայմանագիրը ստորագրելու պարագային սա նոյնիսկ տրամաբանական կը համարէ:

Այսինքն՝ այժմ մենք կը համարենք, որ Ատրպէյճան լուրջ միջազգային յանցագործութիւն կատարած է (էթնիք զտումներ), բայց իրավիճակի որոշակի փոփոխութեան պարագային այլեւս այդպէս չենք կարծեր: Եթէ նախօրօք կ՚ըսես, որ պիտի հրաժարիս քու խօսքերէն, կրնա՞ս ակնկալել, որ այդ խօսքերուն լուրջ կը վերաբերուին:

Գերիներու հարցին մէջ նոյնպէս կատարեալ փակուղի է: Ատրպէյճանցի գերիի վերադարձը, կը պարզուի, կը խօսի «Հայաստանի Հանրապետութեան էնսթիթիւսիոնէլ բարեփոխումներու եւ ժողովրդավարական էութեան մասին»: Առաջին անգամ կը լսեմ, որ գերի մը վերադարձնելը եւ անոր տեղը որեւէ բան չստանալը ժողովրդավարութեան նշան է: Ինձ կը թուի՝ սա լրիւ ուրիշ բանի նշան է:

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Խմբագրական՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի

Ուրբաթ, Մարտ 15, 2024