ԱՆԱՍՈՒՆՆԵՐՈՒ ԱՊԱՍՏԱՐԱՆ ՄԸ

Անասուններու ապաստարանները կարեւոր դեր կը խաղան անոնց բարեկեցութեան համար եւ կը ձգտին անօթեւան անասուններուն ժամանակաւոր կամ մշտական ապաստան տրամադրել։ Անասուններու ապաստարանները նաեւ կ՚իրականացնեն հանրային իրազեկման աշխատանքներ՝ անասուններու պահպանման եւ անոնց ապահովութեան վերաբերեալ։ Անոնք տեղեկութիւններ կը տրամադրեն նաեւ ընտանի կենդանիներու պատշաճ սնման, կանոնաւոր անասնաբուժական ստուգումներու եւ այլ կարեւոր նիւթերու մասին։ Այս դժուարին առաքելութիւնը լաւագոյնս կեանքի կոչած է սերպիացի Տէյան Կաչիչ, որ աւելի քան քսան տարի փրկած եւ պաշտպանած է կենդանիները։ Իր մօր՝ Սվետլանայի հետ ան սկսաւ անասունները փրկելու ուղղեալ փոքրիկ գործերով, որոնք պատճառ հանդիսացած են «Վուչեակ»ի ապաստարանի հիմնադրման՝ 1997 թուականին։

Ներկայիս «Վուչեակ»էն ներս կը գտնուին աւելի քան հազար շուն, կատու եւ նոյնիսկ գայլ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իւրայատուկ պատմութիւն ունի։ Տէյան Վուչիչ ապաստարանի հիմնադրումէն ի վեր կը ձգտի նաեւ մարդիկ իրազեկել՝ ընտանի կենդանիներու առողջութեան, ապահովութեան եւ անոնց անվտանգութեան վերաբերեալ։ Հակառակ մարտահրաւէրներուն, Տէյան Կաչիչի նուիրումն ու եռանդը ցոյց տուած են մարդկութեան եւ կենդանիներու աշխարհի միջեւ կայուն կապը։

Ուրբաթ, Մարտ 15, 2024