ԱՆՇԵՂ ԿԵԴՐՈՆԱՑՈՒՄ
Անգարայի եւ Մոսկուայի անշեղ կեդրոնացումը կը շարունակուի Հարաւային Կովկասի վրայ։ Վերջին օրերուն Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ տեղի ունեցան քաղաքական խորհրդակցութիւններ, որոնց ընթացքին հերթական անգամ օրակարգի վրայ եկան տարածաշրջանի իրադարձութիւնները։ Արտաքին գործոց փոխ-նախարարներուն՝ Պուրաք Աքչափարի եւ Միխայիլ Կալուզինի կողմէ գլխաւորուած բանակցութիւններուն ընթացքին կողմերը քննարկեցին Հարաւային Կովկասի իրավիճակը։ Անոնք բաղդատեցին իրենց տեսակէտները Անդրկովկասի իրադրութեան վերաբերեալ՝ ընդգծելով Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի կարեւորութիւնը։ Կողմերը համոզուած են, թէ այդ գործընթացին պիտի նպաստեն առաջին հերթին տարածաշրջանային ձեւաչափերը։
Քաղաքական խորհրդակցութիւններու ընթացքին կողմերը ներկայացուցին Հարաւային Կովկասի իրադրութեան վերաբերեալ իրենց տեսակէտները։ Աքչափարի եւ Կալուզինի գլխաւորութեամբ գնահատականներ տրուեցան նաեւ ռուս-թրքական համատեղ օրակարգի միւս հարցերուն շուրջ։
Այս քաղաքական խորհրդակցութիւնները նախորդեցին Պաքուի մէջ այս առաւօտ սկսած Թուրքիա-Ատրպէյճան-Վրաստան արտաքին գործոց նախարարներու եռակողմանի հանդիպման։ Այսպէս, Պաքուի մէջ, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով հիւրընկալեց արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանն ու Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Իլիա Տարչիաշվիլին։ Սա երեք երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու համատեղ 9-րդ ժողովն է։ Պաքուի բանակցութիւններուն յաջորդած համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ալ Տարչիաշվիլի յոյս յայտնեց, թէ Երեւան եւ Պաքու շուտով կը ստորագրեն խաղաղութեան պայմանագիրը։
Պաքուի այսօրուան եռակողմանի հանդիպման ընդառաջ, երէկ, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտնեց, որ ներկայիս Հայաստանի հետ խաղաղութիւնը մօտ է աւելի քան երբեք։ Անգլիոյ վարչապետ Ռիշի Սունաքն ալ միջազգային լրահոսին վրայ արձագանգ գտած նամակի մը մէջ յոյս յայտնած է, որ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագիրը կը ստորագրուի մինչեւ նոյեմբեր։ Յամենայնդէպս, այս առաւօտ երբ Պաքուի նախարարներու եռակողմանի հանդիպումը կ՚ընթանար, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն ալ Երեւանի մէջ մասնակցեցաւ Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նիստին։ Նախարարը երեսփոխաններու հետ զրուցելու ժամանակ յայտնեց, որ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագրի նախագծի շուրջ սկզբունքային հարցերուն մէջ շատ շօշափելի արդիւնքներ չկան։ Իր խօսքով՝ Երեւան ակնյայտօրէն կ՚ուզէ մաս կազմել միջազգային տարանցման։ Միրզոյեանի կողմէ հրապարակուած այս մանրամասնութիւնները արդէն կու գան հաստատել, թէ Երեւան-Պաքու հաշտութեան որոնումները տակաւին կը շարունակեն մնալ բարդ հունի մը մէջ։
Խորհրդարանականներու հետ զրուցելու ընթացքին Միրզոյեան անդրադարձաւ նաեւ Ֆիտանի հետ ունեցած վերջին հանդիպման՝ Անթալիայի 3-րդ Դիւանագիտական ֆորումի օրերուն։ Իր խօսքով՝ նախարարները վերահաստատած են Թուրքիա-Հայաստան ցամաքային սահմանը մասնակի բանալու պայմանաւորուածութիւնը։ Անիի պատմական կամուրջի վերանորոգութեան ծրագրին համար ալ սկսած է կողմերու միջեւ առաջարկներու փոխանակումը։
Տարածաշրջանի երկիրներուն միջեւ ալ ամենաբարձր մակարդակի վրայ շփումները կը շարունակուին։ Իլհամ Ալիեւ այս շաբաթավերջին կը հիւրընկալէ Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Քոպախիծէն, որ յառաջիկայ շաբաթ ալ պիտի այցելէ Հայաստան։