ՓՈՔՐԻԿ ԸՆԹԵՐՑՈՂՆԵՐ ԱՇԽԱՐՀԻ ՇՈՒՐՋ
Ելեկտրոնային գործիքներու պաստառներու դարաշրջանին նոր սերունդի մօտ ընթերցանութեան հանդէպ սէրը կ՚անհետանայ։ Լեհաստանէն լուսանկարիչ Իվոնա Փոտլասինսքա աշխարհը կը շրջի եւ կը յաւերժացնէ այն հմայքի պահերը, երբ երեխաները կը սուզուին գիրքերու էջերուն մէջ։ Լուսանկարչի խօսքով՝ այդ լուսանկարները իրեն կը յիշեցնեն մանկական պատմութիւնները, որոնք ձեւաւորած են իր երեւակայութիւնը։
Ներկայ դարաշրջանի պայմաններուն ներքեւ կարեւոր է գիտակցիլ ընթերցանութեան կարեւորութեան՝ երիտասարդներու միտքը ձեւաւորելու եւ ուսման նկատմամբ սէրը խթանելու գործին մէջ։ Այս լուսանկարները կը վկայեն գրականութեան ուժի եւ ազդեցութեան մասին։ Այստեղ կարելի է յիշել նաեւ ամերիկացի գրող տքթ. Սէուսի խօսքերը. «Որքան շատ կարդաք, այնքան շատ բան կը սորվիք։ Որքան շատ սորվիք, այնքան շատ վայրեր կ՚այցելէք»։
Ներկայ ժամանակներուն անկարելի է անտեսել երիտասարդութեան մօտ ընթերցանութեան սովորութիւններու մտահոգիչ նուազման համեմատութիւնը։ Որպէս լուսանկարիչ ու մանկավարժ՝ Փոտլասինսքա կը յայտնէ, թէ ականատես եղած է երեխաներու կեանքի վրայ պատմուածքներու, վէպերու եւ ընդհանրապէս գիրքերու ազդեցութեան։
Ընթերցանութիւնը պարզապէս ժամանց մը չէ, այլ կեանքի բոլոր ոլորտներէն ներս յաջողութեան հիմքը կը դնէ։ Գիրքերու օգուտները անչափելի են՝ գիտութեան մակարդակի բարելաւումէն մինչեւ քննադատական մտածողութեան հմտութիւններու զարգացումը…