ՀԵՂԻՆԱԿԱՒՈՐ ԳՐԱԿԱՆԱԳԷՏ ԵՒ ԱՐՈՒԵՍՏԱԲԱՆ ԵՐՈՒԱՆԴ ՏԷՐ-ԽԱՉԱՏՐԵԱՆԻ 75-ԱՄԵԱԿԸ
Այսօր հեղինակաւոր գրականագէտ ու յայտնի արուեստաբան Երուանդ Տէր-Խաչատրեան կը դառնայ 75 տարեկան։ Երեւանի մէջ, Հայաստանի Ազգային գրադարանէն ներս նախատեսուած է յոբելենական յատուկ հանդիսութիւն մը, որ կը համախմբէ մշակութային շրջանակները, գեղարուեստասէրները եւ բոլոր անոնք, որոնք Երուանդ Տէր-Խաչատրեանի բազմամեայ ու բազմակողմանի գործունէութիւնը բարձր կը գնահատեն։
«Ազգային գրադարանային շաբաթ» ծրագրի շրջանակներէն ներս նախատեսուած է Երուանդ Տէր-Խաչատրեանի 75-ամեակի յոբելենական ձեռնարկը։ Հայաստանի Ազգային գրադարանը կազմակերպած է իր հեղինակած կամ աշխատասիրած գիրքերու ցուցադրութիւն մը, ինչպէս նաեւ անոր նուիրուած նոր գիրքի ներկայացումը։ Թամանեանական փոքր ցուցասրահին մէջ բացուած է այս ցուցադրութիւնը, որ ի թիւս այլ հրատարակութիւններու կ՚ընդգրկէ արուեստաբանի կազմած, խմբագրած, ծանօթագրած աւելի քան ութ տասնեակ գիրքեր եւ պատկերագիրքեր։ Երուանդ Տէր-Խաչատրեանի ստեղծագործական ուղին կը ներկայացնէ գրող, գրականագէտ ու թարգմանիչ Ֆելիքս Բախչինեանը։
Երուանդ Տէր-Խաչատրեան Երեւանի Պետական համալսարանի բանասիրական ֆաքիւլթէէն ներս մասնագիտացած է գրականութեան վրայ՝ մանաւանդ ժամանակակից հայ գրականութեան ուղղութեամբ։ Պարոյր Սեւակի քնարերգութեան մասին պատրաստած է թեզ մը։ Բանասիրական գիտութիւններու տոքթորի աստիճան ունի։
Երուանդ Տէր-Խաչատրեան աշխատած է Մարտիրոս Սարեանի թանգարանին, Հայաստանի Պետական պատկերասրահին մէջ։ 1979-2009 թուականներուն ռուսական գրականութեան պատմութիւն դասաւանդած է Երեւանի Պետական համալսարանէն ներս։
Առաւել հանգամանալից զբաղած է Պարոյր Սեւակի, Կոստան Զարեանի, Հրանդ Նազարեանցի, Կարպիս Սուրէնեանի, Ալպերթ Կոստանեանի, Աբրահամ Ալիքեանի եւ այլ հեղինակներու գրական ժառանգութեան ուսումնասիրութեամբ։ Ան կազմած, խմբագրած եւ հրատարակած է տասնեակ գիրքեր եւ ժողովածոներ։ Մամուլին մէջ ալ հրատարակուած են իր բազմաթիւ յօդուածները եւ ուսումնասիրութիւնները՝ նուիրուած հայ գրականութեան, արուեստի եւ մշակոյթի զանազան հարցերուն։
Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Երուանդ Տէր-Խաչատրեանը, որուն կը մաղթենք արեւշատ տարիներ։