ԻՆՔՆԱՔՆՆԱԴԱՏՈՒԹԵԱՆ ՊՐԻՍՄԱԿ

«Պիլ­կի» հա­մալ­սա­րա­նին մէջ ե­րէկ կա­յա­ցաւ «100-ա­մեա­կին խօ­սիլ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին» խո­րագ­րեալ գի­տա­ժո­ղո­վը։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Ապ­րիլ 24-ի նա­խօ­րէին «Պիլ­կի» հա­մալ­սա­րա­նի եր­դի­քին տակ պի­տի գու­մա­րուէր այս գի­տա­ժո­ղո­վը, սա­կայն հա­մալ­սա­րա­նի հո­գա­բար­ձու­թիւ­նը ինչ-ինչ պատ­ճառ­նե­րով յար­մար չտե­սաւ նման հա­ւա­քի մը անց­կա­ցու­մը եւ գի­տա­ժո­ղո­վը տե­ղա­փո­խուե­ցաւ «Պո­ղա­զի­չի» հա­մալ­սա­րան։ Այդ օ­րե­րուն, «Պիլ­կի» հա­մալ­սա­րա­նի ա­կա­դե­մա­կան­նե­րը ստո­րագ­րե­ցին յայ­տա­րա­րու­թիւն մը՝ խիստ կեր­պով մը քննա­դա­տե­լով հո­գա­բար­ձու­թեան դիր­քո­րո­շու­մը եւ նման ար­գելք մը հա­կա­սա­կան ո­րա­կե­ցին ա­կա­դե­մա­կան ա­զա­տու­թիւն­նե­րուն հետ։ Ա­հա ե­րէ­կի գի­տա­ժո­ղո­վը կազ­մա­կեր­պուած էր ցոյց տա­լու եւ ը­սե­լու հա­մար, թէ գի­տա­կան ձեռ­նարկ­նե­րը կա­րե­լի չէ ար­գի­լել քա­ղա­քա­կան ո­րո­շում­նե­րով, ան­կախ քննար­կե­լի նիւ­թէն։

Գի­տա­ժո­ղո­վին եր­կու նիս­տերն ալ վա­րեց Մու­րատ Փե­քէր, որ ներ­կա­յա­ցուց նաեւ ա­ռա­ջին զե­կոյ­ցը՝ «1915-ի Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան հետ ա­ռե­րե­սուի­լը ին­չո՞ւ դժուար, սա­կայն կա­րե­ւոր է» խո­րագ­րով։ Ան յայտ­նեց, թէ մին­չեւ 1990-ա­կան­նե­րու ա­ւար­տը նիւ­թը լը-ռու­թեան մատ­նուած է կամ ներ­կա­յա­ցուած մեծ խե­ղա­թիւ­րում­նե­րով։ 90-ա­կան­նե­րու ա­ւար­տին լռու­թեան պա­տը ար­դէն վե­րա­ծուած էր ա­ւե­րա­կի։ Ան նշեց, թէ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն երբ ը­սուի՝ միտք կու գայ Ո­ջա­կի­զու­մը եւ մար­դիկ կ՚ը­սեն, թէ ի­րենք կա­րե­լի չէ, որ նա­ցի­նե­րու աս­տի­ճան վատ ըլ­լան։ Փե­քէր յայտ­նեց, թէ ցե­ղաս­պա­նու­թեան ըն­դու­նու­մը ոճ­րա­գոր­ծի չի վե­րա­ծեր թուր­քերն ու մահ­մե­տա­կան­նե­րը, սա­կայն զայն ու­րա­նա­լը յան­ցա­կից կը դարձ­նէ այժ­մու սե­րունդ­նե­րը։ «Պէտք է պատ­մենք հա­սա­րա­կու­թեան, թէ ինք ոճ­րա­գործ չէ, սա­կայն յան­ցա­կից է», ը­սաւ բա­նա­խօ­սը։

Ա­պա ար­տա­յայ­տուե­ցան Օժ․ Տոց․ Տքթ․ Պեր­թան Թո­քուզ­լու («Եւ­րո­պա­յի մարդ­կա­յին ի­րա­ւանց ա­տեա­նի ո­րո­շում­նե­րուն ներ­քոյ ան­ցեա­լի հետ ա­ռե­րես­ման խնդի­րը») եւ Փրոֆ․ Թուր­կուտ Թար­հան­լը («Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ի­րա­ւա­գի­տու­թեան ու ար­դա­րա­դա­տու­թեան մի­ջեւ․ Շի­նիչ ար­դա­րա­դա­տու­թեան մը մօ­տե­ցու­մը»)։ Ա­պա խօս­քը տրուե­ցաւ Տքթ․ Յով­հան­նէս Քը­լըչ­տա­ղըին, ո­րու նիւթն էր «Խօ­սիլ Հայ­կա­կան ցե­ղաս­պա­նու­թեան շուրջ՝ տե­ղա­կա­նէն դէ­պի ընդ­հա­նու­րը»։ Ան նախ հարց ուղ­ղեց․ ո՞ւր պէտք է սե­ւե­ռինք, երբ կը պատ­մենք ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին։ Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ար­դեօք սկիզբ ու­նի՞։ Ա­պա Քը­լըչ­տա­ղը նշեց, թէ կա­րե­ւոր է  կեդ­րո­նա­նալ ան­հա­տա­կան պատ­մու­թիւն­նե­րու վրայ, ո­րոնք ճամ­բայ մը ցոյց կու տան մե­զի։ Բա­նա­խօ­սը ա­ռանձ­նա­ցուց դրա­ցի­նե­րուն դե­րը, յայտ­նե­լով, թէ ոճ­րա­գոր­ծնե­րը եր­բեմն ե­ղած են ա­նոնք։ «Մե­ղա­ւոր­նե­րը շատ ան­գամ հե­ռու­նե­րէն չեն գար»։ Ըստ ի­րեն սա­կայն, տե­ղա­կան պա­տում­նե­րու վրայ կեդ­րո­նա­նա­լով՝ կա­րե­լի է փախց­նել կեդ­րո­նա­կան դի­տան­կիւ­նը։

Քը­լըչ­տա­ղըէն ետք խօ­սե­ցաւ Օժ. Տոց․ Տքթ․ Էօ­մէր Թու­րան՝ նիւթ ու­նե­նա­լով «Զան­ցել՝ Հայ­կա­կան հար­ցի” դի­տան­կիւ­նը»։ Ան ը­սաւ, թէ ե­թէ ի­րո­ղու­թիւն մը որ­պէս հարց կը բնո­րո­շուի, ու­րեմն հոն կայ իշ­խա­նու­թեան, իշ­խե­լու հարց մը, յա­րա­բե­րու­թիւն մը։ Թուր­քիոյ մէջ «հայ­կա­կան հար­ցի» ըն­կա­լում մը ձե­ւա­ւո­րուած է 50-ա­կան­նե­րէն աս­դին, «իշ­խա­նա­կան» պատ­մագ­րու­թեան կող­մէ, մինչ­դեռ նման եզր մը ան­ցեա­լին ա­ւե­լի յա­ճախ կը գոր­ծա­ծէին հա­յե­րը եւ ոչ թէ երկ­րի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը։ Ան ա­պա խօ­սե­ցաւ Պի­լալ Շիմ­շի­րի գիր­քին մա­սին, որ հա­յու ինք­նու­թիւ­նը կը հա­ւա­սա­րեց­նէ վայ­րա­գու­թեան, վա­տու­թեան հետ։ Այս մօ­տե­ցումն է, որ որ­դեգ­րուած է մամ­լոյ մի­ջոց­նե­րուն կող­մէ եւ ու­րա­ցու­մը կը շա­րու­նա­կուի այս ուժգ­նու­թեամբ։ Թու­րան ա­պա խօ­սե­ցաւ Թա­լէաթ փա­շա­յի մօ­տե­ցու­մին մա­սին․ ան դէպ­քե­րէն ետք իր յու­շե­րը շա­րադ­րե­լու ժա­մա­նակ նշած էր, թէ քա­ղա­քա­ցիա­կան  պա­տե­րազմ մը կար հա­յե­րուն հետ եւ ա­հա­ւա­սիկ այս մօ­տե­ցումն ալ պաշ­տօ­նա­կա­նա­ցած է հե­տա­գա­յին։ «2015-ին եւս կը շա­րու­նա­կուի նոյն մօ­տե­ցու­մը եւ դժբախ­տա­բար նշոյլ ան­գամ չկայ, որ պի­տի փո­խուի պաշ­տօ­նա­կան այս մօ­տե­ցու­մը», նշեց մաս­նա­գէ­տը՝ բե­րե­լով խօ­սուն օ­րի­նակ­ներ։ Ան ը­սաւ, թէ 100-ա­մեա­կը լա­ւա­տե­սու­թիւն մը կը ստեղ­ծէ այն ա­ռու­մով, որ ճա­քեր յա­ռաջ ե­կած է եւ մար­դիկ սկսած են ա­ւե­լի շատ խօ­սիլ այս նիւ­թին մա­սին եւ անդ­րա­դառ­նալ, թէ ներ­քին թշնա­միի մը դէմ չէր կռի­ւը, այլ կա­յին որ­սա­նոց­ներ, ե­կե­ղե­ցի­ներ, դպրոց­ներ, մշա­կու­թա­յին օ­ճախ­ներ, ո­րոնք կոր­ծա­նած են։

Ա․ բաժ­նի վար­ջին բա­նա­խօսն էր Փրոֆ․ Տքթ․ Մու­րատ Պել­կէ՝ «Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ու­րա­ցու­մը հայ­րե­նա­սի­րու­թեան մէկ պա­հա՞նջքն է» նիւ­թով։ Պել­կէ նախ ը­սաւ, թէ 1915-ին վե­րա­բե­րեալ ո­րե­ւէ պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն չի զգար, քա­նի որ թուր­քե­րու կող­մէ­ կա­տա­րուած ոչ մէկ բա­նի մա­սին պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն կը զգայ։ «Բայց քա­ղա­քա­ցին եմ հա­սա­րա­կու­թեան մը, որ կ՚ու­րա­նայ կա­տա­րուա­ծը», ը­սաւ ան՝ քննե­լով նման ու­րա­ցու­մի մը պատ­ճառ­նե­րը։ Ան նշեց, թէ կա­տա­րուա­ծը կ՚ո­րա­կէ որ­պէս ցե­ղաս­պա­նու­թիւն եւ իր պարտքն է ճշմար­տու­թիւ­նը տա­րա­ծել։ Քաղ­քե­նի նոր հա­սա­րա­կու­թեան ստեղ­ծու­մը հա­յոց ու­նե­ցուած­քի բռնագ­րա­ւու­մով կա­տա­րուած է, հե­տե­ւա­բար ու­րա­ցու­մը կը յե­նու այս ի­րո­ղու­թեան վրայ, քա­նի որ բազ­մա­թիւ մար­դիկ օգ­տուած են։ Պա­հան­ջուա­ծը այ­լընտ­րա­յին հայ­րե­նա­սի­րու­թիւն մըն է․ ու­րա­ցու­մը կը վնա­սէ երկ­րին եւ ոչ թէ բա­րիք կը պար­գե­ւէ ա­նոր։ «Աշ­խար­հը խա­բել կար­ծե­լով մենք մեզ կը խայ­տա­ռկենք», ըսաւ Պելկէ։

Երկ­րորդ նիս­տին ա­ռա­ջին բա­նա­խօսն էր Տոց․ Պիւ­լենտ Պիլ­մէզ։ «Ա­կա­դե­միոյ դե­րը ու­րա­ցու­մին վե­րար­տադ­րու­թեան մէջ» նիւ­թով իր զե­կոյ­ցին մէջ ան նշեց, թէ Հայ­կա­կան ցե­ղաս­պա­նու­թեան նիւ­թը ե­ղած է դի­ւա­նա­գէտ­նե­րուն սե­փա­կա­նու­թիւ­նը, նախքան մաս­նա­գէտ­նե­րու­նը ըլ­լա­լը։ Ու­րա­ցու­մը նախ ե­ղած է ար­տա­քին հաս­ցէա­տի­րոջ ուղ­ղեալ, քա­նի որ1924-էն ետք ստեղ­ծուած հա­սա­րա­կու­թիւ­նը բան­տի մը մէջ փա­կուած էր եւ ներ­քին ճա­կա­տին վրայ ո­րե­ւէ հա­կա­ռա­կու­թիւն մը կա­րե­լի չէր պատ­կե­րաց­նել։ 1980-ա­կան­նե­րուն մաս­նա­գէտ­նե­րը դաշտ կ՚իջ­նեն եւ ա­նոնք ի­րենց ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րը կ՚ուղ­ղեն ա­ւե­լի շատ ներ­քին լսա­րա­նին։ Պիլ­մէզ ը­սաւ, թէ 1915-ի մա­սին խօ­սե­լու ժա­մա­նակ նախ պէտք է զբա­ղիլ ինք­նաքն­նա­դա­տու­թեամբ, որ­պէս ան­հատ եւ որ­պէս կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ, ո­րոնք մաս դար­ձած են ու­րա­ցու­մին։ Ան յայտ­նեց, թէ ե­թէ այ­սօր կա­րե­լի է խօ­սիլ Հայ­կա­կան ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին, ա­պա այդ պա­րա­գան կը պար­տինք ոչ թէ մաս­նա­գի­տա­կան շրջա­նակ­նե­րուն, այլ քա­ղա­քա­ցիա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն եւ յատ­կա­պէս քրդա­կան քա­ղա­քա­կան շարժ­ման։ Պիլ­մէզ ը­սաւ, թէ վերջ­նա­կան նպա­տա­կը պէտք է ըլ­լայ ա­ռե­րե­սու­մը եւ ար­դա­րա­դա­տու­թեան հաս­տա­տու­մը։

Պիլ­մէզէն ետք խօ­սե­ցան Օժ․ Տոց․ Տքթ․ Պա­շաք Թուղ («Ֆե­մի­նիս­թական պատ­մու­թիւն, հա­յեր եւ ա­ռե­րե­սում»), Տոց․ Փը­նար Ու­յար («Պատ­մու­թիւն, ինք­նու­թիւն, էմփա­թի եւ բա­րո­յա­կան») եւ Ը­թըր Էր­հարթ («Ա­տե­լու­թիւ­նը մա­մու­լին մէջ»)։ Ա­պա խօսք ա­ռաւ Փրոֆ․ Այ­հան Աք­թար, «1915-ին տե­ղա­հա­նու­թեան ընդ­դի­մա­ցող պաշ­տօ­նա­տար­նե­րը» նիւ­թով։ ան ներ­կա­յա­ցուց Լի­ճէի քայ­մա­քամ Հիւ­սէ­յին Նե­սի­մի պէ­յի եւ Քիւ­թա­հիոյ կա­ռա­վա­րիչ Ֆաիք Ա­լի (Օ­զան­սօյ) պէ­յի խիստ հե­տաքրք­րա­շարժ պատ­մու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք ընդ­դի­մա­ցած էին իթ­թի­հա­տա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ ար­ձա­կուած հա­յե­րու տե­ղա­հա­նու­թեան ո­րո­շում­նե­րուն։

Վեր­ջին բա­նա­խօսն էր Փրոֆ․ Ա­րուս Եու­մուլ։ «Գոր­ծա­ծա­կան ան­ցեա­լի մը ե­տե­ւէն» խո­րագ­րեալ իր ե­լոյ­թին մէջ ան խօ­սե­ցաւ ու­րա­ցու­մի տար­բեր աս­տի­ճան­նե­րուն մա­սին, ինչ­պէս օ­րի­նակ բուռն ու­րա­ցու­մը, մեկ­նա­բա­նա­կան ու­րա­ցու­մը, ո­րոնք բո­լորն ալ տար­բեր ձե­ւե­րով ի գործ կը դրուին պե­տա­կան պաշ­տօ­նեա­նե­րուն կող­մէ։ Էր­տո­ղա­նի եւ Տա­վու­թօղ­լուի կող­մէ ցու­ցա­բե­րուած ու­րա­ցու­մի տար­բեր մա­կար­դակ­նե­րուն օ­րի­նակ­նե­րով անդ­րա­դառ­նա­լէ ետք, բա­նա­խօ­սը ը­սաւ, թէ նման ե­րե­ւոյ­թը յա­տուկ չէ միայն Թուր­քիոյ, ան­ցեա­լին տես­նուած է նաեւ Գեր­մա­նիոյ մէջ։

Գի­տա­ժո­ղո­վի ա­ւար­տին ունկն­դիր­նե­րը հար­ցեր ուղ­ղե­ցին բա­նա­խօս­նե­րուն, ո­րոնք ալ ի­րենց պա­տաս­խան­նե­րով փոր­ձե­ցին լու­սա­բա­նել ներ­կա­նե­րը։ Նիս­տը վա­րող Մու­րատ Փա­քէր հուսկ յայ­տա­րա­րեց, թէ ի­րենք թէեւ իթ­թի­հա­տա­կան­ներն ու ան­ցեա­լի ոճ­րա­գործ­նե­րը ի­րենց նախ­նի­քը չեն հա­մա­րեր, սա­կայն քա­նի որ ան­դամ­ներն են այս հա­սա­րա­կու­թեան ու­րեմն պէտք է պայ­քա­րին կան­խե­լու հա­մար ու­րա­ցու­մը եւ նպաս­տե­լու հա­մար ան­ցեա­լի հետ ա­ռե­րե­սու­մի­ն։

Ուրբաթ, Մայիս 15, 2015