ԽԱՂԱՂ ԲԱՅՑ ՀՈՒԺԿՈՒ

Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքի բուռն իրադարձութիւնները կը շարունակեն առաջնահերթօրէն զբաղեցնել օրակարգը։ «Տաւուշը՝ յանուն հայրենիքի» ընդդիմադիր շարժումը միշտ ջանքեր կը գործադրէ՝ լայն զանգուածները շարժման անցընելու առաջադրութեամբ։ Տաւուշի թեմակալ առաջնորդ Տ. Բագրատ Արք. Գալստանեանի կողմէ գլխաւորուած այս ընդդիմադիր հոսանքը հետզհետէ աւելի կը բարձրաձայնէ իր մտադրութիւնը՝ ապահովելու համար վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը եւ Հայաստանի մէջ իշխանափոխութեան ապահովուիլը։

Երէկ, Տ. Բագրատ Արք. Գալստանեան օրուան տեւողութեան ունեցաւ զանազան շփումներ՝ մինչ Երեւանի մէջ քաղաքացիական անհնազանդութեան ցոյցերն ալ շարունակուեցան։ Իսկ օրուան աւարտին ան Երեւանի կեդրոնի Ս. Աննա եկեղեցւոյ բակին մէջ հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որու ընթացքին ըսաւ. «Այս պայքարը ո՛չ թէ նիւթական ակնկալութեան, այլ հայրենիք ու պատիւ ունենալու համար է»։ Նորին Սրբազնութիւնը տեղեկացուց, որ այսօր յետմիջօրէին հանրահաւաք մը տեղի կ՚ունենայ Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ։ Այդ հանրահաւաքին հետ գրեթէ նոյն ժամերուն, Ազատութեան հրապարակին յարած Օփերայի համալիրէն ներս նախատեսուած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ելոյթը՝ միջազգային հաւաքոյթի մը շարժառիթով։ Տ. Բագրատ Արք. Գալստանեան շեշտեց, որ իրենց պատգամը պիտի փոխանցեն խաղաղ, բայց հուժկու ձեւով։

Մինչ այդ, Տ. Բագրատ Արք. Գալստանեան երէկ խորհրդակցութիւն մը ունեցած է Հայաստանի կարգ մը նախկին վարչապետներուն հետ։ Ան ընդհանուր ընթացքը արժեւորած է Վազգէն Մանուկեանի, Խոսրով Յարութիւնեանի եւ Հրանդ Բագրատեանի հետ։

Միւս կողմէ, իշխանական ճամբարի ներկայացուցիչներն ալ իրենց վերաբերմունքը կ՚արտայայտեն «Տաւուշը՝ յանուն հայրենիքի» ընդդիմադիր շարժման եւ անոր առաջադրած պահանջներուն կապակցութեամբ։ Իշխանական ճամբարէն գործիչ մը երէկ ըսաւ. «Պատկերացուցէք՝ եթէ հրաշքով մը յաջողիք, ձեզ պիտի հարցնեն, թէ ո՞րն է ձեր դիրքորոշումը։ Ի՞նչ պիտի ըսէք… Հայ, Հայաստան, հայրենիք ու Աստուա՞ծ»։

Չորեքշաբթի, Մայիս 15, 2024