ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՐԴԱՐ ԵՒ ԻՐԱՏԵՍ ՄՕՏԵՑՈՒՄՆԵՐ Կ՚ԱԿՆԿԱԼԷ «G7»Ի ԵՐԿԻՐՆԵՐԷՆ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան Պրինտիզիի մէջ մասնակցեցաւ Մեծն եօթնեակի (G7) բարձր մակարդակի նիստին, որ կազմակերպուած էր Իտալիոյ հիւրընկալմամբ։ Միջազգային գրեթէ բոլոր յառաջատար դերակատարներու ղեկավարները նոյն հարթակին վրայ համախմբեց այս հաւաքը, որու մասնակիցներու շարքին էին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն, Եւրոմիութեան յառաջատար երկիրներու ղեկավարները, Ասիայէն կարեւոր խաղացողներու վարիչներ, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես, միջազգային այլ կառոյցներու ղեկավարներ եւ այլն։ Այս հաւաքին հրաւիրուած էր նաեւ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապը։

Պրինտիզիի մէջ Էրտողան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ զրոյցներ ունեցաւ գագաթաժողովի բազմաթիւ մասնակիցներուն հետ. օրինակ՝ Ճօ Պայտըն, Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն, Հնդկաստանի վարչապետ Նարենտրա Մոտի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահ Մուհամմէտ պին Զահիտ էլ Նահիան, Անթոնիօ Կութերես եւ այլք։ Դէպի Պրինտիզի ուղեւորութեան ընթացքին նախագահին ընկերացան արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան եւ այլ պատասխանատուներ։

Բարձր մակարդակով այս հաւաքին առթիւ Էրտողան շեշտեց, որ համաշխարհային խնդիրներու եւ տարածաշրջանային հակամարտութիւններու կարգաւորման ճանապարհին Թուրքիա Մեծն եօթնեակի երկիրներէն կ՚ակնկալէ աւելի արդար, ներառական եւ իրատես մօտեցումներ։

Շաբաթ, Յունիս 15, 2024