Ո՞Վ ՊԻՏԻ ԲՈՒԺԷ ՄԵԼԳՈՆԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՎԷՐՔԸ

Օ­րեր ա­ռաջ հա­մա­ցան­ցի վրայ շրջա­նա­ռու­թեան մէջ դրուե­ցաւ խումբ մը մել­գո­նեան­ցի­նե­րու խմբագ­րած բաց նա­մա­կը ուղ­ղուած Հայաստանի Նա­խա­գա­հ Սերժ Սարգսեանին: Անց­նող տա­րի­նե­րուն մէ­կէ ա­ւե­լի ա­ռիթ­նե­րով խօ­սո­ւած է նախ­կին մել­գո­նեան­ցի­նե­րու հա­մախմբ­ման մա­սին: Ա­նոնք ու­նին մէկ պա­հանջ, որն է ան­յա­պաղ վե­րա­բա­նալ Հայկական բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) հո­վա­նիին ներ­քեւ եր­կար տա­րի­ներ գոր­ծած Մել­գո­նեան կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւնը: Մել­գո­նեա­նի մա­սին շատ ա­ռիթ­նե­րով տար­բեր վար­կած­ներ յա­ռաջ քա­շուած են: Մե­ղադ­րանք­ներ, մար­մին­նե­րու մի­ջեւ սուր քննա­դա­տու­թիւն­ներ եւ ծանր պա­խա­րա­կում­ներ յատ­կա­պէս ՀԲԸՄ-ի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու հաս­ցէին: Թէ ո՞վ է մե­ղա­ւո­րը եւ ին­չո՞ւ փա­կուե­ցաւ Մել­գո­նեան կրթա­րա­նը մին­չեւ այս պա­հը կը մնայ ան­յայտ: Վար­ժա­րա­նի փա­կու­մէն ա­միս­ներ ետք միայն, տար­բեր ամ­պիոն­նե­րէ խօ­սուե­ցաւ դպրո­ցի շէն­քի վա­ճառ­քի հա­նուե­լուն մա­սին: Բայց այդ մա­սին ե­ղած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը մնա­ցին գիր՝ թուղ­թի վրայ: Գաղտ­նիք ալ չէ, որ այ­սօր Նի­կո­սիոյ բա­բա­խուն սրտին վրայ գտնուող կրթա­րա­նի պատ­մա­կերտ շէն­քը կը պահ­պա­նուի Յունական Կիպ­րո­սի իշխանութիւններուն ո­րո­շու­մով: Դժուար է նաեւ Մել­գո­նեա­նի այ­սօ­րուան վի­ճա­կին մա­սին յստակ տե­ղե­կու­թիւն­ներ ու­նե­նալ, տրուած ըլ­լա­լով, որ կիպ­րա­հայե­րը կը նա­խընտ­րեն լուռ մնալ, երբ դպրո­ցին մա­սին տար­բեր ա­ռիթ­նե­րով հարց կը բարձ­րա­ցուի: Կա­րե­լի է եր­կար գրել դպրո­ցին մա­սին: Սա­կայն այդ բլո­րը ոչ մէկ բան կը փո­խեն ընդ­հա­նուր ի­րա­վի­ճա­կէն: Ու­շադ­րու­թիւնս գրա­ւեց այն հան­գա­ման­քը, թէ մել­գո­նեան­ցի­նե­րը ի­րենց բո­լոր յոյ­սե­րը սպա­ռե­լէ ետք այս ան­գամ բաց գի­րով մը դի­մած են Սերժ Սարգ­սեա­նին: Ա­նոնց հա­մար Սփիւռ­քի մէջ կեդ­րո­նա­կան, ո­րո­շիչ, կամք ու­նե­ցող եւ ո­րո­շում պար­տադ­րող կա­ռոյց­նե­րը կար­ծէք չկան: Ճա­րա­հա­տեալ այս մար­դի­կը ի­րա­ւուն­քի տէր են: Ա­նոնք կը խօ­սին մեր ժո­ղո­վուր­դին հա­մար հիմ­նա­րար ար­ժէ­քի մը՝ հայ դպրո­ցի մա­սին: Դպրոց, որ կա­րո­ղու­թիւ­նը ու­նի սե­րունդ­ներ պատ­րաս­տե­լու: Դպրոց, որ ունի ո­գե­ղէն ամ­րոց ըլ­լա­լու բո­լոր նա­խադ­րեալ­նե­րը:

Ճշմար­տա­ցի է, որ Սփիւռ­քի տար­բեր ան­կիւն­նե­րուն այ­սօր հայ քա­ղա­քա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ լա­րուա­ծու­թիւն չկայ: Չկայ նոյ­նիսկ տա­րա­կար­ծու­թիւն եւ բո­լո­րը հասկ­ցած են, որ Սփիւռ­քի հա­յու­թիւ­նը կ­՚ապ­րի իր ծանր օ­րե­րը:

Մէկ կողմէ՝ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի պա­տե­րազմ­նե­րը, իսկ միւս կող­մէ՝ ա­մե­րի­կա-հայ գաղութ­նե­րուն ու­ծա­ցու­մը կը հարուա­ծեն Սփիւռ­քի ո­գին ա­մէնու­րեք:

Բա­ցի այդ, խնդրա­գիր-նա­մակ շա­րադ­րող­նե­րը կա­րե­ւոր հա­մա­րած են յի­շել Սու­րիոյ պա­տե­րազ­մին հե­տե­ւան­քով ան­տու­նի դար­ձած հայ պա­տա­նի­նե­րը, ո­րոնք այ­սօր կա­րիքն ու­նին ու ծա­րաւ են ուս­ման:

Գաղտ­նիք ալ չէ, որ այ­սօր ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը կը գտնուի դժուա­րին օ­րե­րու մէջ: Հոս է, որ Սփիւռ­քի տար­բեր հա­տուած­նե­րը ի­րենց ը­սե­լի­քը պէտք է ու­նե­նան:

Ա­նոնք պէտք է ո­րո­շեն, թէ այսօր ի՛նչ կ՚ուզէ Սփիւռ­քը:

2015-ի օ­րա­կար­գը եւ նա­հա­տակ­նե­րու յի­շա­տա­կը յար­գե­լու գոր­ծըն­թաց­նե­րը ա­նի­մաստ կը դառ­նան, ե­թէ օր մը Սփիւռ­քի մէջ գոյութիւն չունենան հա­յե­րէն խօ­սող եւ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի զարկ տուող սե­րունդ­նե­ր:

Այ­սօր այդ տագ­նա­պը կ­՚ապ­րին սու­րիա­հա­յե­րու մատ­ղաշ սե­րունդ­նե­րը, ո­րոնք պա­տե­րազ­մի պատ­ճա­ռով տե­ղա­փո­խուած են Հա­յաս­տան:

Ա­նոնք, ո­րոնք կո­չուած էին ա­րեւմտա­հա­յե­րէ­նը պահ­պա­նե­լու նոյն­պէս Հա­յաս­տա­նի մէջ, ա­մէն օր կը տար­րա­լու­ծուին ու բնա­կան ըն­թաց­քով մը կը մոռ­նան ա­րեւմ­տա­հա­յոց հիմ­նա­կան գան­ձը՝ լե­զուն:

Ի՞նչ ը­նել, ինչ­պէ՞ս շար­ժիլ եւ ի՞նչ մի­ջոց­նե­րով փրկել Մել­գո­նեա­նը:

Մե­ղադ­րանք­նե­րը ար­դէն տա­րի­նե­րէ ի վեր մեզ հաս­ցու­ցած են փակ պա­տե­րու դի­մաց:

Ո՞վ պի­տի լու­ծէ Մել­գո­նեա­նի հիմ­նախն­դի­րը:

Եւ ո՞վ պի­տի գի­տակ­ցի, թէ Սփիւռ­քի մէջ մենք այ­սօր կա­րիքն ու­նինք վար­ժա­րան­նե­րու:

Այս եր­գը մեր նա­հան­ջի վեր­ջին երգն է:

Մեզ չեն փրկեր մշա­կոյ­թի բո­լոր դե­ղա­տոմ­սե­րը, ո՛չ եր­գը, ո՛չ պա­րը, ո՛չ բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը, ո՛չ կ­տա­ւը եւ ոչ ալ հա­զա­րա­ւոր մար­դոց­ ներկայութեամբ կազմակերպուած քայ­լար­շաւ­ներն ու հան­դի­սու­թիւն­նե­րը:

Մենք կա­րիքն ու­նինք ազ­գա­յին բարձր ո­գե­ղէ­նով գոր­ծող եւ ազ­գի բո­լոր հա­տուած­նե­րուն հա­մար տուն եւ կա­մար ե­ղող դպրոց­նե­րու:

Այդ դպրոց­նե­րուն ա­ռա­ջի­նը գու­ցէ Մել­գո­նեան կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւնն է, ո­րուն դռնե­րը փակ են այ­սօր եւ որ կը սպա­սէ իր աշ­խար­հով մէկ սփռուած որ­դի­նե­րուն:

Կը մնայ հար­ցու­մը, ար­դեօք Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը պի­տի ան­սա՞ն այս կո­թո­ղա­կան դպրո­ցի բաց­ման ա­ղերս­նե­րուն:

Եւ ար­դեօք մեր սրտե­րուն մէջ վէրք դար­ձած Մել­գո­նեա­նի քայ­լեր­գը պի­տի լսուի՞ կղզիի սր­տէն:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Մել­գո­նեան վար­ժա­րա­նի նախ­կին ու­սու­ցիչ

 

Չորեքշաբթի, Յուլիս 15, 2015