ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՕԺԱՆԴԱԿԵԼ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻՆ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի յատկացումներու յանձնաժողովը որոշեց վերականգնել Լեռնային Ղարաբաղը ամերիկեան օժանդակութիւն ստացողներու շարքին։ Նոյն յանձնաժողովը որոշեց նաեւ աւելցնել Հայաստանին համար յատկացուող գումարը։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, մեկնաբաններ կը մատնանշեն, թէ Արցախի ի նպաստ ամերիկեան օժանդակութեան շարունակուելուն վերաբերեալ որոշումը կարեւոր քայլ մը կը համարուի ԱՄՆ-Արցախ յարաբերութիւններու ամրապնդման տեսանկիւնէն։ 1998 թուականէն ի վեր Լեռնային Ղարաբաղին յատկացուած ամերիկեան օգնութիւնը կարեւոր դեր կ՚ունենայ տեղւոյն բնակչութեան մարդասիրական խնդիրները լուծելու, կարիքները դիմագրաւելու տեսանկիւնէն։
ԱՄՆ-ի Ծերակոյտի յատկացումներու յանձնաժողովը առաջարկեց նաեւ տասը տոկոսով բարձրացնել Հայաստանի ի նպաստ ամերիկեան օժանդակութիւնը՝ այս վերջինը հասցնելով 20 միլիոն տոլարի։
Հայաստանի համար կատարուած ամերիկեան յատկացումներուն միջոցաւ տասնեակ հայ երիտասարդներ հնարաւորութիւն կը ստանան արտասահմանի մէջ իրենց ուսումը շարունակելու, հարիւրաւոր կանանց համար կ՚ապահովուի քաղցկեղի անվճար վաղ ախտորոշում եւ բուժում, Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կը վնասազերծուին հազարաւոր ականներ, կը փրկուին ու կը բարելաւուին բազմաթիւ մարդոց կեանքեր։
Միայն Արցախի մէջ ԱՄՆ-ի պիւտճէէն ստացուած միջոցներով եւ բարերարներու օգնութեամբ կարելի դարձած է վնասազերծել աւելի քան երկու հարիւր յիսուն ականապատուած դաշտ։ Հայաստանի մէջ տասնեակ գիւղեր ապահովուած են ոռոգման կամ խմելու ջուրով, լուսաւորուած են գաւառական շրջաններու քաղաքներ, գիւղերու փողոցներ եւ վարկ ստանալու հնարաւորութիւն տրուած է՝ մանր արտադրողներուն։
Միացեալ Նահանգներու օժանդակութիւնը միեւնոյն ժամանակ խորհրդանշական կարեւոր դեր կը կատարէ։ Վերոյիշեալները կարեւոր քայլեր են թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Արցախի հետ ամերիկեան կառավարութեան կապերը ամրապնդելու տեսակէտէ։
Ամերիկահայ համայնքը ներկայիս միեւնոյն ժամանակ կը փորձէ երաշխաւորել, որպէսզի Սուրիոյ փախստականներուն համար ԱՄՆ-ի կողմէ յատկացուող 195 միլիոն ամերիկեան տոլար արժողութեամբ օգնութեան մէկ մասը տրամադրուի Սուրիայէն Հայաստան եւ այլ երկիրներ տեղափոխուած հայոց համար։ Ամերիկահայ կազմակերպութիւններու աշխատանքները ընթացքի մէջ են, որպէսզի օժանդակութիւն ստանան այն բոլոր հայցերը, որոնք Սուրիայէն մեկնած են Հայաստան կամ այլ երկիրներ։