ՍՓԻՒՌՔԻ ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԴՊՐՈՑԻ 2015-Ի ԾՐԱԳՐԻ ԲԱՑՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ
«Սփիւռք ամառնային դպրոց-2015» ծրագրի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը վերջերս տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ, մասնակցութեամբ Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի։ Երեւանի Պետական համալսարանի մշակոյթի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսութիւնը, որ համախմբեց այս տարուան ծրագրին մասնակից 126 սփիւռքահայ կրթական մշակներ, որոնք Երեւան մեկնած են Ռուսաստանէն, Ուքրայնայէն, Վրաստանէն, Լիբանանէն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն, Ռումանիայէն, Իտալիայէն, Սպանիայէն եւ Չախիայէն։ Հայերէնի արագ ուսուցման դասընթացքներուն մասնակից կրթական մշակներուն խօսք ուղղեց Հրանոյշ Յակոբեան, որ առաջին հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց Երեւանի Պետական համալսարանի ղեկավարութեան՝ այս ծրագիրը համատեղ իրականացնելու համար։ Հրանոյշ Յակոբեան ուշադրութիւն հրաւիրեց այն հանգամանքին վրայ, թէ արդէն չորս տարիէ ի վեր հետեւողականօրէն կեանքի կը կոչուի ամառնային դպրոցի այս ծրագիրը։ Սփիւռքի պահանջով ստեղծուած է այս դասընթացքը՝ սփիւռքահայոց ազգային ինքնութեան, հայերէնի կորուստի յարաճուն ընթացքը կասեցնելու համազգային խնդրի լուծման աջակցելու, համայնքներու մօտ հայապահպանութեան նպաստելու պահանջով։ Ըստ Յակոբեանի, վաղուց հասունցած էր Սփիւռքի ուսուցիչներու, միւս ոլորտներու մասնագէտներու վերապատրաստման բոլոր դասընթացքները մէկ կեդրոնէ ներս համատեղելու հարցը։ Սփիւռքի մէջ ամէն տարի կ՚աւելնայ թիւը այն կրթական մշակներուն, որոնք կը փափաքին մասնակցիլ բոլոր ուղղութիւններով դասընթացքներու։ Դպրոցը կը դառնայ Սփիւռքի կողմէ թերեւս ամենայաջող ծրագրերէն մէկը եւ Հրանոյշ Յակոբեանի խօսքերով՝ արդէն կայացած կառոյց մըն է։
Հրանոյշ Յակոբեան ընդգծեց, որ Սփիւռքի նախարարութեան գործունէութեան գերակայ խնդիրներէն մին է հայոց լեզուի տարածումը եւ հայ երիտասարդութեան մօտ հայերէնի իմացութեան մակարդակի բարձրացումը։ Այս ծիրէն ներս կ՚օգտագործուին նաեւ նորարարական դրութիւնները։ Նախարարը արտայայտեց նաեւ այն համոզումը, թէ ծրագրի մասնակիցները իրենց գիտելիքներն ու փորձառութիւնը պիտի ծառայեցնեն Սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան, Հայաստան-Սփիւռք կապերու մերձեցման եւ իրենց մտաւոր կարողութիւնները պիտի ներդնեն Հայաստանի շէնացման ու հզօրացման ուղղութեամբ։
Աւելի վերջ ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Երեւանի Պետական համալսարանի վերատեսուչ Արամ Սիմոնեան։ Համալսարանի մշակոյթի կեդրոնի սաներն ալ երաժշտական կատարումներով ողջունեցին կրթական մշակները, որոնք վեց ուղղութիւններով կ՚իրականացնեն այս տարուան աշխատանքը։
Միւս կողմէ, Սփիւռքի նախարարութիւնը կանոնաւոր հունի մը մէջ յառաջ կը տանի նաեւ «Արի տուն» ծրագիրը, որու չորրորդ փուլի խումբին դիմաւորման արարողութիւնն ալ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։