«ԱՐՑԱԽԻ ԿԱՐԳԱՎԻՃԱԿԻ ՀԱՐՑԻՆ ՄԷՋ ՆՇԱՁՈՂ ԻՋԵՑՆԵԼՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՀԱՆՋ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆ ՉՈՒՆԻ»
Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ) Հայաստանի գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան վերջին օրերուն Երեւանի մէջ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը։ Հայաստանի խորհրդարանական ընդդիմութեան կողմէ սկիզբ տրուած «Դիմադրութիւն» շարժման առաջնորդներէն է Իշխան Սաղաթէլեան, որ վերջերս Եւրոխորհրդարանէ ներս մասնակցած էր ժողովներու։ Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ան ամփոփեց իր այցելութեան արդիւնքները։
Ըստ Իշխան Սաղաթէլեանի, Եւրոխորհրդարանէ ներս բոլոր հանդիպումներու ընթացքին գլխաւոր օրակարգը եղած է Արցախը, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման ուղղեալ բանակցութիւններու գործընթացը, Հայաստանի անվտանգութիւնը։ Անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձած է Ատրպէյճանի կողմէ հայ ռազմագերիներու վերադարձի հարցը։ Քննարկուած են նաեւ Հայաստանի ներքին քաղաքական իրավիճակին վերաբերեալ հարցեր։ Իշխան Սաղաթէլեան դիտարկած է, որ միջազգային կառոյցներէն՝ մասնաւորապէս Եւրոխորհրդարանէն ներս Հայաստանի եւ Արցախի շահերը պատշաճօրէն չեն ներկայացուած։ Իր խօսքով՝ Հայաստանի իշխանութիւնները կը վարեն պարտուողական քաղաքականութիւն, իսկ Ատրպէյճան հետաքրքրական դարձած է Եւրոպայի երկիրներուն համար՝ հաշուի առնելով աշխարհի առկայ ուժանիւթի տագնապը։ «Բռնապետական Ատրպէյճանը այսօր աւելի հետաքրքրական է Եւրոպայի գործընկերներուն համար՝ քան ժողովրդավարական հռչակուած Հայաստանը», ըսաւ Սաղաթէլեան։
Ակնարկելով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի վերջերս կատարած յայտարարութիւններուն՝ Դաշնակցական գործիչը պնդեց, որ Արցախի կարգավիճակի հարցին մէջ նշաձող իջեցնելու ուղղեալ միջազգային պահանջ մը գոյութիւն չունի։