Կիրակի 11, Մայիս 2025
ՄՀԵՐ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ ԵՒ ԹՈՅՎՕ ՔԼԱԱՐ ԱՐԺԵՒՈՐԵՑԻՆ ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԻ ՎԻՃԱԿԸ
Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան երէկ տեսակցեցաւ Հարաւային Կովկասի գծով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարի հետ, որ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Եւրոմիութեան Երեւանի առաքելութեան ղեկավարը՝ դեսպան Անտրէա Վիքթորին։
Ըստ պաշտօնական աղբիւրներու, Մհեր Գրիգորեան եւ Թոյվօ Քլաար քննարկեցին տարածաշրջանային իրադարձութիւնները եւ կարծիքներ փոխանակեցին արդի մարտահրաւէրներուն ու անոնց հակազդման հնարաւորութիւններուն շուրջ։
Ուրբաթ, Յուլիս 15, 2022