ՄՈՍԿՈՒԱ ՄԻՇՏ ԿԸ ԽՐԱԽՈՒՍԷ ԱՆԳԱՐԱ-ԵՐԵՒԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄԸ

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ իր երկիրը անփոփոխ ձեւով կ՚աջակցի Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին։ Ան յիշեցուց, որ համապատասխան բանակցութիւնները անցեալ յունուարի 24-ին սկսած էին Մոսկուայի մէջ, ռուսական կողմի միջնորդութեամբ։

«Մենք պատրաստ ենք ապագային եւս ամէն ձեւով աջակցիլ հայ-թրքական երկխօսութեան՝ նկատի ունենալով, որ սա կը բխի տարածաշրջանի կայունութեան եւ տնտեսական բարգաւաճման շահերէն», ըսաւ բանբեր Զախարովա եւ յիշեցուց, որ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղեալ Մոսկուայի ջանքերը երկար տարիներու պատմութիւն ունին։

Ուրբաթ, Յուլիս 15, 2022