ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԿԱԶՄԱՒՈՐՈՒՄ

Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան, որ իր բարձրագոյն ուսումը կը շարունակէ արտասահմանի մէջ, վերջին օրերուն կը գտնուէր քաղաքիս մէջ։ Ան Իսթանպուլի մէջ թէ՛ մասնակցեցաւ իր եղբօր հարսանիքին եւ թէ պրպտումներ ըրաւ իր գիտական աշխատութիւններուն համար։ Շուրջ տասնօրեայ իր կեցութիւնը կարճ կը համարուէր՝ քանի երկար ատենէ ի վեր չէր այցելած քաղաքս։ Իր ներկայութիւնը ուրախութիւն պատճառեց նաեւ պոլսահայ հաւատացեալ շրջանակներուն։

Վերջին օրերուն Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանն ալ ընդունեց Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեանը, որ Գումգաբու փութացած էր ստանալու համար իր օրհնութիւնը։ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի կարգադրութեամբ ան համալսարանական ուսման առընթեր հովուական ծառայութիւն կ՚իրականացնէ Պելժիոյ Լիէժ քաղաքին մէջ։ Զրոյցի ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ունկնդրեց հայր սուրբին կողմէ ներկայացուած բացատրութիւնները, ըրաւ շինիչ թելադրութիւններ, յաջողութիւն մաղթեց աշխատանքներուն համար եւ տուաւ իր օրհնութիւնները։

Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեանի կեցութեան օրերուն առիթն ունեցանք զրուցելու իրեն հետ։ 2020 թուականի սեպտեմբերէն ի վեր ան կը յաճախէ Լիւվէնի Կաթոլիկ համալսարանը, Պելժիա։ Աստուածաբանութեան վրայ կեդրոնանալու համար Եւրոպայի հիմնական օրրաններէն մին է այս համալսարանը։ 1992 թուականին ծնած եւ 2015 թուականին ձեռնադրուած երիտասարդ միաբանի կազմաւորման ճանապարհին այնտեղ ուսանելու եւ հեղինակաւոր գիտնականներու հետ աշխատելու հնարաւորութիւնը չափազանց նշանակութիւն ունի։

Լիւվէնի համալսարանէն ներս Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեանի առաջին տարուան աշխատանքը, ըստ էութեան, պաքալորէայի մը բնոյթը ունեցած է։ Առաջին տարին ան թեզ մը պատրաստած է Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան յարաբերութիւններուն շուրջ՝ 1927-1944 թուականներու կտրուածքով։ Սա երջանկայիշատակ պատրիարք Տ. Մեսրոպ Արք. Նարոյեանի գահակալութեան ժամանակաշրջանին կը համընկնի։ Հայր սուրբի աշխատանքները վերահսկած է յայտնի գիտնական մը՝ Հերման Թէօլէ, որ թէ՛ պատմաբան եւ թէ աստուածաբան է՝ մասնաւորապէս Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներուն վրայ աշխատած է եւ անցեալին Իսթանպուլ այցելելով հիւրընկալուած է նաեւ Պատրիարքարանի մէջ։

Առաջին տարին բարեյաջող աւարտելէ վերջ, պելժիացի Հերման Թէօլէի առընթեր հայր սուրբը ունեցած է նաեւ երկրորդ թեզի խորհրդական մը՝ նոյնպէս պելժիացի Փիէռ ֆան Հեքեր, որ նոյնպէս հեղինակաւոր մասնագէտ մըն է եւ, միեւնոյն ժամանակ, Լիւվէնի Կաթոլիկ համալսարանի Աստուածաբանութեան ամպիոնի փոխ-տեսուչը։ Հայր սուրբի երկրորդ տարուան թեզը կը վերաբերի նոյն առանցքին՝ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան յարաբերութիւններուն՝ այս անգամ 1923-1950 թուականներու կտրուածքով։ Այս պարագային ան ուշադրութիւն կը կեդրոնացնէ, որ աշխարհավար պետական համակարգի օրէնսդրութիւնը ինչպիսի ազդեցութիւն գործած է Պատրիարքական Աթոռի եւ թրքահայ համայնքին վրայ։ Սա, հասկնալիօրէն, առաջինին համեմատ աւելի ծաւալուն աշխատութիւն մըն է։ Ուստի, հայր սուրբը թեզի առաջին գլուխը պէտք է հասցնէ յաջորդ ամսուայ սկիզբին, իսկ երկրորդ գլուխը՝ մինչեւ յաջորդ տարեվերջ։ Հայր սուրբը, որ ցարդ բոլոր քննութիւններէն յաջողութեամբ անցած է, իր թեզի ուսումնասիրութիւններուն համար կ՚օգտուի նաեւ Պատրիարքարանի գրադարանէն եւ նիւթերէն։ Այս բոլորի աւարտին, թեզը յաջողութեամբ պաշտպանելու պարագային ան իրաւունք պիտի շահի նաեւ տոքթորականի ծրագիրներու հետեւելու։ Ժամանակի բոլոր ծանրաբեռնուածութիւնով հանդերձ, ան համալսարանի լեզուի բաժնէն ներս ալ դասընթացներու կը հետեւի ֆլամեներէն եւ ֆրանսերէն սորվելու համար։ Այս երկու լեզուներուն իմացութիւնը երիտասարդ միաբանի պաշարին տարբեր տարողութիւն մը պիտի վերագրէ՝ մանաւանդ, որ ան արդէն գիտէ հայերէն, թրքերէն, անգլերէն եւ քրտերէն։

Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան արտասահմանի ուսման առաջին տարին անցուցած է իր յաճախած համալսարանի կացարանին մէջ։ Այժմ ան կ՚իջեւանի Պենետիկտեան միաբանութեան շրջանի վանական համալիրէն ներս, ուր կայ նաեւ մատուռ մը եւ այնտեղ շրջանի հայ հաւատացեալներուն համար կը կատարէ ժամերգութիւններ։ Իր յաջողութիւններն ու աշխուժութիւնը ուշագրաւ եղած են Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի համար, որ բարձր կը գնահատէ երիտասարդ միաբանի կարողութիւնները։ Նորին սրբազնութիւնը անոր հովուական առաքելութիւն ալ կը վստահի՝ իր հոգեւոր իշխանութեան յանձնուած շրջաններէն ներս, զանազան խորհրդակատարութիւններով ալ հանդերձ։ 2020 թուականի հոկտեմբերէն ի վեր ան Հոլանտայի Մաասթրիխթ քաղաքի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւն է։ Ներկայ տարեմուտի սկիզբին նորին սրբազնութիւնը իրեն վստահած է նաեւ Պելժիոյ Լիէժ քաղաքի հոգեւոր հովիւի պաշտօնը։ Հայր սուրբը ներդաշնակ աշխատանք կը տանի տեղւոյն ծխական խորհուրդին հետ, նաեւ սիրաշահած է շրջանի հաւատացեալները, որոնց մեծամասնութիւնը Թուրքիոյ գաւառներէն գաղթելով հաստատուած են Պելժիա։ Քրտերէնի իր իմացութիւնը մասնաւորապէս կը նպաստէ անոնց հետ վառ հաղորդակցութեան մը մշակման։ Լիէժի իր ծառայութիւնը ունի նաեւ նրբերանգներ։ Արդարեւ, քոյր Կաթոլիկ եկեղեցւոյ հետ խտացեալ շփումներ յառաջ կը տարուին մնայուն եկեղեցի մը ունենալու համար։ Տեղւոյն հայաբնակ թաղամասի Սուրբ Մարիամ կաթողիկէ եկեղեցին կ՚օգտագործուի Հայ Առաքելական հաւատացեալներու պաշտամունքին համար։ Ծխական խորհուրդն ու հոգեւոր հովիւը հետեւողական ջանքեր կը գործադրեն, որպէսզի Հայ Առաքելական հաւատացեալները պաշտամունքի մշտական երդիք մը կարողանան ունենալ։

«Թէեւ շատ կարճ ժամանակէ ի վեր այնտեղ եմ, սակայն, արդէն բոլորս գիտենք, որ Եւրոպայի տարածքին հայոց ազգային-եկեղեցական կեանքը վերակազմակերպելու ուղղեալ աշխատանքներ կը տարուին։ Այս բոլորը կ՚ըլլան Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի տեսլականին համահունչ եւ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի բծախնդիր վերահսկողութեան ներքեւ։ Ես կը խանդավառուիմ, որ այս գործընթացին ականատես կ՚ըլլամ եւ համեստ ներդրում մը բերելու առիթը կ՚ունենամ Աստուծոյ կամքով։ Մասնաւորապէս ուրախառիթ է, որ իմ գտնուած շրջանին մէջ ծառայութիւն կը մատուցեմ այն հայ հաւատացեալներուն, որոնք իմ ծննդավայրէն գաղթելով այնտեղ հաստատուած են», ըսաւ հայր սուրբը մեզի հետ զրուցելու ընթացքին։

Բարձրագոյն ուսման մէջ չթերանալու ուղղութեամբ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան մեծ կամք կը դրսեւորէ, միեւնոյն ժամանակ, իրեն համար խրախուսական կ՚ըլլայ այն վերաբերմունքը, զոր հաւատացեալները կը ցուցաբերեն իրեն նկատմամբ։ Իր ջերմութիւնը, հաւատացեալներու նկատմամբ ուշադրութիւնը այնպիսի պտուղներ տուած են, որ Պելժիոյ եւ Հոլանտայի առընթեր, երբեմն նոյնիսկ Ֆրանսայի մօտակայ շրջաններէն անհատներ կամ ընտանիքներ կապ կը հաստատեն անոր հետ։ Երիտասարդ միաբանը մէկ կողմէ ուշագրաւ դիտարկումներ կ՚ընէ եւրոպահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի մասին, իսկ միւս կողմէ ալ կ՚ընդգծէ երախտագիտութիւնը Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի նկատմամբ՝ իրեն համար ցուցաբերուած հայրական գուրգուրանքին, վստահութեան եւ խրախուսանքին բերումով։

Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան արտասահմանի բարձրագոյն ուսման առաջին տարին անցուցած է՝ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) կողմէ տրամադրուած կրթաթոշակով։ Ան խորապէս երախտապարտ կը զգայ ՀԲԸՄ-ի նկատմամբ, որ մինչեւ այսօր ալ բաժին կը ստանձնէ՝ մանաւանդ իրեն համար անհրաժեշտ գիրքերու գնման նպատակով։ Բայց եւ այնպէս, արտասահմանի մէջ կեցութեան երկրորդ տարին Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան արդէն դարձած է Վատիկանի պուրսիէր մը։ Այսինքն, Հռոմի Սուրբ Աթոռը իրեն յատկացուցած է կրթաթոշակ մը՝ հաշուի առնելով, որ անոր նիշերը եղած են բաւարար չափով բարձր՝ այսպիսի խրախուսանքի մը ընծայման համար։ Կրթաթոշակը Վատիկանի Քրիստոնէից միութեան քահանայապետական խորհուրդին կողմէ հովանաւորուած Քրիստոնէական մշակութային համագործակցութեան բաժանմունքին կողմէ կը յատկացուի։ Կարտինալ Քուրտ Քոխի կողմէ գլխաւորուած այդ խորհուրդը մասնաւոր ծրագիր ունի Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու հետ համագործակցութեան համար, այս ծիրին մաս կը կազմէ երիտասարդ միաբաններու պատրաստութեան նպաստելը եւ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեանի տեսակէտէ այս հանգամանքը թէ՛ կարեւոր եւ թէ հեռահար նշանակութիւն ունի։

Մեր զրոյցի ընթացքին հայր սուրբը յայտնեց, որ իր պատրաստած թեզերը շատ հետաքրքրական ու կարեւոր են, սակայն, չի փափաքիր այդքանով սահմանափակուիլ՝ հաշուի առնելով, որ էքիւմենիք տարողութեամբ աստուածաբանական օրրանի մը մէջ ուսանելու հնարաւորութիւն ունի։ Այդ կարելիութենէն առաւելագոյն օգուտը քաղելու համար Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան կը ծրագրէ զուտ աստուածաբանական նիւթի մը վրայ ալ հետազօտութիւն կատարել։ Այսպէս, իր խօսքով՝ իր հետաքրքրութեան առարկայ են երրորդ եւ չորրորդ դարերու համաքրիստոնէական սուրբ հայրերն ու անոնց ազդեցութիւնը Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ վրայ, առաջին երեք տիեզերական ժողովներուն վերաբերեալ հանգամանքներով հանդերձ։

Մասնագիտական ու ծառայական երեսակներով հանդերձ, Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեանի այժմու ուղեւորութիւնը անշուշտ ունի նաեւ մարդկային երեսակներ։ Հասկնալի է, որ ան շատ ազատ ժամանակ չունի։ Հապա ինչի՞ կարօտը կը զգայ։ Այս կապակցութեամբ ան դիտել տուաւ, որ կապի մէջ է ընտանիքին հետ եւ այս ծիրէն ներս կը ջանայ նաեւ օգտուիլ փորձառութենէն Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի, որ միշտ իրեն խրատներ կու տայ, որպէսզի թէ՛ համալսարանական եւ թէ հովուական ուղղութիւններով ըլլայ կարգապահ եւ սայթաքումներ, թերացումներ չունենայ։ «Հաճելի է շուրջ երկու տարի վերջ այցելել Պոլիս։ Թէեւ իմ հոգեւոր եղբայրներուն եւ բարեկամական շրջանակին հետ կը ջանամ հնարաւորինս կապ պահել, սակայն, անշուշտ, տարբեր է մթնոլորտը տեղւոյն վրայ շնչել՝ մանաւանդ, որ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ալ օրհնութիւնը ստանալու կարելիութիւնը ունեցայ։ Նորին Ամենապատուութիւնն ալ մինչեւ այս դիրքը հասնիլը ուսում ստացած է միջազգային կարեւոր օրրաններու մէջ, ուստի իր խորհուրդներն ու յորդորները չափազանց կարեւոր կը համարեմ ու կ՚ուզեմ ընդգծել որդիական երախտագիտութիւնս՝ անոր հայրական վերաբերմունքին եւ խրախուսանքին համար», մեզի յայտնեց հայր սուրբը զրոյցի ընթացքին։

Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան Պոլսոյ առընթեր կը ջանայ հաղորդակցութիւնը չկաղացնել նաեւ Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան հոգեւոր եղբայրներուն հետ։ Նկատի ունենալով, որ ան ուսանած է Երուսաղէմի մէջ եւ ապրած Հայոց վանքէն ներս՝ հայր սուրբը միշտ ջերմութիւն կը զգայ Սուրբ Քաղաքի, Սուրբ Աթոռի եւ սաղիմական հոգեւոր եղբայրներուն նկատմամբ։

«Փառք Աստուծոյ, որեւէ գանգատ չունիմ։ Կը փորձեմ ինծի ներկայացած բարձրագոյն ուսման այս հնարաւորութիւնը լիուլի արդարացնել, կատարելագործուիլ եւ ամբողջովին նուիրուիլ մեր Մայր Եկեղեցւոյ սպասաւորութեան։ Զգացական հանգամանքներ, անշուշտ, կ՚ըլլան անխուսափելիօրէն։ Երբեմն կը մտածեմ, թէ երանի որոշ ազատ ժամանակ ունենայի՝ մանաւանդ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին այցելելու համար, լիցքաւորուելու համար անոր կրօնաբոյր, նուիրական մթնոլորտով եւ արժանանալու համար մեր Վեհափառ Հայրապետի Սուրբ Աջը առնելու շնորհին։ Եւրոպայի մէջ շատ աւելի զգալի է, թէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ մղիչ ուժն է ամբողջ աշխարհէ ներս։ Յամենայնդէպս, կը մխիթարուիմ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի այսօրուան վիճակով ու ես ինծի կը մտածեմ, թէ առաջ Աստուած ապագային այցելութեան առիթներ կը ներկայանան, իսկ ներկայիս կարեւորը կրթութեան ու ծառայութեան նուիրուիլն է, ինչ որ նախապայմանն է նաեւ թէ՛ Մայր Աթոռի եւ թէ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի հաւատարիմ ու հարազատ զաւակը ըլլալու», մեզի յայտնեց երիտասարդ միաբանը։

Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան արդէն վերադարձած է Պելժիա, ուր իր ուսման ընթացքն ու ծառայութեան ոլորտները աստիճանաբար հունի մէջ կը մտնեն եւ աստիճանաբար իր առջեւ կը ձեւաւորուին նաեւ հեռանկարներ։ 

Ուրբաթ, Յուլիս 15, 2022