15 ՅՈՒԼԻՍԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՕՐԸ

Բովանդակ Թուրքիոյ մէջ այսօր կը նշուի 15 յուլիսի Ժողովրդավարութեան եւ ազգային միասնականութեան օրը։ Սա Թուրքիոյ Հանրապետութեան արդի պատմութեան բեկումնային իրադարձութիւններէն մէկուն յիշատակութեան օրն է։ Արդարեւ, 15 յուլիս 2016 թուականի ձախող պետական հարուածը անկիւնադարձ մը բնորոշած է երկրի ընդհանուր ընթացքին տեսակէտէ։ Վեց տարի առաջ ցուցաբերուած մեծ դիմադրութեան շնորհիւ Թուրքիոյ մէջ այսօր ժողովրդավարութիւնը կը մնայ կենսունակ։ Այդ դէպքերու լոյսին տակ կը վերարժեւորուին Հանրապետական շրջանի բոլոր իրադարձութիւնները՝ մինչ ցուցաբերուած դիմադրութիւնը արդէն նշաձողի մը վերածուած է Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութեան մակարդակին տեսակէտէ։ Ձախող պետական հարուածը, դիմադրութիւնը վերածուած են գործօնի մը, որ կը պայմանաւորէ հասարակութեան բոլոր խաւերու յարաբերութիւններու դրուածքը եւ երկրի ապագային վերաբերեալ ընկալումները։

15 յուլիսի Ժողովրդավարութեան եւ ազգային միասնականութեան օրուան առթիւ այսօր ամբողջ երկրին մէջ տեղի կ՚ունենան յատուկ արարողութիւններ։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երեկոյեան ժամերուն ելոյթով մը հանդէս կու գայ Իսթանպուլի մէջ, Սարաչհանէի հրապարակին վրայ կազմակերպուած հանրահաւաքի ընթացքին։ Մայրաքաղաք Անգարայի մէջ հիմնական արարողութիւնը նախատեսուած է Ազգային մեծ ժողովին մէջ։ Արդարեւ, վեց տարի առաջ թիրախաւորուած էր խորհրդարանը, որ ազգային կամքի խորհրդանշանն է։ Մայրաքաղաքի այսօրուան արարողութիւններուն ալ մասնակցութիւն կը բերէ Հանրապետութեան փոխ-նախագահ Ֆուաթ Օքթայ։

Թուրքիա այսօր հերթական անգամ համայն աշխարհի առջեւ կը վերանորոգէ իր կամքը՝ ժողովրդավարութեան ճանապարհը որդեգրած ըլլալով։

Ուրբաթ, Յուլիս 15, 2022