ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏԻ ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴԻ ՀՐԱՊԱՐԱԿԻ ՀԱՆՐԱՀԱՒԱՔՆԵՐԷՆ ԿԸ ՀՆՉԷ ՕՐՀԱՍԱԿԱՆ ՎԻՃԱԿԻ ՄԱՍԻՆ ԱՀԱԶԱՆԳ
Երեւան-Պաքու խաղաղութեան որոնումները թէեւ առերեւոյթ անխափան կը շարունակուին, սակայն, գործընթացը բաւական հեռու է յոյս ներշնչելէ գործնական առումով։ Ատրպէյճան Հայաստանի եւ Արցախի դէմ զինեալ յարձակումները կը շարունակէ։ Արդէն քանի օրէ ի վեր անընդհատ սահմանէն բախումներու, դէպքերու մասին լուրեր կը հասնին։ Հրադադարի խախտումներէն զատ ամբողջութեամբ պաշարուած Արցախի մէջ մարդասիրական տագնապը անհաւատալի համեմատութիւններու կը հասնի։ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, անշուշտ, պատերազմէն վերջ հայկական վերահսկողութեան տակ մնացած եւ Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի պատասխանատուութեան գօտիին մէջ յայտնուած բաժնէն ներս, համաժողովրդական շարժում մը ծնունդ կ՚առնէ ներկայիս։ Մայրաքաղաք Ստեփակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ հանրահաւաքներ տեղի կ՚ունենան։ Ըստ երեւոյթին, մշտական հանրահաւաքի մը մթնոլորտը ստեղծուած է Արցախի սրտին վրայ։ Վերածնունդի հրապարակէն հետզհետէ կը հնչեն ահազանգներ ու աղաղակներ, թէ Արցախի մէջ իրավիճակը օրհասական է։
Այս համայնապատկերին վրայ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր ժամադրուած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ՝ Պրիւքսելի մէջ, Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ։ Սա թէեւ առաջին հայեացքով հերթական եռակողմանի գագաթաժողովը կը համարուի, սակայն, Արցախի մէջ ստեղծուած ճակատագրական կացութիւնը բացառիկ իմաստ կը վերագրէ անոր։ Եւրոմիութեան շրջանակներն ալ տեղեկացուցին, որ Պրիւքսելի բանակցութիւններուն ժամանակ կը քննարկուին Լեռնային Ղարաբաղի հայերու անվտանգութեան ու մարդասիրական վիճակին վերաբերեալ հարցեր։
Իլհամ Ալիեւ երէկ երեկոյեան Պրիւքսելի մէջ, Եւրոմիութեան կեդրոնակայանէն ներս առանձնազրոյց մը ունեցաւ Շարլ Միշելի հետ։ Ան այս փուլին խօսեցաւ «Պրիւքսելի ձեւաչափի արդիւնաւէտութեան» մասին։ Նոյնպէս Նիկոլ Փաշինեանն ալ այսօր ընդունուեցաւ Շարլ Միշելի կողմէ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան Շարլ Միշելին փոխանցած է Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի նամակը։ Ի շարունակութիւն այս երկկողմանի հանդիպումներուն՝ Պրիւքսելի մէջ արդէն տեղի կ՚ունենայ եռակողմանի հանդիպումը։