ՖԻՏԱՆ-ՊԼԻՆՔԸՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՃԱՔԱՐԹԱՅԻ ՄԷՋ
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ Ճաքարթայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ։ Էնտոնեզիայի տանտիրութեամբ կազմակերպուած Հարաւ-արեւելեան Ասիոյ ազգերու միութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովի շրջանակին մէջ տեղի ունեցաւ տեսակցութիւնը։ Զրոյցի բովանդակութեան շուրջ մանրամասնութիւններ չեն հաղորդուած պաշտօնական աղբիւրներու կողմէ։ Նոյն հաւաքի ծիրէն ներս Հաքան Ֆիտան հանդիպում մըն ալ ունեցած է Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորելի հետ։
Միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներով, Ճաքարթայի հաւաքին ժամանակ բանավէճ մը ծագած է Ժոզէֆ Պորելի եւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի միջեւ։