15 ՅՈՒԼԻՍ. ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՕՐ

Այսօր բովանդակ Թուրքիոյ մէջ կը նշուի 15 Յուլիսի Ժողովրդավարութեան եւ ազգային միասնականութեան օրը։ Ձախող պետական հարուածի տխուր տարելիցին ամբողջ երկիրը կ՚ամրապնդուի այն գիտակցութեան մէջ, թէ ազգային կամքը պէտք է ըլլայ այն միայն ու բացառիկ գործօնը, որ ուղղութիւն կու տայ ամէն ինչին։ Եօթ տարի առաջ ժողովուրդին կողմէ ցուցադրուած դիմադրութիւնը, այդ ժամանակաշրջանի բարձրաստիճան պետական այրերուն կողմէ դրսեւորուած վճռակամութիւնը արդէն նախախնամական նշանակութիւն ունեցած են երկրին տեսակէտէ։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ այդ ժամանակ բիւրեղացած ոգին նոր հորիզոններ ուրուագծած է Թուրքիոյ առջեւ։

Այսօրուան դրութեամբ 15 Յուլիսը Թուրքիոյ Հանրապետութեան արդի տարեգրութեանց անկիւնադարձային հանգրուաններու շարքին կը դասուի։ Սա թէեւ արդի պատմութեան մէջ ապահովուած արդիւնք մըն է, սակայն անցեալ եօթ տարիները բաւարար եղած են լիուլի պատկերացնելու համար, թէ ժամանակներու ընթացքին այդ արդիւնքը երկարաժամկէտ ձեռքբերումի մը եւ անանց արժէքի մը պիտի վերածուի։ Սերունդները պիտի յիշեն, թէ Թուրքիոյ ժողովրդավարութեան ոդիսականին մէջ 15 Յուլիսի ոգին անկրկնելի իմաստ մը կը ներկայացնէ։

Շաբաթ, Յուլիս 15, 2023