ԱՂՄԿԱՐԱՐ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, յառաջիկայ աշնան նախատեսուած նախագահական ընտրութեան ընդառաջ զգայացունց իրադարձութիւն մը տեղի ունեցաւ։ Այսպէս, շաբաթավերջին ձախող մահափորձ մը տեղի ունեցաւ նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփի դէմ, որ Հանրապետական կուսակցութեան կողմէ վերստին թեկնածու առաջադրուած է։ Փենսիլվանիոյ մէջ, նախընտրական հաւաքոյթի մը ընթացքին, միայն 150 մեթր հեռաւորութենէ կրակ բացուեցաւ Տանըլտ Թրամփին վրայ։ Դէպքին հետեւանքով Տանըլտ Թրամփ վիրաւորուեցաւ աջ ականջէն։ Այժմ բոլորը կը փորձեն գտնել պատասխանը այն հարցման, թէ 20-ամեայ յարձակողը ինչպէ՞ս կրցած էր այդքան մօտենալ Թրամփին, որ ձախող մահափորձէն վերջ առողջական քննութեան մը ենթարկուեցաւ։ Կրակողը սպաննուեցաւ դէպքի վայրին վրայ։

Թրամփին վրայ կատարուած յարձակումը յեղաշրջեց միջազգային օրակարգը։ Աշխարհի բոլոր մայրաքաղաքներէն հնչեցին ցաւակցութիւններ։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանն ալ պատգամ մը ուղարկեց Թրամփին։ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ մը, որով Թուրքիա յոյս յայտնեց, թէ ԱՄՆ-ի ընտրութիւնները կ՚անցնին հանգիստ մթնոլորտի մէջ։

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան խստիւ դատապարտեց Թրամփի վրայ կատարուած յարձակումը։

Կը հաղորդուի, որ դէպքէն վերջ հեռախօսազրոյց մը տեղի ունեցած է ԱՄՆ-ի նախագահ Ճօ Պայտընի եւ Տանըլտ Թրամփի միջեւ։

Ուշագրաւ արձագանգներ հնչեցին նաեւ Մոսկուայէն։ Ռուսաստանի յառաջատար պետական գործիչներ պնդեցին, որ այսպէսով Թրամփի ընտրութիւնը երաշխաւորուած է։

Երկուշաբթի, Յուլիս 15, 2024