ԱՆՓՈՓՈԽ ՊԱՀԱՆՋ

Պաքուի ղեկավարութիւնը շաբաթավերջին հիւրընկալեց ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Հելկա Շմիթը, որ ընդունուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի կողմէ։

«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Հելկա Շմիթի հետ զրոյցի ընթացքին Ալիեւ հերթական անգամ խօսեցաւ Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութեան անհրաժեշտութեան մասին։ Զրոյցի տեւողութեան կարծիքներ փոխանակուեցան տարածաշրջանային խաղաղութեան օրակարգի հարցերուն շուրջ։ Ալիեւ թէեւ հաւաստիացուց, թէ Ատրպէյճան հաւատարիմ է խաղաղութեան օրակարգին, սակայն, հերթական անգամ նշեց, որ հաշտութեան պայմանագրի ստորագրման համար կարեւոր է Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը, որովհետեւ այնտեղ հիմքեր կան իր երկրին դէմ տարածքային պահանջներու համար:

Երկուշաբթի, Յուլիս 15, 2024