ԴՐԱԿԱՆ ԱՌԱՋԱՐԿՆԵՐ

Թուրքիա այս շրջանին Մերձաւոր Արեւելքի ուղղեալ նախաձեռնութիւններուն մէջ Կազզէի պատերազմին համազօր առաջնահերթութիւն կ՚ընծայէ նաեւ Սուրիոյ իրադարձութիւններուն։ Անգարա-Դամասկոս առանցքին վրայ, ըստ երեւոյթին, հասունցած է բնականոնացման գործընթաց մը։ Այս ծիրէն ներս հետզհետէ աւելի յաճախակիօրէն կը խօսուի Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի եւ Սուրիոյ նախագահ Պեշար Էսատի միջեւ հանդիպման մը հաւանականութեան մասին։ Ըստ լրատուամիջոցներու հրապարակումներուն, նոյնիսկ յայտնի է նախատեսուած ժամադրութեան այդ վայրը. Իրաքի մայրաքաղաքը՝ Պաղտատ։

Այս համայնապատկերին վրայ Թուրքիա շաբաթավերջին հիւրընկալեց Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար արքայազն Ֆայսալ պին Ֆերհան ալ Սուուտը։ Իսթանպուլի մէջ ան ընդունուեցաւ նախագահ Էրտողանի եւ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի կողմէ։

Համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Հաքան Ֆիտան նշեց, որ Սուրիա երկար ժամանակէ ի վեր դարձած է վէրք մը եւ այդ մէկուն սպիացումը Թուրքիոյ քաղաքական տեսլականին մաս կազմած է՝ նոյնիսկ ամենադժուարին շրջաններուն։ Անդրադառնալով ներկայ վիճակին՝ Ֆիտան դիտել տուաւ, որ Ռուսաստան եւ Իրան ունին դրական առաջարկներ, Թուրքիա Սէուտական Արաբիոյ հետ ալ կը շօշափէ նոյն խնդիրները։

Երկուշաբթի, Յուլիս 15, 2024