ՀԱՒԱՍԱՐԱԿՇՌՈՒԱԾ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ

Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանի կողմէ ստորագրուած եւ երկրին մամուլին մէջ լոյս տեսած յօդուածը բովանդակեց հաւասարակշռեալ պատգամներ։ Նորընտիր նախագահը, որ 69 տարեկան է, վերջին ընտրութեան մասնակցած էր, որպէս բարեփոխումներու հետամուտ։ Պաշտօնամուտի փուլին Փեզեշքիան դրական պատգամներ հասցէագրեց Ռուսաստանին, Չինաստանին եւ Եւրոպային։ Ան համոզուած է, թէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներն ալ պէտք է հասկնայ, որ Իրան հետամուտ չէ հիւլէական զէնք արտադրելու։

Հայկական լրահոսին մէջ ալ լայն արձագանգ գտած է Փեզեշքիանի յօդուածը, ուր ան շեշտած է, որ առաջնահերթութիւն պիտի ցուցաբերուի հարեւաններու հետ յարաբերութիւններու ամրապնդման։ Իր խօսքով՝ Իրան հետամուտ է ուժեղ տարածաշրջանի մը ու կողմնակից չէ, որ տարածաշրջանէն ներս որեւէ երկիր ձգտի գերիշխանութեան կամ գերակայութեան հասնելու միւսներուն դէմ։ Փեզեշքիան ընդգծեց, նաեւ իր պատրաստակամութիւնը տարածաշրջանային համագործակցութեան ուղղութեամբ՝ մասնաւորապէս թուարկելով Թուրքիոյ, Սէուտական Արաբիոյ, Ումմանի, Իրաքի, Պահրէյնի, Քաթարի, Քուէյթի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու անունները։

Յօդուածին մէջ Փեզեշքիան Իրանի կրօնապետ Այէթուլլահ Խամանէյի դրուատիքը հիւսած եւ շեշտած է, որ հաւատարմութիւն պիտի ցուցաբերէ անոր։

Ան առանձնապէս անդրադարձած է Կազզէի պատերազմին։ Որպէս առաջին նախազգուշական միջոց՝ Մեսուտ Փեզեքշիան կը նախատեսէ մշտական հրադադարի մը հաստատումը ապահովել՝ սպանդը կասեցնելու եւ հակամարտութեան հաւանական ընդլայնումը կանխելու նպատակով։ Ան կարեւորեց արաբական երկիրներու համագործակցութիւնը եւ բոլոր քաղաքական ու դիւանագիտական լծակներու օգտագործումը։

Հարկ է նշել, որ Իրանի խորհրդարանի հայազգի երեսփոխաններն ալ շաբաթավերջին շնորհաւորեցին երկրի նորընտիր նախագահը։

Մինչ, Փեզեշքիանի վերոյիշեալ յօդուածը հրապարակուեցաւ անգլերէնով՝ Երեւանի մօտ Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանին ալ շաբաթավերջին հանդէս եկաւ կարեւոր յայտարարութիւններով։ «Երբ կը երկխօսիք, կրակելու ժամանակ չունիք», նշեց դեսպանը՝ յայտնելով, որ Թեհրան լաւատես է Երեւան-Պաքու հաշտութեան գործընթացի պարագային։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ Մեհտի Սոպհանի ընդգծեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հայերը իրենց տուները լքած են կամքէ անկախ, հետեւաբար պէտք է կարողանան վերադառնալ։ «Իրան ամէն ինչ կ՚ընէ, որպէսզի տարածաշրջանէն ներս պատերազմ չծագի», աւելցուց դեսպանը՝ շեշտելով, որ իր երկրին տեսակէտէ կարմիր գիծ կը համարուի՝ Հայաստնի հետ սահմանին խզուիլը։

«Մենք կը հաւատանք, թէ այլ երկիրներու հետ Հայաստանի փոխյարաբերութիւնները բացասական ազդեցութիւն չեն գործեր Իրանի հետ յարաբերութիւններուն վրայ», աւելցուց Սոպհանի։

«Ազատութիւն» ռատիօկայանին տուած հարցազրոյցին մէջ Սպհանի ըսաւ. «Իրան կ՚ուզէ, որ Հայաստան զարգանայ, անոր ենթակառուցուածքները զարգանան։ Իրան պատրաստ է մասնակցիլ Հայաստանի մէջ եւրոպական ներդրումային ծրագրերու»։

Երկուշաբթի, Յուլիս 15, 2024