ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԲԱԼԱՍԱՆ

Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու յայ­տա­րա­րեց, որ ընտ­րու­թիւ­նը թոյն մը չէ, այլ ընդ­հա­կա­ռակն՝ բու­ժում մը։ ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան հիմ­նադ­րու­թեան 14-րդ տա­րե­դար­ձին առ­թիւ կազ­մա­կեր­պուած հա­ւա­քոյ­թին ըն­թաց­քին Տա­վու­տօղ­լու ու­նե­ցաւ ե­լոյթ մը։ Ան այս առ­թիւ մեկ­նա­բա­նեց Յու­նի­սի 7-ի խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն յա­ջոր­դած մթնո­լոր­տը։ Ըստ ի­րեն, անց­նող եր­կու ա­միս­նե­րուն ըն­թաց­քին կարգ մը շրջա­նակ­ներ ակն­կա­լե­ցին, թէ Թուր­քիոյ մէջ ճգնա­ժամ մը պի­տի ստեղ­ծուի, քաոս մը պի­տի յա­ռա­ջա­նայ, սա­կայն ա­նոնք բա­ռին բուն ի­մաս­տով ձա­խո­ղե­ցան։ «Այդ օ­րէն ի վեր դէմ յան­դի­ման մնա­ցինք բա­զում դժուա­րու­թիւն­նե­րու, սա­կայն չշե­ղե­ցանք օ­րի­նա­կա­նու­թեան գի­ծէն ու ո­րե­ւէ ձե­ւով չթոյ­լատ­րե­ցինք, որ երկ­րին մէջ նոյ­նիսկ պահ մը ղե­կա­վար­ման պա­րա­պու­թիւն ապ­րուի», ը­սաւ ան։

Ծա­նօթ է, որ ՃՀՓ­-ի հետ ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան մի­ջեւ՝ հա­մա­խո­հա­կան իշ­խա­նու­թիւն մը ձե­ւա­ւո­րե­լու ո­րո­նում­նե­րէն վերջ Տա­վու­տօղ­լու ժա­մադ­րու­թիւն խնդրած է ՄՀՓ­-էն։ Այս վերջ­նոյն կու­սակ­ցա­պե­տին՝ Տեւլէթ Պահ­չե­լիի հետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու պի­տի տե­սակ­ցի յա­ռա­ջի­կայ շաբ­թուան սկիզ­բին, սա­կայն այդ տե­սակ­ցու­թեան ըն­դա­ռաջ ան կարգ մը քննա­դա­տու­թիւն­ներ հաս­ցէագ­րեց ՄՀՓ­-ին։ Վար­չա­պե­տին խօս­քե­րով, ՄՀՓ բո­լո­րին պար­տակ­նու­թիւն մը, դեր մը կը վե­րա­պա­հէ, ինչ որ ան­յա­րիր է քա­ղա­քա­կան պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան։ «Մար­դուն կը հարց­նեն, թէ դուն ի՞նչ պի­տի ը­նես, ի՞նչ ը­նել կը մտա­ծես», ը­սաւ ան։

Բո­լոր կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րուն կոչ ուղ­ղե­լով՝ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու ը­սաւ, թէ ո­րե­ւէ պա­րա­գա­յի մէջ ընտ­րու­թիւ­նը թոյն մը չէ, ազ­գին կամ­քը բա­լա­սան է։

Տավուտօղլուի եւ Պահչելիի միջեւ տեսակ-ցութիւնը տեղի պիտի ունենայ Երկուշաբթի, Ազգային մեծ ժողովի երդիքին տակ։ Երկու կուսակցութիւններու շրջանակներէն փո-խանցուած պատգամներուն հիման վրայ կարելի է ենթադրել, թէ հիմնական փոփո-խութիւն մը պիտի չապրուի, եթէ չպատահի մեծ անակնկալ մը։

Քաղաքական մեկնաբաններու կարծիքով, Անգարայի մէջ արդէն բոլորը հետզհետէ կը կեդրոնանան կանխահաս ընտրութեան վրայ։ Ըստ երեւոյթին հիմնական երեք վարկածներ գոյութիւնունին այս առումով։ Առաջինը՝ խորհրդարանի կողմէ ընտրութեան որոշման մը ընդունուիլն է։ Երկրորդ ճանապարհն է՝ փոքրամասնական կառավարութեան մը ձե-ւորուիլը, երկիրը ընտրութեան տանելու հեռանկարով։ Վերջին՝ երրորդ վարկածն է՝ նախընտրական կառավարութեան մը ձեւաւորուիլը։ Այսինքն, եթէ սահմանադրու-թեամբ նախատեսուած 45 օրուան ժամկէտին ընթացքին կառավարութիւնը չստեղծուի, ապա հանրապետութեան նախագահը կրնայ խորհրդարանի նախագահին հետ տե-սակցելով ձեռնարկել ժամանակաւոր կառավարութեան մը ձեւաւորման՝ միշտ կանխահաս ընտրութեան հեռանկարով։ Եթէ այս վարկածը իրականանայ, ապա իւրաքանչիւր կուսակցութիւն Նախարարաց խորհուրդէն ներս պիտի ներկայացուի՝ խորհրդարանի երդիքին տակ ունեցած աթոռներուն համե-մատութեամբ։

Շաբաթ, Օգոստոս 15, 2015