Չորեքշաբթի 26, Փետրուար 2025
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԳԾԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ
Միշըն Հիլզի «Արարատ-Էսքիճեան» թանգարանի եւ Հայկական գորգի ընկերակցութեան կազմակերպութեամբ, Շաբաթ, Օգոստոսի 20-ին, տեղի պիտի ունենայ հայկական գծագրուած եւ եկեղեցական կտաւներու նուիրուած դասախօսութիւն մը, որ պիտի հարստացուի լուսանկարներու ներկայացումով։
Արուեստի այս իւրայատուկ ոլորտի մասնագէտ Պերճ Աշճեան պիտի խօսի ընդհանրապէս Հնդկաստանի մէջ տարածուած այս կտաւներուն մասին, որոնց հայկական տարբերակները իրենց մէջ կը պարունակեն Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ հայ իշխաններու եւ հարուստ առեւտրականներու ընտանիքներու պատմութեանց տուեալներ։
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ «Արարատ տան» «Շին» մատուրին մէջ։
Երկուշաբթի, Օգոստոս 15, 2016