ԱՆԳԱՐԱ ՄԱՏՆԱՆԻՇ Կ՚ԸՆԷ ԱՂՏԱՄԻ ՃԱՆԱՊԱՐՀԸ
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ Լաչինի միջանցքի առկայ վիճակին կապակցութեամբ։ Թուրքիա այս հարցին վերաբերեալ դիրքորոշում արտայայտեց՝ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին մօտ կատարուած պաշտօնական դիմումէն վերջ։
Նախարարութեան կայքէջին վրայ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ Թուրքիա Լաչինի ճանապարհի պարագային երկար ժամանակէ ի վեր կը հետեւի վէճերուն եւ կը հասկնայ այս նիւթին վերաբերեալ Ատրպէյճանի օրինական մտահոգութիւնները։ «Դժբախտաբար, Ատրպէյճանի կողմէ երկար ժամանակէ ի վեր բարձրաձայնուած այս մտահոգութիւնները նկատի չեն առնուած եւ որպէս հետեւանք Ատրպէյճան ձեռք առած է իր յարմար դատած նախազգուշական միջոցները՝ գերակայութեան իրաւունքներու շրջանակներուն մէջ», նշուած է յայտարարութեան մէջ։
Միեւնոյն ժամանակ, Թուրքիա անարդար կը նկատէ Լաչինի ճանապարհի պարագային Ատրպէյճանին հասցէագրուած քննադատութիւնները։ Ներկայիս Լաչինի ճանապարհով կ՚ապահովուին բժշկական նպատակներով անցքերը։ Բաց աստի, ծաւալուն բեռնափոխադրումներու յարմար այլ ուղղութիւններ ալ յատկացուած են, ինչ որ Ատրպէյճանի բարեացակամութեան տեսակէտէ առաւելագոյն ջանքեր գործադրելուն ապացոյցն է։
Յայտարարութեան տեւողութեան Անգարա այս հարցին վերաբերեալ յստակօրէն բանաձեւած է Երեւանէն ակնկալութիւնները։ «Հայաստանէն մեր սպասումն է՝ խուսափիլ խափանարար քայլերէ, ճանչնալ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնն ու գերիշխանութիւնը, Ղարաբաղի հայ բնակչութեան կարիքներու դիմագրաւման համար Աղտամին եւ այլ այլընտրանքային ճանապարհներու օգտագործման եւ Ատրպէյճանի՝ հայ բնակչութիւնը վերահամարկելու ուղղեալ ջանքերուն աջակցութիւն ցուցաբերելը», նշուած է յայտարարութեան մէջ։
Հուսկ, Արտաքին գործոց նախարարութիւնը տեղեկացուցած է, որ տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովման համար բարեկամ ու եղբայրական Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան, գերիշխանութեան եւ մարդկային ոլորտի ջանքերուն խրախուսուիլը անհրաժեշտ է։ Ուստի, պէտք է խուսափիլ այնպիսի արարքներէ, որոնք առկայ կացութիւնը կրնան ա՛լ աւելի ծանրացնել։