ԱՐՏԱՀԵՐԹ ԺՈՂՈՎ

ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը վաղը արտակարգ ժողով մը պիտի գումարէ՝ արձագանգելով Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնական դիմումին։ Ինչպէս ծանօթ է, քանի մը օր առաջ Երեւան ահազանգած էր, որ ըստ էութեան, հայերով բնակեցուած Լեռնային Ղարաբաղը շրջափակման մէջ առնուած է հարեւան Ա-տըրպէյճանի կողմէ։ Հայկական կողմը շեշտած էր, որ պաշարման հետեւանքով 120 հազար հոգի սովի մատնուած է ու բախուած է լայնածաւալ մարդասիրական աղէտի։ «Associated Press» գործակալութիւնը հաղորդեց, որ ՄԱԿ-ի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու առաքելութեան կողմէ տեղեկացուած է, որ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի արտակարգ նիստը տեղի պիտի ունենայ բաց դրութեամբ եւ նախատես-ւած է օգոստոսի 16-ին։

Հարկ է յիշեցնել, որ Հայաստան օգոստոսի 11-ին դիմած էր ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին՝ Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղ բնակչութեան հարկադրուած լիակատար շրջափակման հետեւանքով մարդասիրական իրավիճակի վատթարացման առընչութեամբ արտահերթ նիստ գումարելու պահանջով։

Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներն ալ հաղորդեցին, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն ալ արդէն կ՚ուղեւորուի դէպի Նիւ Եորք, ուր վաղը պիտի մասնակցի ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի արտակարգ ժողովին։ Օրակարգի վրայ պիտի ըլլայ Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի փակման հետեւանքով Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակը։ Արարատ Միրզոյեան ժողովի ընթացքին ամենայն հաւանականութեամբ հանդէս գայ նաեւ ելոյթով մը։

Նիւ Եորքի վաղուան կարեւոր իրադարձութեան ընդառաջ, Երեւան-Պաքու առանցքին վրայ արդէն իրերամերժ մեղադրանքներն ալ միշտ կը զբաղեցնեն օրակարգը։ Ատրպէյճան վերջին օրերուն պնդեց, որ Հայաստան սահմաններուն վրայ զօրք եւ զինամթերք կը կուտակէ։ Այս կապակցութեամբ երէկ յայտարարութիւններով հանդէս եկան Հայաստանի թէ՛ Արտաքին գործոց եւ թէ Պաշտպանութեան նախարարութիւնները։ Այս երկու յայտարարութիւններով ալ հերքուեցան Ատրպէյճանի պնդումները։ «Ստայօդ տեղեկութիւններու տարածումը կը վկայէ տարածաշրջանէն ներս իրադրութիւնը լարելու ուղղեալ Ատրպէյճանի մտադրութիւնը», նշուած է Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ։

Ի դէպ, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ առաքելութիւն իրականացնող Եւրոմիութեան դիտորդներն ալ տեղեկացուցին, որ որեւէ արտակարգ կուտակումի կամ տեղաշարժի ականատես դարձած չեն։ Իսկ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ մատնանշուած է նաեւ, որ Ատրպէյճան բոլոր հնարաւոր միջոցներով կը խոչընդոտէ միջազգային դրութեան շրջանակներէ ներս Լեռնային Ղարաբաղի հետ երկխօսութիւնը։ Հարկ է նշել, որ Պաքուի կողմէ տարածուած եւ Երեւանի կողմէ հերքուած այս պնդումներու մթնոլորտին մէջ սահմանի վրայ լարուածութիւնն ալ կը շարունակուի։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները այս առաւօտ տեղեկացուցին, որ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները հերթական անգամ թիրախաւորած են սահմանի վրայ հայկական դիրքերը։

Միւս կողմէ, ՄԱԿ-ի Անվը-տանգութեան խորհուրդի վաղուան նիստին ընդառաջ, երէկ, Մոսկուայի մէջ Ռուսաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Միխայիլ Կալուզինի եւ Հայաստանի դեսպան Վաղարշակ Յարութիւնեանի միջեւ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը։ Ռուսական կողմի պաշտօնական հաղորդագրութեան համաձայն, մանրակրկիտ զրոյցի ընթացքին փոխ-նախարարն ու դեսպանը անդրադարձան երկկողմանի օրակարգի արդիական հարցերուն՝ ներառեալ բոլոր մակարդակներու վրայ քաղաքական երկխօսութեան խթանման եւ տնտեսական կապերու ամրապնդման։ Անոնք քննարկեցին Լաչինի միջանցքին մէջ եւ ընդհանուր առմամբ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ իրադարձութիւնները։ Վերահաստատուեցաւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ Ռուսաստան-Հայաստան-Ատրպէյճան առանցքին վրայ ղեկավարներու մակարդակով 2020-2022 թուականներուն ձեռք բերուած եռակողմանի բոլոր համաձայնութիւններու խստիւ պահպանման կարեւորութիւնը։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 15, 2023