ԱՊՊԱՍ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ
Անգարայի ղեկավարութիւնը այս օրերուն ամենաբարձր մակարդակի վրայ կը հիւրընկալէ Պաղեստինի ինքնավարութեան ղեկավար Մահմուտ Ապպասը։ Թուրքիա, որ Կազզէի պատերազմի սկիզբէն ի վեր շատ վճռական դիրքորոշում որդեգրած է, այս փուլին եւս իր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնէ Պաղեստինին։ Այսօր Մահմուտ Ապպաս ելոյթով մը հանդէս կու գայ Ազգային մեծ ժողովի երդիքին տակ։
Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան Մահմուտ Ապպասը հիւրընկալեց Պեշթեփէի համալիրէն ներս։ Դռնփակ զրոյցը տեւեց շուրջ երկուքուկէս ժամ։ Ապպաս, որ Անգարայի մէջ մեծ պատիւներով դիմաւորուեցաւ, մօտաւոր անցեալին Մոսկուայի մէջ հիւրընկալուած էր նաեւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երէկուան Էրտողան-Ապպաս զրոյցի ընթացքին օրակարգի վրայ եկան Պաղեստինի տարածքէն ներս Իսրայէլի կողմէ կատարուած սպանդները, մշտական հրադադար մը հաստատելու հեռանկարները եւ խաղաղութեան համար անհրաժեշտ այլ քայլերը։ Նախագահ Էրտողան շեշտեց, որ Թուրքիա պիտի շարունակէ զօրակցիլ Պաղեստինի արդար դատին։ Իր խօսքով՝ թրքական կողմը պիտի շարունակէ նաեւ աշխատանք տանիլ, որպէսզի Իսրայէլը կասեցուի եւ միջազգային հաւաքականութեան անոր վրայ ճնշումները բարձրանան։ Էրտողան համոզուած է, թէ կարգ մը արեւմտեան երկիրներու կողմէ Իսրայէլին ցուցաբերուած աջակցութիւնը անընդուելի է։ Ուստի, Կազզէի մէջ անյապաղ հրադադար պէտք է հաստատուի եւ պաղեստինցիներուն ուղղեալ մարդասիրական օժանդակութիւնները պէտք է տեղ հասնին։ Էրտողանի խօսքով՝ այս ուղղութեամբ թէ՛ իսլամական պետութիւնները եւ թէ մնացեալ բոլոր երկիրները պէտք է ջանքեր գործադրեն։