ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ ՄԻՇՏ ՈՏՆՁԳՈՒԹԻՒՆՆԵՐ, ԱՐՑԱԽԸ ՄԻՇՏ ՊԱՇԱՐՈՒԱԾ, ԱՄՆ-Ի ՔՈՆԿՐԷՍԻՆ ՄԷՋ ԼՍՈՒՄՆԵՐ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու քոնկրէսականները կը շարունակեն անմիջական ուշադրութեամբ հետեւիլ՝ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ իրադարձութիւններուն եւ Հայաստան-Ատրպէյճան առկայ լարուածութեան։ Երէկ, ԱՄՆ-ի Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովէն ներս տեղի ունեցան՝ «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ճգնաժամի գնահատումը» խորագրեալ լսումներ, որոնց ընթացքին բազմաթիւ խորհրդարանականներ արտայայտեցին իրենց մօտեցումները։ Լսումներուն ընթացքին ելոյթով մըն ալ հանդէս եկաւ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարի Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ գծով տեղակալի պաշտօնակատար Եուրի Քիմ։ Այս առթիւ ան յայտնեց, որ ԱՄՆ չի հանդուրժեր Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայ ժողովուրդի դէմ էթնիք զտման որեւէ փորձի։ Բարձրաստիճան դիւանագէտը, միեւնոյն ժամանակ, խորհրդարանականներու ներկայութեամբ յայտնեց, որ տակաւին վաղ է խօսիլ, թէ արդեօք Երեւան Մոսկուայի հետ յարաբերութիւնները կը փոխէ՞ կամ ոչ։ Իր խօսքով՝ յամենայնդէպս, Ուաշինկթըն կը ձգտի այդ բանին։
ԱՄՆ-ի Քոնկրէսէն ներս ծաւալուած այս քննարկումները զուգադիպեցան Երեւան-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ բաւական աշխոյժ շրջանի մը։ Արդարեւ, լսումները համընկնեցան այն օրերուն, երբ Հայաստան-ԱՄՆ զօրավարժութիւնները ընթացքի մէջ են։ Այդ ռազմափորձերու մթնոլորտին մէջ երէկ Երեւանի մէջ շփումներ ունեցաւ նաեւ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի Հարաւային Կովկասի գծով յատուկ ներկայացուցիչ եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի համանախագահ Լուիս Պոնօ։ Այս վերջինը ընդունուեցաւ Երեւանի ղեկավարութենէն յառաջատար դէմքերու կողմէ՝ ներառեալ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին շօշափուեցան Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակն ու մարդասիրական տագնապը յաղթահարելու նպատակով ձեռնարկուած ջանքերը։ Կարծիքի փոխանակումներ տեղի ունեցան նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերուն շուրջ։
Իր կարգին, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովն ալ յոյս յայտնեց, թէ հայ-ամերիկեան ներկայ զօրավարժութիւնները լարուածութիւնը չեն մեծցներ տարածաշրջանէն ներս։
Այս բոլոր իրադարձութիւնները կ՚ընթանան Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի լարուածութեան առումով առանց որեւէ փոփոխութեան։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ երկրի սահմաններուն դէմ հերթական ոտնձգութիւնները կը կատարուին Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումներուն կողմէ։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ երէկ կառավարութեան ժողովի բացման վերահաստատեց, որ Հայաստանի սահմաններուն վրայ Ատրպէյճանի կողմէ զօրքերու կուտակումները կը շարունակուին։ Ան աւելցուց նաեւ, որ իրավիճակը կը շարունակէ ծայրայեղ ծանր մնալ պաշարեալ Արցախին մէջ։