ՀԱՆՃԱՐԻՆ ՕՐԵՐԸ
Առասպելին հետ շփման օրերը գրեթէ եկած են։ Աշխարհահռչակ երաժիշտ եւ յօրինող Արամ Խաչատուրեանի ծննդեան 120-ամեակին առթիւ Իսթանպուլի մէջ նախատեսուած պատմական ձեռնարկներուն թուականը կը մօտենայ։ Գեղարուեստասէրները բարձր տրամադրութեան մէջ են այս եզակի ժամադրութեան ընդառաջ։ Թէ՛ պոլսահայ եւ թէ ընդհանրապէս քաղաքի երաժշտասէր շրջանակները անհամբեր կը սպասեն՝ յաջորդ հինգշաբթի՝ սեպտեմբերի 21-ի երեկոյեան Հարպիյէի Ճեմալ Ռեշիտ Ռէյ (CRR) համերգասրահի բեմին վրայ ողջունելու համար Երեւանէն «Խաչատուրեան» եռեակն ու Իսթանպուլի Ֆիլհարմոնիի միութեան սենեկային նուագախումբը։ Առանց այդ, որ սա արդէն անկրկնելի նախաձեռնութիւն մըն է, այս մեծ համերգը պիտի զուգադիպի Հայաստանի Հանրապետութեան 32-րդ տարեդարձին։ Այսպէսով, առաջին անգամ քաղաքիս մէջ Հայաստանի Անկախութեան տարեդարձին ճիշդ օրը հանդիսաւոր ծրագիր մը կեանքի կոչուած պիտի ըլլայ։
Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութիւնը ներկայիս բծախնդրօրէն կը վերահսկէ նախապատրաստական աշխատանքները, որոնք թափով յառաջ կը տարուին եւ որոնց համար կարգադիր յանձնախումբին կողմէ բազմակողմանի ջանքեր կը գործադրուին։ ՍԾՏՀԿ-ի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան այս շրջանին իր ուշադրութեան առանցքին կը պահէ այս նախագիծը։ Հարկ է յիշեցնել, որ Արամ Խաչատուրեանի ծննդեան 120-ամեակի յոբելեանը ընդգրկուած է նաեւ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի օրացոյցին վրայ։
Իսթանպուլի մէջ նախատեսուած ձեռնարկները կազմակերպուած են՝ հովանաւորութեամբ Հայաստանի մշտական ներկայացուցչութեան եւ համագործակցութեամբ՝ Երեւանէն Արամ Խաչատուրեանի տուն-թանգարանին, իսկ քաղաքէս՝ «Pera» թանգարանի եւ Իսթանպուլի Ֆիլհարմոնիի միութեան սենեկային նուագախումբը։ Այս նախաձեռնութեան մէջ կարեւոր ներդրում մը ունի նաեւ մեծանուն դաշնակահար Շահան Արծրունի, որու խորհուրդներով եւ ցուցմունքներով յստակացած են ծրագրի հիմնական ուղղութիւնները։ Ծանօթ է, որ դաշնակահար Շահան Արծրունի թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ ամբողջ աշխարհի մէջ Արամ Խաչատուրեանի ստեղծագործութիւններու ամենայաւակնոտ կատարողներէն մին է, միեւնոյն ժամանակ, անմիջականօրէն կը համագործակցի Երեւանի Արամ Խաչատուրեանի տուն-թանգարանին հետ։
Առասպելական վարպետին 120-ամեակին առթիւ Իսթանպուլի մէջ նախատեսուած ծրագրին երկու փուլերէն մին է՝ հինգշաբթի, սեպտեմբերի 21-ին, ժամը 19.30-ին, CRR-ի երդիքին տակ նախատեսուած մեծ համերգը։ Այստեղ յայտագրի սկիզբին պիտի ցուցադրուի գծաֆիլմ մը՝ Արամ Խաչատուրեանի շրջագայութիւններուն վերաբերեալ։ Այս մէկը արտադրուած է Արամ Խաչատուրեանի տուն-թանգարանին կողմէ։ Յայտագրի առաջին բաժնին մէջ հանդէս պիտի գայ Երեւանէն «Խաչատուրեան» եռեակը, որու կազմին մէջ կը գտնուին Արմինէ Գրիգորեան, Կարէն Շահգալդեան եւ Դաւիթ Մելքոնեան։ Համերգի երկրորդ բաժնին մէջ հանդէս պիտի գայ Իսթանպուլի Ֆիլհարմոնիի միութեան սենեկային նուագախումբը՝ խմբավար Օլեքսանտր Սամոյլենքոյի մականին ներքեւ։ Երկու խումբերն ալ հանդէս պիտի գան թէ՛ Խաչատուրեանի ստեղծագործութիւններով եւ թէ անոր ձօնուած յօրինումներով, որոնք Կոմիտասի, Ե. Միրզոյեանի եւ Ռ. Ալթունեանի նման մեծերու կը պատկանին։ Համերգի եզրափակիչ փուլին երկու խումբերն ալ հանդէս պիտի գան Արամ Խաչատուրեանի նշանաւոր «Սուսերով պար» գործով, որ մաս կը կազմէ «Գայեանէ» պալէին։
Ինչպէս արդէն յայտարարուած է, այս համերգին մուտքը ամբողջովին պիտի ըլլայ ազատ, անվճար, որպէսզի երաժշտասէրները հնարաւորութիւն ունենան վայելելու Արամ Խաչատուրեանի արուեստը, ըմբոշխնելու անոր երաժշտութիւնը եւ ի վերջոյ հաղորդ դառնալու համար այն ամէն ինչին, որ Խաչատուրեանի վարպետութեամբ տասնամեակներու հոլովոյթին մէջ խորհուրդի մը վերածուած է։ Հայաստանի ներկայացուցչութեան շփումներուն շնորհիւ ապահովուած է, որ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութեան տնօրինութեամբ CRR համերգասրահը տրամադրուի։ Ներկայացուցչութիւնը նոյն ծիրէն ներս անհրաժեշտ աշխատանքը տարած է նաեւ պատկան բոլոր մարմիններուն հետ։ Այս նախաձեռնութեան յաջողութեան առաջադրութեամբ Իսթանպուլի Ֆիլհարմոնիի միութիւնն ալ շարժման անցուցած է իր բոլոր լծակները։ Այս միութեան ղեկավարութեան մաս կը կազմէ յայտնի մեներգիչ Արթիւր Պաղտասարեան, որ Երեւանի Պետական երաժշտանոցի շրջանաւարտներէն մին է ու մաս կը կազմէ կարգադիր յանձնախումբին։ Զօրակոչի համազօր աշխատանքով մը նախաձեռնութեան ներգրաւուած բոլոր տարրերը առաւելագոյն ջանքերը կը գործադրեն՝ երաժշտասէրներուն համար առաւելագոյնը մատուցելու եռանդով։ Հարկ է նշել, որ «Խաչատուրեան» եռեակի անդամները Իսթանպուլի կարճ կեցութեան օրերուն քաղաքին ծանօթանալու հնարաւորութիւն ալ պիտի ունենան Իսթանպուլի Ֆիլհարմոնիի միութեան նպաստով։
Այս մեծ համերգին առընթեր, Արամ Խաչատուրեանի 120-ամեակին առթիւ տեղի պիտի ունենայ նաեւ ասուլիս մը, «Pera» թանգարանին մէջ։ Սա պիտի բնորոշէ նախագծին պաշտօնական փուլը։ Քաղաքիս դիւանագիտական շրջանակներուն առընթեր այլ պաշտօնական հրաւիրեալներ պիտի մասնակցին ասուլիսին։ Հայաստանի ներկայացուցչութեան տնօրինութեամբ՝ համայնքային շրջանակներէն ալ սահմանափակ մասնակցութիւն մը պիտի ըլլայ։
Թեփէպաշըի «Pera» թանգարանին մէջ, ասուլիսի հիմնական զեկուցողը պիտի ըլլայ Շահան Արծրունի, որու առընթեր Թուրքիայէն երկու հեղինակաւոր երաժշտագէտներ՝ Եիւքսէլ Քոփտակէլ եւ Էվին Իլեասօղլու, նաեւ Երեւանէն Արամ Խաչատուրեանի տուն-թանգարանի տնօրէնուհի Արմինէ Գրիգորեան պիտի գտնուին ատենախօսներու շարքին։ Ասուլիսը պիտի վարէ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան։
Ծրագրուած է, որ այս հաւաքոյթի ընթացքին հակիրճ ողջոյնի խօսքերով հանդէս գան Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան, ՍԾՏՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար դեսպան Լազար Քոմանեսքու, «Pera» թանգարանի տնօրէն Էօզալփ Պիրոլ եւ Իսթանպուլի Ֆիլհարմոնիի միութեան նախագահ Աթիլլա Թունա։
Պաշտօնական ձեռնարկին ժամանակ ալ ներկաները Արամ Խաչատուրեանի արուեստին հետ կենդանի շփումի մը առիթը պիտի ունենան։ Սա պիտի ըլլայ թէեւ կարճ, սակայն բացառիկ։ Արդարեւ, Հայաստանի ներկայացուցչութեան փափաքին ընդառաջ՝ Շահան Արծրունի Արամ Խաչատուրեանի գործերէն նմոյշներ պիտի նուագէ։ Այդ նուագներուն համար «Pera» թանգարանը պիտի տարուի ողբացեալ Ճեմալ Ռեշիտ Ռէյի «Շթայնվէյ» դաշնամուրը։ Ունկնդրութենէն վերջ Սահակ Սարգսեանի կողմէ պիտի յանձնուին կարգ մը յուշանուէրներ եւ պիտի սարքուի պաշտօնական ընդունելութիւն մը։
Հայաստանի ներկայացուցչութիւնը Արամ Խաչատուրեանի 120-ամեակի ձեռնարկներու կազմակերպման համար գործի լծած է կարգադիր յանձնախումբ մը, որ թրքահայ համայնքային շրջանակներէն յայտնի դէմքերէ կը բաղկանայ։ Այս յանձնախումբը պարբերական ժողովներով եւ տենդագին աշխատանքով ջանք ու եռանդ չի խնայեր, որպէսզի պատմական նախաձեռնութիւնը պսակուի փայլուն յաջողութեամբ։
Սեպտեմբերի 21-ի համերգին ընդառաջ, համայնքային շրջանակները արդէն իրենց օրացոյցին վրայ գրաւուած օրի վերածած են համերգին թուականը։