ՆՈՒՄԱՆ ՔՈՒՐԹՈՒԼՄՈՒՇ ԵՒ ԱԼԷՆ ՍԻՄՈՆԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՆ ԺԸՆԵՒԻ ՄԷՋ

Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Նուման Քուրթուլմուշ երէկ Ժընեւի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի հետ։ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ գործընթացէն ներս երկու երկիրներու միջեւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ շփումները այս շրջանին իրարու կը յաջորդեն։ Նուման Քուրթուլմուշի եւ Ալէն Սիմոնեանի հանդիպումն ալ կ՚ընկալուի Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղեալ ջանքերու համայնապատկերին վրայ։ Պաշտօնական աղբիւրները զրոյցի բովանդակութեան մասին մանրամասնութիւններ չեն հրապարակած։

Նուման Քուրթուլմուշ եւ Ալէն Սիմոնեան Ժընեւի մէջ կը գտնուէին՝ մասնակցելու համար Միջխորհրդարանական միութեան հաւաքին։ Նոյն հաւաքին ներկայ էր նաեւ Ատրպէյճանի Ազգային ժողովի նախագահը։ Սկիզբին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի խորհրդարանի նախագահներուն միջեւ ալ հանդիպում մը նախատեսուած էր, սակայն, այդ մէկը վերջին պահուն տեղի չունեցաւ։

Ալէն Սիմոնեան հանդիպումէն վերջ յայտնեց, որ կողմերու միջեւ համաձայնութիւն գոյացած է ապագային կապի մէջ մնալու եւ նոր շփումներ ունենալու համար։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2024