ՀԵՆՐԻԽ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ԱՇԽԱՐՀԻ ԼԱՒԱԳՈՅՆ 50 ԽԱՂԱՑՈՂՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔԻՆ
Հայկական ֆութպոլի արդի մեծագոյն աստղը՝ Հենրիխ Մխիթարեան ընդգրկուեցաւ աշխարհի լաւագոյն 50 ֆութպոլէօրներու ցանկին մէջ։ Goal.com կայքէջի վարկածով ընթացիկ տարուան 50 լաւագոյն խաղացողներու շարքին է 27-ամեայ Հենրիխ Մխիթարեան, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի կիսապաշտպանն է ու ներկայիս Անգլիոյ մէջ կը կրէ «Մենչըսթըր Եունայթըտ» ակումբի մարզաշապիկը։
Ըստ կայքէջին, թէեւ Հենրիխ Մխիթարեանի «Օլտ Թրաֆորտ»ի ոդիսականը այնքան ալ յաջողութեամբ չսկսաւ, սակայն ան անցեալ մրցաշրջանին փայլուն ձեւով հանդէս կու գար Պունտեսլիկայի մէջ, «Պորուսիա Տորտմունտ» ակումբի մարզաշապիկով՝ որպէս յարձակողական ոճով կիսապաշտպան։ Մխիթարեան արձանագրած էր 11 կոլ ու դարձած՝ 15 կոլային փոխանցման հեղինակ։ Կայքէջի կանխատեսումներով, կայուն խաղային հնարաւորութիւն եւ գործնականութիւն ստանալու պարագային Մխիթարեան ապահովաբար պիտի արդարացնէ նաեւ իր փոխանցման համար «Մենչըսթըր Եունայթըտի» կողմէ վճարուած 42 միլիոն եւրոն։