ՃԻՇԴ ԱՊՐԻԼ
Երգիծանքը կ՚երեւի ամենադժուար ոլորտներէն մին է։ Բարդ է, որովհետեւ խորք չունենալու պարագային ամբողջութեամբ կրնայ ձախողիլ։ Անշուշտ, խորքայնութեան պարագան յարաբերական է, անձէ անձ կը փոխուի. սա արդէն տարբեր հարց։ Յամենայն դէպս, իւրաքանչիւրը երգիծանքին մէջ՝ իր որակին ու մակարդակին համեմատ խորք մը կ՚ակնկալէ։
Չարլի Չափլինի խօսքերը մէջբերենք. «Ոեւէ մէկը պիտի չյօժարի ձեզ ընդունիլ այնպէս, ինչպէս որ էք։ Ուստի, ապրեցէ՛ք այնպէս, ինչպէս որ ճիշդ կ՚ընդունիք»։
Հապա մարդ արարածը ինքզինք կ՚ընդունի՞ այնպէս, ինչպէս որ է: Կը յօժարի՞։
Երգիծանքին խորքը գուցէ պէտք է փնտռել մարդու հակասութիւններուն մէջ, որոնք երբեմն ակամայ զինքը կը մատնեն ու կը մերկացնեն՝ յաչս նմաններուն։ Մարդը թէեւ բնութեան մասն է, բայց սովոր է յաճախ ինքզինք տարանջատել բնութենէն կամ ինքզինքը այնպէս դասել։ Իրականութեան մէջ, միայն բնութիւնը չէ՞, որ մարդը կ՚ընդունի այնպէս, ինչպէս որ է։
Ուրեմն, ո՞րն է ճիշդ ապրիլը։