ԽՆԴՐԻ ՄԷՋ ԽՆԴԻՐ
Հայաստանի նախկին վարչապետներէն Արամ Սարգսեան, որ ներկայիս «Հանրապետութիւն» կուսակցութիւնը կը գլխաւորէ եւ իշխանութեան սատար արտախորհրդարանական քաղաքական ղեկավարներէն մին է, վերջին օրերուն «Ազատութիւն» ռատիօկայանին հարցազրոյց մը տուաւ՝ երկրի հրատապ օրակարգի հարցերուն շուրջ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Կարլէն Ասլանեանի կողմէ կատարուած հարցազրոյցին սղագրութիւնը։
*
-Սահմանին կը հանդիպին Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանագծման յանձնաժողովները։ Դուք կո՞ղմ էք, որ առանց միջնորդի բանակցին խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ, ինչ որ Պաքուն կ՚առաջարկէ։
-Ես կը կարծեմ՝ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան հիմնական ձեռքբերումն է, որ կարելի եղաւ ընդլայնել խաղաղութեան հետ կապուած կամ Ատրպէյճանի հետ շփումներու ծաւալը, դուրս հանել զանոնք եռակողմանի պայմանաւորուածութենէն՝ ներգրաւելով եւրոպական բազմաթիւ երկիրներ, բազմաթիւ առաջնորդներ. բան մը, որու վերջնական արդիւնքը եղաւ Կրանատայի մէջ ստորագրուած փաստաթուղթը։ Ես կը կարծեմ, թէ սա ձեռքբերում է ու պէտք է կանգնիլ մասնաւորապէս ձեռքբերման վրայ։ Բայց կան խնդիրներ եւ հարեւանի հետ երբեմն պէտք են ուղիղ շփումներ։ Ես չեմ կարծեր, թէ սահմանային այս շփումները որոշ խնդիր կը լուծեն։ Եթէ տեղական, ջրօգտագործման, գիւղատնտեսական աշխատանքներու եւ այլնի հետ կապուած խնդիրներ կան, այո՛, կարելի է նաեւ սահմանի վրայ հանդիպիլ եւ այդ հարցերը քննարկել։ Բայց ես չեմ կարծեր, թէ այդ հանդիպման ընթացքին կը քննարկուին Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագրի հարցերը։
-Ճիշդ կը համարէ՞ք, որ այդ ալ նոյն ձեւաչափի վերածուի։
-Ես կը կարծեմ, թէ պէտք է զերծ մնալ նման հանդիպումներէն, հնարաւորութեան սահմաններու մէջ հրաժարիլ անկէ եւ խնդիրը դնել աւելի կլոպալ հարցերու լուծման հարթութեան վրայ, որովհետեւ խնդիրները պէտք է լուծուին ո՛չ թէ ներքեւէն վերեւ, այլ վերեւէն ներքեւ։ Այսինքն՝ նախ պայմաններու հետ, ընդհանուր մօտեցումներու հետ ընդհանուր յայտարարի գալ, յետոյ անցնիլ իւրաքանչիւրի տող առ տող կատարման, այդ պարագային, ի հարկէ, արդէն տեղական հանդիպումները, նոյնիսկ մարզային մակարդակի հանդիպումները կրնան դառնալ էական։
-Բայց անհրաժեշտ է երաշխաւոր մը։
-Միանշանակ։ Ատրպէյճան նոյնիսկ եթէ տայ այդ որոշումը, այսինքն սեփական մեկնաբանութեամբ բնորոշէ, անոր հետ գործընթացները առանց երաշխաւորի անիմաստ են։
-Պաքու կը մերժէ Ուաշինկթընի դերը եւ սա կ՚ընէ հրապարակաւ կոշտ բառապաշարով։ Սա կը նշանակէ, թէ փակուա՞ծ է ամերիկեան բանակցային ձեւաչափը։
-Բացարձակապէս այդպէս չեմ համարեր։ Ես կը կարծեմ նաեւ, թէ Ուաշինկթըն ժամանակակէտ տուած է Ատրպէյճանին՝ մինչեւ տարուան վերջը խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրելու համար եւ ան յոյս ունի, թէ խաղաղութեան պայմանագիրը մինչեւ տարուան վերջը կը ստորագրուի։ Անկեղծ ըսած՝ ես այդքան լաւատես չեմ, բայց սա ակնյայտ է եւ պէտք է ըսեմ, որ Ուաշինկթընն ալ շատ կը կոշտացնէ իր հռետորաբանութիւնը Պաքուի պարագային։ Արդարեւ, Օ՚Պրայըն վերջին յայտարարութեան մէջ կ՚ըսէ, որ կը կիրառուին հնարաւոր բոլոր միջոցները։ Իսկ բոլոր հնարաւոր միջոցները քաղաքական բառապաշարով կը նշանակէ նաեւ, թէ կրնան ռազմական միջոցներ կիրառել։
-Ատրպէյճան պատասխանին մէջ կ՚ըսէ, թէ մեզի հետ այդ լեզուով չխօսիք եւ ենթադրաբար թիկունքին ունի Թուրքիան ու Ռուսաստանը, որոնք իրեն թոյլ կու տան այսպիսի բառապաշար։
-Միանշանակ։ Ատրպէյճանը կ՚ուղղորդեն Ռուսաստանն ու Թուրքիան եւ այդ ուղղորդման ենթաթեքստին է նաեւ, որ Ատրպէյճան կը փորձէ կերպով մը ազդել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու վրայ։ Ատրպէյճանի նախագահը կը կարողանայ երկուստեք բողոքներ ներկայացնել. օրինակ՝ ԱՄՆ-ին կը ներկայացնէ, որ ինք լուրջ խնդիրներ կ՚ունենայ Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ հետ, եթէ ինչ-ինչ հարցեր ընէ։ Ռուսաստանին ու Թուրքիոյ կը ներկայացնէ, որ ինք ԱՄՆ-ի հետ լուրջ խնդիրներ կ՚ունենայ, եթէ իրենց ըսածով ընէ։ Եւ այս պարագային կը փորձէ երկու կողմէն ալ որոշ շահեր ունենալ։ Ընդհանրապէս, սա յաղթող կողմին բնորոշ է։ Ըսեմ, որ սա գաղտնիք չէ՝ 90-ական թուականներուն մենք ալ այդպէս վարուած էինք պատերազմի յաղթանակէն յետոյ։ Հիմա Ատրպէյճան կը բողոքէ, որ Արեւմուտքը իր վրայ պատժամիջոցներ կը կիրառէ եւ հրահրուածին հետեւանքով, ինքը պատրաստ չէ ընել։ Այս պարագային ի՞նչ տեղի կ՚ունենայ։ Ռուսաստանն ալ պատժամիջոց կը կիրառէ Հայաստանին՝ ուղղակի կամ անուղղակի կամ ըսենք, որ որոշ բեռներ չի թողեր Արեւմուտքին ի հակառակ եւ այստեղ կը ստացուի, որ Ատրպէյճան իր պարտաւորութիւնները կամ խոստումները չկատարելու համար կ՚իյնայ արեւմտեան պատժամիջոցներու տակ, Հայաստանն ալ կ՚իյնայ անոր հակառակ Ռուսաստանի պատժամիջոցներու տակ եւ հռետորական հարց կարելի է ուղղել՝ ի՞նչ, ե՞րբ եւ ո՞ւր հաղորդաշարի մասնակիցներուն։ Ըսէք, թէ ո՞վ է Հայաստանի բարեկամը։ Այս պարագան այնքան ակնյայտ է, որ Արեւմուտքը կ՚աջակցի մեզի՝ պաշտպանելով մեր ինքնիշխանութիւնը, ինքնուրոյնութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը 1991 թուականի Ալմա Աթայի համաձայնագրի շրջանակներուն մէջ։ Իսկ Ռուսաստան, Թուրքիա եւ Ատրպէյճան չեն ուզեր անոր հետ համաձայնիլ, չեն ուզեր խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրել, կը սպասեն աշխարհաքաղաքական կարգ մը զարգացումներու, որպէսզի ռէօվանշի հնարաւորութիւն ունենան։ Իսկ Արեւմուտքը յստակ կ՚ըսէ, որ այն ռէօվանշը, որ դուք կ՚ուզէք ճանապարհի առումով, մենք թոյլ չենք տար, այդ պարագային կ՚օգտագործենք մեր ձեռքերուն տակ եղած բոլոր միջոցները։ Եւ աւելին կ՚ըսէ՝ եթէ նոյնիսկ հասնիք անոր, այդ ճանապարհը պիտի չգործէ։
-Բայց, միւս կողմէ, ո՛չ ԱՄՆ-ը, ո՛չ ալ Եւրոմիութիւնը կանխեցին Լեռնային Ղարաբաղի հայաթափումը՝ հակառակ նոյնատիպ կոշտ հաւաստիացումներուն, թէ այդ մէկուն իրականացման թոյլ չեն տար։
-Գիտէք, այո՛, կանխել ըսուածը կախեալ է նաեւ Հայաստանի քայլերէն ու այս պարագային ալ կախուած է Հայաստանի քայլերէն։ Տեսէ՛ք, թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Լեռնային Ղարաբաղի մեղքը կայ այդ առումով, որովհետեւ ուղիղ վեց ամիսէ ի վեր ես կ՚ըսէի՝ եկէք, դիմենք էթնիք զտումներու եւ ցեղասպանութեան յանձնաժողովի՝ Լեռնային Ղարաբաղ հրաւիրելու դիտորդական խումբ։ Խօսած եմ թէ՛ Ռուբէն Վարդանեանի, թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին, թէ՛ Արայիկ Յարութիւնեանի հետ, նաեւ կար խումբ մը, որ կ՚աշխատէր իրաւական թեւով այդ ուղղութեամբ ու պատրաստ էր փաստաթուղթերը ներկայացնելու։ Խնդիրը այն է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը կառավարութեան նիստին հրահանգեց պատրաստել այդ փաստաթուղթերը եւ անոնք պատրաստեցին։ Ինչո՞ւ։ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնը եւ Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւնը կը համարէին, որ այդ պարագային Ատրպէյճան կրնայ յարձակիլ, զգուշաւորութիւն կը ցուցաբերէին։ Այդ զգուշաւորութեան փոխարէն չյարձակեցա՞ւ։ Հիմա նոյն խնդիրը նոյն կերպ, երբ կ՚ըսէք ՀԱՊԿ-էն դուրս եկէք, որովհետեւ ՀԱՊԿ-էն դուրս գալը լրացուցիչ վահան պիտի դառնայ, որովհետեւ իրենք պիտի յարձակին արդէն ԱՄՆ-ի գործընկեր Հայաստանի վրայ, Ռուսաստանէն պոկուած Հայաստանի վրայ ու դուրս կու գայ, որ դուք ռուսական հրահանգներով կը յարձակիք Հայաստանի վրայ, իրենք անոր ալ զգուշաւորութիւն կը ցուցաբերեն։ Այսինքն խնդիրը այն կէտին վրայ է, որ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւնը կը շնորհաւորէ Տոնպասը, Լուկանսքը, Աբխազիոյ եւ Օսեթիոյ օրինակը կը բերէ, ինք չի ճանչնար Քոսովայի անկախութիւնը, որու կողմնակիցն է Արեւմուտքը, որու պարագային ինքը Արեւմուտքէն լրացուցիչ օժանդակութիւն կը ստանար։
-Այս առիթով ըսեմ, որ միեւնոյն է, մարդու իրաւունքները կը մնան մարդու իրաւունքներ, Արեւմուտքը հռչակած է այդ արժէքներու պաշտպանութիւնը եւ իրենց աչքին առջեւ տեղի ունեցաւ էթնիք զտում եւ միջազգային խաղաղապահներ ալ չեղան։ Այս բոլորի մասին դուք ի՞նչ համոզում ունիք։
-Այո՛, այդ մէկը միանշանակ այդպէս է։ Արեւմուտքը այս պարագային Լեռնային Ղարաբաղի հարցը լուծուած չի համարեր եւ առ այսօր ալ հարցը կը բարձրաձայնէ։ Ինքը մշտապէս ըսած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւնը ունի իրաւունքներու եւ անվտանգութեան խնդիր եւ այսօր ալ կը պահանջէ, որ այդ իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը ապահովուին եւ Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչները վերադառնան Լեռնային Ղարաբաղ։ Այստեղ կայ լուրջ գործընթաց, որու պարագային չես գիտեր ինչու Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները որոշ առումով կը զգուշանան կամ կը յապաղին, բայց նման բան կ՚ուզէ այսօրուան պարագային Ռուսաստանը։ Այսինքն Լեռնային Ղարաբաղի հարցը բացարձակապէս փակուած չէ։ Եթէ նայինք Քոսովայի օրինակին, այդտեղ մէկուկէս միլիոն մարդ լքած է Քոսովան, դուրս եկած է, յետոյ դարձեալ վերադարձած է, որովհետեւ տուեալ երկիրը՝ Սերպիան չէ կրցած ապահովել այն պայմանները, որպէսզի անոնք վերադառնան, անոր համար ՄԱԿ վերցուցած է իր ազդեցութեան տակ, չորս բուրգեր ստեղծած է, որոնցմէ միայն ժողովրդավարութիւնը տուած է ԵՄ-ին, մնացեալները՝ անվտանգութիւն, դատական իշխանութիւն եւ այլն, վերցուցած է իր վրայ եւ մարդիկ վերադարձած են։ Ոեւէ մէկը չի կրնար բացառել, որ հիմա դարձեալ նման ընթացք հնարաւոր պիտի ըլլայ։
-Իսկ լուրջ փաստարկ չէ՞, որ Պրիւքսէլի համար ուժանիւթի շահերը աւելին են՝ քան հայերու ճակատագիրը։
-Բացարձակապէս սա այդպէս չէ, որովհետեւ եթէ այդպէս ըլլար, նախ Արդարադատութեան միջազգային ատեանը նման որոշում չէր առներ։
-Այդ մէկը փաստաթուղթի վրայ մնաց ցաւօք…
-Գիտէք, Ատրպէյճան 26 տարի թուղթի վրայ ունեցաւ ՄԱԿ-ի չորս որոշումները եւ 26 տարի յետոյ հասաւ արդիւնքի։ Ես կը կարծեմ, թէ մենք շատ աւելի կարճ ժամանակով՝ 4-5 տարիով կրնանք հասնիլ արդիւնքի։ Մենք այսօր գերխնդիր ունինք։ Այդ խնդիրը կը վերաբերի անոր, թէ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը հնարաւորութիւն ունենայ վերադառնալ Լեռնային Ղարաբաղ, վերադառնալ բնակավայրերը։ Եթէ այնտեղ կ՚ապրի հայ մարդը, այդ խնդիրը պիտի լուծուի։ Խնդիրը պիտի լուծուի իրաւունքի շրջանակներէն ներս։ Արեւմուտքը մշտապէս ըսած է, որ այդ խնդրի լուծումը կը տեսնէ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի եւ ընդհանուր պետութեան համատեսքին մէջ։ Մենք միշտ համարած ենք, որ այդ երկու սկզբունքները իրարու կը հակասեն։ Բայց իրականութեան մէջ այդ մէկը այդպէս չէ։ Արեւմուտքը ապացուցանած է, որ այդ երկու սկզբունքները իրարու բացարձակապէս չեն հակասեր։ Ընդհանուր պետութեան մէջ կը գործէ պետութիւն, որ ունի բանակ, ունի սեփական ընտրուած իշխանութիւն եւ սեփական դրամ։ Նոյնը Հոնկ Քոնկի պարագային է, Թայուանը քիչ մը տարբեր է, բայց սկիզբին՝ մէկ պետութիւն, երկու համակարգ։ Այսինքն, Արեւմուտքը չէ հակադրած այդ մօտեցումները։ Մենք հակադրաբար վերաբերուեցանք անոնց, ըսինք՝ ո՛չ, մենք միայն անկախութիւն կ՚ուզենք, կամ Հայաստանի հետ միացում։ Արեւմուտքի մօտեցումներու հետ չէին համընկներ։ Մենք Արեւմուտքի հետ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան առումով երբեք խնդիր չենք ունեցած։ Մենք Արեւմուտքի հետ խնդիր ունեցած ենք Լեռնային Ղարաբաղի հետ կապուած, որովհետեւ Արեւմուտքը կը պահանջէ Ռուսաստանէն 1991 թուականի ՄԱԿ-ի մէջ ընդունուած կարգով նախկին Սովետական պետութիւններու տարածքներու ամբողջականութեան ճանաչում։ Նոյն պահանջը կ՚երթայ Ուքրայնայի պարագային, նոյնը Վրաստանի պարագային, այդ դէպքով Աբխազիային, Օսեթիոյ պիտի երթայ, նոյնը կ՚երթայ Ատրպէյճանին, կ՚ըսէ ճանչցիր Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը 1991 թիւով։ Այս մէկը ձեռնտո՞ւ է։ Ո՛չ, ձեռնտու չէ։ Միանշանակ է, այսօրուայ պարագային մէջ սա թիւ մէկ խնդիր է նոր պատերազմ թոյլ չտալու համար, որպէսզի մեզի համար դառնայ ձեռնտու։ Այսօր Ռուսաստանը, Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը ուրիշ խնդիր կ՚ուզեն լուծել։ Եւ այդ ուրիշ խնդրի լուծման ենթաթեքստին մէջ է, որ Արեւմուտքի աջակցութիւնը կը դառնայ գերկարեւոր, որպէսզի մեր կորուստները չշարունակուին։
-Այսինքն որպէսզի անոնք ուժի կիրառմամբ միջանցք չբանան։
-Ամբողջ խնդիրը այն է, որ ես կը հետեւիմ նաեւ Ատրպէյճանի տնտեսութեան զարգացման ընթացքին եւ հասկնալով, որ պատերազմներուն կամ հակադրութիւններուն մէջ կը յաղթեն պետութիւնները, ո՛չ թէ բանակները։ Ատրպէյճան լուրջ ազդեցութեան ներուժով աշխարհին կազ ու նաւթ կու տայ, մենք ի՞նչ կու տանք, մենք ունի՞նք տալու բան մը։ Այդ բանը տալով կրնա՞նք խնդիր լուծել։ Այսինքն, այս ենթաթեքստով՝ երբ Ատրպէյճանը նայած է եւ որոշած է, թէ իր երկրի տնտեսութիւնը պէտք է զարգացնէ, այդպէս կը մտածէ նաեւ Թուրքիան, որովհետեւ 20 տարի յետոյ կազի եւ նաւթի խնդիրները այդ պահանջը արդէն պիտի չունենան, հետեւաբար իրենք պիտի իյնան, նաեւ իրենց պաշարներն ալ կը վերջանան։ Եւ իրենք որոշած են, որ իրենց երկիրը պիտի դառնայ լոժիսթիք կեդրոն մը՝ միջազգային լեզուով ըսած, իսկ հայերէնով՝ տարածաշրջանային խոշոր փոխադրական խաչմերուկ, որով բոլոր ճանապարհները անցնին Ատրպէյճանով։ Իսկ այդ բանին հնարաւորութիւնը այն պարագային կ՚ըլլայ, երբ չանցնի Իրանով։ Որովհետեւ Իրան պատժամիջոցներու տակ է։ Հետեւաբար, այդ ճանապարհը պէտք է անցնի Հայաստանով։ Որպէսզի այս ճանապարհը անցնի Հայաստանով, ըստ ատրպէյճանցիներուն, վերահսկողութիւն կամ անվտանգութիւն ապահովելու համար պէտք է այնտեղ կանգնին ռուսերը, որոնք նախ անվտանգութիւն ապահովեն։ Երկրորդ, սա ռուսերուն ալ պէտք է, կ՚աջակցի անոնց, որպէսզի իրենք այդ ճանապարհը անցնելու խնդիր չունենան ՀԱՊԿ-ով, չեմ գիտեր միւսով։ Գիտէք, եթէ այդպէս ընէք, տեղ մը կը խառնուիք պատերազմի։ Այստեղ ընդհանուր յայտարարի եկած են եւ իրենք կ՚ուզեն այդ ճանապարհը, որպէսզի Ատրպէյճան դառնայ միջազգային փոխադրական խաչմերուկ։ Եւ Արեւմուտքն ալ կ՚ըսէ, որ ինք դէմ չէ այդ միջազգային փոխադրական խաչմերուկին։ Ինքը դէմ է, որ այդ միջազգային փոխադրական խաչմերուկը վերահսկուի ռուսերու կողմէ։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ Թուրքիան, Ռուսաստանը արգիլուած ապրանքներու առեւտուր կ՚ընեն։ Ընդհանրապէս, Արեւմուտքը կ՚ուզէ, որ այս տարածաշրջանը դուրս գայ Ռուսաստանի ազդեցութիւններէն։
Արեւմուտքը այստեղ երեք խնդիր կը լուծէ։ Տեսէք, նոյնիսկ այս իրավիճակով, երբ Իսրայէլի մէջ խնդիր կայ, Ուքրայնայի մէջ խնդիր կայ, Պլինքըն կ՚անդրադառնայ Հայաստան-Ատրպէյճան խնդիրներուն։ Կ՚ըսէ այս խնդիրները պիտի լուծէ, կը հեռաձայնէ Ալիեւին եւ կը հեռաձայնէ Նիկոլ Փաշինեանին։ Օ՚Պրայըն յայտարարութիւն կ՚ընէ, կը պաշտպանէ Նիկոլ Փաշինեանը։ Կ՚ըսէ, որ ինք դրական միտում եւ խիզախութիւն կը տեսնէ Նիկոլ Փաշինեանէն։ Այսինքն, այստեղի, ինչպէս ըսեմ, նախկիններու խօսքով ըսած՝ Օ՚Պրայըն դարձած է Նիկոլ Փաշիեանի զոմպին, կը գովէ։ Բայց ԱՄՆ Արեւմուտքի աշխարհի ամենախոշոր երկիրն է՝ ամենահզօր տնտեսութեամբ։ Մենք պէտք է օգտուինք այն առաւելութենէն, որ Արեւմուտքը Հայաստանի իշխանութիւններուն դրական կը նայի։ Հայաստանի իշխանութիւնները պէտք է հասկնան, որ անկէ պէտք է օգտուիլ։ Արեւելքի վերաբերմունքը գին ունի, այդ գինը պէտք է վճարես։ Վճարելու ամենաբարձր գինը ՀԱՊԿ-էն դուրս գալն է։ Դուն կ՚ըսես՝ մենք դուրս պիտի գանք ՀԱՊԿ-էն ու անոր դիմաց կը պահանջես սպառազինութիւն։
-Բայց չեն ըսեր, ըստ էութեան, կը բաւարարուին միայն պոյքոթով։ Արդեօք սա ձեզ կը բաւարարէ՞։
-Շատ վատ է, որ չեն ըսեր ու անոր համար ես կը քննադատեմ իշխանութիւնները ու անով է, որ մենք կը տարբերինք միւս ընդդիմադիր ուժերէն, որոնք կ՚ըսեն, թէ Ռուսաստանի հետ լաւ յարաբերութիւններու պարագային կարելի է խնդիրները լուծուին ու նոր պատերազմ չ՚ըլլար։ Այս ենթատեքստը կու գայ տակաւին 2020 թուականէն, այսինքն՝ եթէ Ռուսաստանի հետ լաւ ըլլայինք, նոր պատերազմ չէր ըլլար եւ սա կ՚ըսեն լուրջ մարդիկ՝ ըսենք Հայաստանի Հանրապետութեան երրորդ նախագահը, որ Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծման օրէն ի վեր գիտէ երկրի անցուդարձը ամբողջութեամբ, ոեւէ մէկը իրեն չափ չի գիտեր։ Այստեղ խնդիրը այն է, որ անկախ անոնցմէ, ո՛վ որ ըլլար Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութեան գլուխը, այդ պատերազմը պիտի ըլլար եւ իր իշխանութեան ժամանակէն այդ մէկը եղած է։ Սերժ Սարգսեան շատ լաւ գիտէ, թէ ինչպէ՛ս եղաւ, որ Ռուսաստան զինք ուզեց փոխարինել Կարէն Կարապետեանով ու Նիկոլ Փաշինեան թոյլ չտուաւ ու Կարէն Կարապետեանը չդարձաւ։ Ռուսաստան որոշում ներկայացուցած էր, որ պէտք է Սերժ Սարգսեանը փոխուի։ Սերժ Սարգսեանն ալ կ՚ըսէ, թէ ժողովրդավարութիւնը այդքան ալ լաւ բան չէ։ Իսկ լա՞ւ բան էր, որ քեզ կ՚ուզէին փոխել։ Անոր լաւը ո՞րն էր, երբ դուն ճիշդ կողմնորոշում ըրած էիր ու կ՚երթայիր համաձայնագրի։ Իսկ այդ պատերազմը պիտի ըլլար պարզ պատճառով մը, որովհետեւ Ռուսաստանի իշխանութիւնները որոշած էին, կը համարէին, որ Սովետական Միութեան փլուզումը 20-րդ դարու ամենամեծ դժբախտութիւնն է եւ կը գտնէին՝ որ այդ մէկը պէտք է վերականգնել։ Այդ մէկը վերականգնելու համար իրենք պէտք է նախ հարաւին ամրացնէին իրենց թիկունքները, ունենային ՆԱԹՕ-ի անդամ Թուրքիոյ հաւատարմութիւնը։ Իսկ ՆԱԹՕ-ի անդամ Թուրքիոյ հաւատարմութիւնը ստանալու համար Ատրպէյճան-Հայաստան այս ենթաթեքստին մէջ պէտք է խնդիրը լուծէին ի նպաստ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի։ Աւելի վերջ սկսէին Ուքրայնայով ու մտնէին Մոլտովա, յետոյ մտնէին Վրաստան եւ երթային Միջին Ասիա։ Սա Ռուսաստանի շահերէն բխող խնդիր էր եւ ակնախ անկէ, թէ ո՛վ կ՚ուզէր ըլլար, այս պատերազմը տեղի պիտի ունենար։ Ինչ կ՚ուզէր ընէր, ըսենք Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը ըլլար Լեւոն Տէր-Պետրոսեանը, Ռոպերթ Քոչարեանը, Սերժ Սարգսեանը, ինչ ձեւով ուզէին աշխատէին, ինչ նուէր կ՚ուզէին տային Փութինին, այս պատերազմը կ՚ըլլար։ Առաւել եւս, որ Ատրպէյճան կրցած էր իր սպառազինութիւնը վեց անգամ աւելցնել ուժային տարբերակով, հանգիստ խնդիրը կը լուծէր։ Այսինքն, այստեղ որեւէ խնդիր չկայ։ Հետեւաբար, այս ենթաթեքստին մէջ մենք ուղիղ կ՚ըսենք, որ մեր ուղին դէպի Արեւմուտքն է, դէպի այն հովանոցը, որ մեր անվտանգութիւնը, մեր ինքնիշխանութիւնը կ՚ունենայ եւ մեր երկիրը ներքին մեր ճանապարհները սպասարկելու տէր կը կանգնի։ Արեւմուտքը կ՚ըսէ, թէ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը լուծուած չէ, կ՚ըսէ՝ ուժով կամ ուժի սպառնալիքով խնդիրներու լուծում կարելի չէ եւ այդ առումով որոշ քայլեր կ՚առնէ։ Լա՞ւ կ՚ընէ, ամբողջակա՞ն կ՚ընէ։ Ի հարկէ, ո՛չ, ես ալ դժգոհ եմ։ Ի հարկէ, բազմաթիւ քայլեր կան, անկախ անոնցմէ Հայաստանի թէ Արցախի իշխանութիւնները կ՚ըսէին, որ չէ՛, իրենք պէտք է ընէին։ Բայց իրենք ալ կը հակադարձեն, չէ՞։ Ես ուղիղ կապեր ունիմ, չէ՞։ Իրենք ալ կ՚ըսեն, թէ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան պէտք է երթար Սոֆիա հանդիպման, ինքը մերժեց ու չգնաց։ Անկէ յետոյ ես իրմէ խնդրեցի, ըսի, թէ ինչո՞ւ հանդիպում չէք ըներ։ Երբ չէք հանդիպիր, խնդիրը պատերազմով կը լուծուի։ Ըսի մենք հանդիպինք։ Հանդիպում կազմակերպենք, չեմ գիտեր, Փրակի կամ Ամսթերտամի մէջ, ի՞նչ տարբերութիւն, երբ բանակցողը Ռուսաստանի ներկայացուցիչն է։ Ռուսաստանէն ինչ ըսեն, նաեւ կ՚ընէ։ Այստեղ արդէն բանակցութիւնը կազմակերպողի կամ բանակցային վայրի խնդիրը որեւէ ազդեցութիւն չունի։ Դուք կ՚ընդունի՞ք այս պատասխանը, ես չեմ ընդունիր։
-Այդ կտրուկ քայլը կրնայ գին ունենալ։ Դուք գիտէք՝ ռուսերը ի՛նչ մեթոտներ ունին. կազը կը թանկացնեն, դրամական փոխանցումները կ՚արգիլեն, Լարսը, արդէն կը տեսնէք, ինչ կ՚ըսեն։
-Ի հարկէ, գին կ՚ունենայ։ Մենք ի՞նչ կ՚ուզենք։ Մենք կ՚ուզենք անկա՞խ պետութիւն ըլլալ, ունենալ անկախութի՞ւն եւ մեր սերունդներուն, մեր զաւակներուն զարգացող, բարգաւաճող, իր տեսակով աչքի՞ զարնող պետութիւն թողել, թէ մենք կ՚ուզենք տեղաւորուիլ «քիչ մը կազը չթանկանայ, չարութիւն կ՚ընենք, Լարսը կը փակենք» սկզբունքի վրայ։ Մենք Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ալ այդպէս մտածեցինք, քաղցրաւենիքներով ռուսական զօրքերը կը դիմաւորէինք, Փութինի մեծադիր լուսանկարը կը հանէինք Z նշանի հետ, այնպէս կը մտածէինք, որ մեզ կը պաշտպանեն։ Սա ըրի՞ն։ Իրենց աչքին առջեւ վռնտեցին հայերը իրենց հայրենիքէն, անոնք կանգնած նայեցան, թէ ինչպէ՛ս Լեռնային Ղարաբաղի տարածք կը ներխուժեն ատրպէյճանցիները եւ իրենց ներկայութեամբ իրենք իրենց ձեռքով Ատրպէյճանին յանձնեցին Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւնները, որոնք այդքան տարի իրենց խորհրդանիշը եղած են։ Այդ Զաթուլինը, որ կը խօսի ամիսներով, Բակօ Սահակեանի հիւրն էր։ Քանի մը անգամ եղած եմ այդ հանդիպումներու ժամանակ ճաշկերոյթներուն, տեսած եմ, թէ ինչպէ՛ս կը պահէին Զաթուլինն ու իր ընտանիքը այդտեղ։ Այսօր անոնք հանգիստ այդ մարդոց յանձնեցին։ Ռուսաստանը ո՛չ ընկեր, ո՛չ բարեկամ, ոչ մէկ բան է իրենց համար, իրենք սա չեն գնահատեր։ Մենք այդ քայլը առնենք, թէ չառնենք, այսօր դուրս գանք, թէ չգանք ՀԱՊԿ-էն, իրենք պիտի շարունակեն բաժնել Հայաստանը։ Ի սկզբանէ, որոշում ունեցած են, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը պիտի ունենայ ազգային փոքրամասնական կարգավիճակ Ատրպէյճանի կազմին մէջ՝ Ատրպէյճանի անձնագրով, Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացին ալ պիտի ունենայ ազգային փոքրամասնութեան կարգավիճակ Ռուսաստանի կազմին մէջ՝ Ռուսաստանի անձնագրով։ Պատահական չէր, որ այստեղ Թաթարիստանէն կը խօսէին, պատահական չէր, որ կ՚ըսէին՝ Հայաստանը Թաթարիստանի կարգավիճակ ունենայ։ Իրենք մեզ նոյնիսկ միութենական չէին ուզեր։ Իրենք մեզ նոյնիսկ միութենական չեն պատկերացներ, որովհետեւ միութենականի պարագային ալ մենք ինչ-որ պահուն որոշենք ու ըսենք, ովքեր միջանցքին կը տանին, կը բերեն, վերցուցէք դուրս գացէք, Թուրքիայի եւ Ատրպէյճանի հետ ընդհանուր յայտարարի տուէք։ Որովհետեւ իրենք Ատրպէյճանին ու Թուրքիային ալ չեն վստահիր։ Անոր համար պէտք է, որ մենք ինքնավար ծայրագաւառի կարգավիճակ ունենանք, որպէսզի մենք այդ որոշումներն ալ չկայացնենք։ Այս է խնդիրը։ Խնդիրն է Հայաստանը լուծարել, այստեղ մենք կը մտածենք մեղմ վարուիլ, յետոյ ի՞նչ։ Ընդհակառակն, երբ որ մենք դուրս կը հանուինք, մենք ցոյց կու տանք, որ կը պոկուինք Ռուսաստանէն ու կ՚երթանք դէպի Արեւմուտք, կ՚երթանք այն հովանոցին տակ, որ կ՚ըսէ, թէ կ՚օգտագործէ բոլոր գործիքակազմը ու ըսենք՝ դուրս եկանք ՀԱՊԿ-էն, գործիքակազմը տուր, որ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը չյառաջանայ։ Այսօր ՀԱՊԿ-ի մէջ ըլլալով մենք չենք կրնար այդ զէնքն ու զինամթերքը ունենալ։ Ատրպէյճան յոյսով կը սպասէ յաջորդ տարուան նոյեմբերին, երբ ԱՄՆ-ի մէջ ընտրութիւններ կ՚ըլլան, բայց եթէ այդ յոյսերը չարդարանան, հազար ու մէկ խնդիր կայ, չէ՞։ Մենք ալ մինչեւ յաջորդ տարուան նոյեմբերը պէտք է կարողանանք մեր ռազմական հաւասարակշռութիւնը այնքան կարգաւորել, որ Ատրպէյճանը մտածէ՝ մենք Ռուսաստանի հետ կրնա՞նք այդ ռազմական հաւասարակշռութիւնը կարգաւորել։ Ո՛չ, չենք կրնար։ Ռուսաստանը մեզի զէնք չի վաճառեր, չունի այդ զէնքը, որ արագ վերականգնենք։ Մենք այդ մէկը կրնանք վերականգնել միայն Արեւմուտքի հետ։ Իսկ այդտեղ, երբ դուն ՀԱՊԿ-ի մէջ ես, քեզ զինամթերքները այդ ծաւալով մատակարարելու խնդիր կայ։ Իրօք խնդիր կայ։ Անոր համար ՀԱՊԿ-էն դուրս գալը լրացուցիչ խնդիր կը դառնայ Ատրպէյճանի համար մեր վրայ յարձակելու տեսակէտէ։ Ինք արդէն կը յարձակի Ռուսաստանէն պոկուած, դէպի Արեւմուտք գացող պետութեան վրայ։
-Արցախի պետական կառոյցներու ապագայ ճակատագրի մասին դուք կը կարծէ՞ք, որ անհրաժեշտութիւն մը կայ որեւէ կառոյց ձեւաւորելու համար։
-Ես իրենց խորհուրդ տուած եմ եւ կար տարբերակ ժամանակին, որպէսզի իրենք, այո, մինչեւ յաջորդ տարուան յունուարի 1-ը գումարէին ժողով մը եւ անոր ընթացքին յայտարարէին, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը լուծարուած չէ եւ Շահրամանեանի տուեալ թուղթի ստորագրումը տեղի ունեցած է ուժի եւ բռնութեան եւ այլնի արդիւնքով ու չի կրնար իրաւական որեւէ հենք ունենալ։ Այս բանէն յետոյ ձեւաւորէին խումբ մը, ինչ-որ մարդիկ ենթադրենք՝ գլխաւորութեամբ Սամուէլ Պապայեանի կամ Մասիս Մայիլեանի, պիտի բանակցին տարբեր հարթակներու վրայ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան Լեռնային Ղարաբաղ վերադարձի խնդրով։ Որովհետեւ այդ խնդրով այսօր Միացեալ Նահանգներն ալ կ՚ուզէ, որ իր վրայէն հանէ այդ 21-րդ դարու թողած բացթողումը, որ բռնի տեղահանութիւն եղած է, որովհետեւ համաշխարհային աշխարհակարգը չէ պաշտպանուած։ Իսկ այդ աշխարհակարգի պահապանը եղած է Միացեալ Նահանգները ու իսկ եթէ ինքը չի կրնար պաշտպանել, ինքը՝ որպէս առաջնորդ իր հեղինակութիւնը կը կորսնցնէ։
-Վտանգաւո՞ր կը նկատեն այդ կառոյցին պահպանումը։
-Գիտէք, անոր համար ես առաջարկած էի, որ սա ընեն Պրիւքսէլի մէջ։ Սա կարելի չէ ընել Հայաստանի մէջ։ Այդտեղ վտանգ կայ, որովհետեւ Ատրպէյճան պատրուակ կը բերէ, որպէսզի դարձեալ տարածքային պահանջ դնէ՝ ըսելով, որ տեսէք՝ մենք չենք տարածքային պահանջ դնողը, Հայաստանն է, անոր համար բանակցութիւններուն չ՚երթար։ Եւ անոր համար ըսած է, որ Հայաստանը հանելը կոպիտ սխալ է։ Երկրորդ՝ կարելի չէ ընել Ֆրանսայի մէջ, որովհետեւ կ՚ըսեն, թէ ինք տարածաշրջանի մէջ Հայաստանը կը զինէ ու կը պատրաստէ իրավիճակ՝ ռէօվանշի համար։ Սա կարելի է ընել Եւրոպայի սրտին՝ Պրիւքսէլի մէջ։ Երբ կային մարդիկ, որոնք այդ մէկը կը կազմակերպէին 21 մարտին, կրնային այնտեղ՝ Պրիւքսէլի մէջ ընդունիլ եւ կազմակերպել եւ իրենք այդ նիստը ընէին եւ Շահրամանեանի այդ որոշումը ճիշդ չէ՞, չեմ գիտեր, Մասիս Մայիլեանն ալ կու գայ մեր կողմէ բանակցելու, մեր շահերը ներկայացնելու։ Հիմա եթէ այդ ալ չեն ըներ, իրենք որոշած էին, պահ մը իմացայ, իրենք կ՚ուզեն Վաղարշապատի մէջ ընել, ըսի բացարձակ կարելի չէ, ըսի չընէք Վաղարշապատի մէջ, որովհետեւ առանց այդ ալ եկեղեցի-կառավարութիւն յարաբերութիւնները սրուած են։ Այստեղ ենթաթեքստին մէջ կը նայիմ՝ որեւէ կերպով կարելի չէ Էջմիածին երթալ։ Ըսի եթէ այլ տարբերակ չունիք, գացէք Սոչի, գացէք Քիսլաւոցք, գացէք Ռուսաստանի մէջ ըրէք, այդ պարագային Ատրպէյճան Ռուսաստանէն կը պահանջէ, թէ քու երկրին մէջ դուն կ՚ընես։ Այսինքն, այստեղ խնդիրը իրապէս կը մտցնես խոցելիութեան առումով ամենաբարդ տեղը։ Իրենք կ՚երթան Սոչիի մէջ այդ նիստը կ՚ընեն։ Թէ՛ Հայաստանին օգտակար է, թէ՛ իրենց օգտակար է, թէ՛ խնդիրը կը լուծուի եւ թէ այս հարցը լուծման որոշ ուղղուածութեան կ՚երթայ։ Թող երթան այնտեղ ընեն։ Այս առումով ես կը համարեմ ճիշդ։ Ես այս մէկը չէի բարձրաձայներ, եթէ տեսնէի, որ իրենք պիտի երթան Սոչի եւ ընեն։ Որովհետեւ հիմա, երբ բարձրաձայնեցի, կրնան ռուսերը այդտեղ երթալ ընելու։ Ես հասկցայ, որ իրենք չեն ուզեր երթալ Ռուսաստան այդ մէկը ընելու։ Ինչո՞ւ չեն ուզեր երթալ ընել։ Չեմ գիտեր։ Երեւի իրենց սրտերուն մէջ կայ Փութինի մեծադիր նկարը կամ Z նշանը եւ կամ այդքանէն յետոյ ռուսերու զինուորականներու աչքին առջեւ իրենց երեք հազար ամեայ հայրենիքէն կը վռնտուէին, միեւնոյնն է, իրենք իրենց յոյսերը ռուսերու հետ կը կապեն։ Այս խնդիրները կան, այս խնդիրները եղած են եւ այս խնդիրներու ենթաթեքստին է, որ Արեւմուտքը մեղադրելը որոշ բարդութիւններ կը պարունակէ իր մէջ։ Ես կը համարեմ, որ մենք մեր շահուն համար պէտք է Արեւմուտքին դիմենք, պէտք է Ռուսաստանին դիմենք, մենք բոլոր ուղղութիւններու վրայ պէտք է կարողանանք աշխատիլ։ Ուղղակի այս պահուն կը նայինք Արեւմուտքը ձեռնտու է, պէտք է երթանք այդտեղ։ Լա՞ւ է Արեւմուտքը։ Ի հարկէ ո՛չ։ Արեւմուտքը ունի բազմաթիւ խնդիրներ եւ բազմաթիւ խնդիրներու լուծումը միշտ չի համընկնիր մեր տեսակէտներուն հետ։ Բայց գոնէ ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներու եւ այլնի առումով իրենց տեսակէտները կը համընկնին եւ իրենց շահը կը համընկնի այսօր այդ ճանապարհի առումով, որովհետեւ Օ՚Պրայըն յայտարարութեան մէջ կ՚ըսէ, թէ այդ ճանապարհը նաեւ մեզի պէտք է։ Արեւմուտքը յստակ շահ ունի։ Ինքը այդ ճանապարհներով կ՚ուզէ աշխատիլ։ Այդ Արեւելք-Արեւմուտք ճանապարհը, որ կրնայ Միջերկրական ծովը կապել Կասպից ծովով, դուրս գալ երթալ մինչեւ Միջին Ասիա։ Պատահական չէին Միջին Ասիա այցելութիւնները։ Անոնց յաւելեալ ելմտական միջոցներ ներդնելու հնարաւորութիւն կու տան այդ ճանապարհները, որոնք կրկնակի, եռեակի յետվերադարձեալ արդիւնք ունին։ Այդ բոլորի փողը ունի Արեւմուտքը, ունի Եւրոպան։ Իրենք իրենց երկիրները բարեկեցիկ կը պահեն այդ ճանապարհով, այդ միջոցներով։ Թող պահեն, ապրին, այդտեղ ալ հայ մարդիկ կ՚ապրին, մենք ալ այդ բարեկեցիկութենէն քիչ մը կ՚օգտուինք ու այս կեանքը աւելի լաւ կը դառնայ։
(Արեւմտահայերէնի վերածելով սղագրեց՝ ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ)