ՀԱՅԱՍՏԱՆ «ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉՄԵՐՈՒԿ»Ը ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑ ՆԱԵՒ LLDC-Ի ՀԱՐԹԱԿԻՆ ՎՐԱՅ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Հայաստան պատրաստակամութիւն կը յայտնէ վերականգնելու համար երկաթուղային եւ ցամաքուղային հաղորդակցութիւնը Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ։

Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ՝ Դէպի ծով ելք չունեցող զարգացող երկիրներու (LLDC) նախարարական հանդիպումը, որու սկիզբին ելոյթով մը հանդէս եկաւ Նիկոլ Փաշինեան։ Սա Հայաստանի կողմէ ՄԱԿ-ի հետ երբեւէ կազմակերպուած ամենամեծ ձեռնարկն է։ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած հաւաքոյթին ժամանակ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ Արցախի արեւմտեան շրջանները Նախիջեւանի եւ ընդհանրապէս արտաքին աշխարհի հետ կրնան կապուիլ նաեւ հիւսիսային ուղիով եւ հայկական կողմը այս պատրաստակամութիւնը արտայայտած է պաշտօնապէս։ «Բոլոր ենթակառուցուածքները՝ ներառեալ ճանապարհները, երկաթուղիները, օդային ուղիները, խողովակաշարերը, ելեկտրահաղորդման հանգոյցները, ելեկտրագծերը, պէտք է գործեն տուեալ երկրի իրաւասութեան, իրաւազօրութեան եւ ինքնիշխանութեան ներքեւ։ Յաջորդ սկզբունքը այն է, որ իւրաքանչիւր երկիր իր պետական կառոյցներու միջոցաւ սպասարկէ իր տարածքէն ներս այդ հաղորդակցութիւններու սահմանային, մաքսային հսկողութեան եւ անվտանգութեան բոլոր ենթակառուցուածքները՝ ներառեալ քաղաքացիներու, բեռներու եւ փոխադրամիջոցներու անցումը», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Երեւանի ժողովին ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հնարաւորութիւններուն։ Ան համոզուած է, թէ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ մշակուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը կը նպաստէ մեծացնելու համար Ատրպէյճանի՝ դէպի ծով ելքի հնարաւորութիւնները։

Իր կարգին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն ալ Երեւանի ժողովին ընթացքին շեշտեց, որ դէպի ծով ելք չունեցող զարգացող երկիրներու համակարգային եւ աշխարհագրական խոցելիութիւնները մեծցած են։ Նախարարը ընդգծեց, որ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը ո՛չ թէ պիտի մրցակցի լոժիսթիք ուրիշ նախագիծերու հետ, այլ պիտի գայ համալրելու առկայ հնարաւորութիւնները։

Երեւանի ժողովին մասնակցեցաւ նաեւ Թուրքիայէն ներկայացուցիչ մը։ Այսպէս, Արտաքին գործոց նախարարութեան առաջին քարտուղար Հիւսէյին Էօզէն դիտել տուաւ, որ Թուրքիա կը վերահաստատէ իր պատրաստակամութիւնը՝ աջակցելու համար դէպի ծով ելք չունեցող երկիրներուն։

Բաց աստի, Վրաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Լաշա Տարսալիա եւս մասնակցութիւն բերաւ Երեւանի հաւաքին։ Ան նշեց, որ տարածաշրջանային զարգացման տեսանկիւնէն Հայաստանի կառավարութեան տեսլականն ու նախաձեռնութիւնները շատ կարեւոր կը համարուին։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 15, 2023