ԵՐԵՒԱՆԻ ՄՕՏ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ԴԵՍՊԱՆԸ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻՆ ՅԱՆՁՆԵՑ ԻՐ ՀԱՒԱՏԱՐՄԱԳԻՐԸ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Երեւանի մօտ Եգիպտոսի նորանշական դեսպան Թարըք Մաաթին, որ յանձնեց իր հաւատարմագիրը։ Պաշտօնական արարողութեան յաջորդած զրոյցին ընթացքին Սերժ Սարգսեան յաջողութիւն մաղթեց նորանշանակ դեսպանին, որ իր հերթին խոստացաւ առաւելագոյնը ընել՝ նպաստելու համար հայ-եգիպտական համագործակցութեան զարգացման։
Սերժ Սարգսեան եւ Թարըք Մաաթի աւելի վերջ կարծիքի փոխանակումներ ունեցան երկկողմանի համագործակցութեան զարգացման հեռանկարներուն, Մերձաւոր Արեւելքի եւ Հարաւային Կովկասի տարածքաշրջանային կացութեան, ինչպէս նաեւ միջազգային օրակարգի հրատապ խնդիրներուն ու ա-նոնց լուծուման որոնումներուն շուրջ։
Սերժ Սարգսեան գոհունակութեամբ նշեց, որ վերջին տարիներուն հայ-եգիպտական յարաբերութիւնները թեւակոխած են զարգացման նոր հանգրուան։ Երկու երկիրներու միջեւ համագործակցութիւնը ունի մեծ ներուժ մը եւ անհրաժեշտ է այդ մէկուն լիարժէքօրէն օգտագործուիլը։ Փոխադարձ բարձրաստիճան այցելութիւնները, քաղաքական աշխոյժ երկխօսութիւնը, միջկառավարական կամ միջխորհրդարանական ձեւաչափերով յաճախակի շփումներ կրնան նպաստել այդ նպատակին։ Իր կարգին, նորանշանակ դեսպանը նշեց, որ իր հայ պաշտօնակիցներուն հետ արդէն իսկ քննարկումներ ունեցած է Հայաստան-Եգիպտոս միջկառավարական յանձնաժողովին գործունէութիւնը ընթացիկ տարուան մէջ վերսկսելու հնարաւորութեան շուրջ։ Դեսպանը կը յուսայ, որ յանձնաժողովի աշխատանքի արդիւնքին զգալիօրէն պիտի աշխուժանան առեւտրատնտեսական կապերը։ Զրուցակիցները շօշափեցին երկու երկիրներու խորհրդարաններէն ներս փոխադարձ բարեկամութեան խումբեր ստեղծելու կարելիութիւնը։
Սարգսեան եւ Մաաթի ընդգծեցին եգիպտահայ համայնքի առանձնայատուկ դերը՝ Հայաստան-Եգիպտոս բարեկամական յարաբերութիւններու ամրապնդման ուղղութեամբ։