ԲՈԼՈՐԸ ԲՈԼՈՐԻՆ ԴԷՄ
Թեհրանի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարար Սուպրահմանիամ Ճայշանքարը, որ բանակցութիւններ վարեց Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիանի հետ, նաեւ ընդունուեցաւ նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի կողմէ։ Ճայշանքար Թեհրանի մէջ կոչ ուղղեց, որպէսզի Իսրայէլ-Պաղեստին հակամարտութեան կողմերը խուսափին մագլցումներու պատճառ դառնալէ։ Իսկ Ապտուլլահիան յայտնեց, որ Եմէն պիտի շարունակէ հարուածել այն նաւերուն վրայ, որոնք կը մեկնին դէպի Իսրայէլ։
Հնդիկ նախարարի այցելութեան օրը Իրան հարուածեց նաեւ Իսրայէլի հետախուզական այն կառոյցները, որոնք կը գտնուին Իրաքի տարածքէն ներս՝ մասնաւորապէս Էրպիլի շրջանին։
Իրան-Հնդկաստան յարաբերութիւնները ունին նաեւ Հարաւային Կովկասի իրադարձութիւնները ուղղակիօրէն պայմանաւորելու ներուժը, սակայն, պաշտօնական հաղորդումներուն մէջ առայժմ այս մասին մանրամասնութիւններ չեն նշուած։
Միւս կողմէ, Սուպրահմանիամ Ճայշանքարի Իրան այցելութեան օրուան զուգադիպեցան նաեւ կարեւոր հեռախօսազրոյցներ։ Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի պաշտպանութեան նախարար Մուհամմէտ Աշտիանիի հետ։ Նախարարները կարծիքներ փոխանակեցին տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցերու շուրջ։ Բաց աստի, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինն ալ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Հնդկաստանի վարչապետ Նարենտրա Մուտիի հետ։