ՄԱՀ՝ ԱՐՓԻ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆԻ

Ցաւով տեղեկացանք, որ իր մահկանացուն կնքած է Ամերիկայի Հայկական համագումարի (ԱՀՀ) Երեւանի տարածաշրջանային տնօրէնուհի Արփի Վարդանեան, որ Հայաստան-սփիւռք համագործակցութեան լուրջ ներդրում ապահոված գործիչ մըն էր։ ԱՀՀ-ի աղբիւրներն ալ տեղեկացուցին, որ կը սգան Արփի Վարդանեանի անժամանակ կորուստը։ ԱՀՀ-ի համանախագահները՝ Վան Գրիգորեանն ու Էնթընի Պարսամեանը յայտնեցին, որ Արփի Վարդանեանի կորուստը եղած է անսպասելի ու ողբերգական։ Անոնք շեշտեցին, որ Արփի Վարդանեան դրական յարաբերութիւններ մշակած էր իր անձնական շփումներուն մէջ եւ տասնամեակներ տեւած իր վերապատրաստման ու քարոզչական աշխատանքին ժամանակ։ Անոնք ընդգծած են նաեւ հայ ժողովուրդին ու ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ծառայելու հանգուցեալի յանձնառութիւնը։

Արփի Վարդանեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ հայկական կրթութիւն ստացած էր Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) վարժարաններուն մէջ։ Ծնած էր Միշիկըն եւ ուսանած ամերիկեան հեղինակաւոր համալսարաններու մէջ։ Միջոց մը աշխատած էր նաեւ՝ որպէս ՀԲԸՄ-ի Երեւանի գրասենեակի տնօրէնուհի։

Լուսահոգի Արփի Վարդանեանի յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցած է յունուարի 12-ին եւ իր մարմինը ամփոփուած է Հայաստանի Արին Բերդի գերեզմանատան մէջ։ Յառաջիկային ոգեկոչման արարողութիւններ նախատեսուած են թէ՛ Միացեալ Նահանգներու եւ թէ Հայաստանի մէջ։

Երեքշաբթի, Յունուար 16, 2024