ՊԸՐՊԵՆՔԻ ՄԷՋ ՍԿՍԱՒ ԳՐԱԲԱՐԻ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս սկսած են գրաբարի դասընթացքներ։ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի հովանաւորութեամբ կեանքի կը կոչուի այս ծրագիրը։ Պըրպենքի առաջնորդարանի աղբիւրները հաղորդեցին, որ դասընթացքները կը վարէ բանասէր տոց. Նորայր Պօղոսեան։ Հարկ է նշել, որ ան առաջնորդարանի աշխատակիցներէն մին է։

Նկատի ունենալով, որ գրաբարը Հայ Եկեղեցւոյ ծէսի, աղօթքի լեզուն է, նաեւ հայկական մշակոյթի անգնահատելի ժառանգն ու արժէքը, անոր ուսուցումը հնարաւորութիւն կու տայ ընդլայնելու թէ՛ լեզուական ու մշակութային գիտելիքները եւ թէ հոգեւոր արժէքներուն ներթափանցելը։

Այս ծրագրով նախատեսուած է աւանդել գրաբարի կանոնները Աստուածաշունչի եւ Ս. Պատարագի միջոցաւ, ծանօթացնել հայկական մշակոյթի դասական հեղինակները, նաեւ գրաբարով երկերը։ Նախագծի շրջանակներէն ներս կ՚ենթադրուին նաեւ առցանց փուլեր։

Գրաբարի առաջին դասընթացքի մասնակիցներուն թիւը կը հասնէր երկու տասնեակի։

Երեքշաբթի, Յունուար 16, 2024