ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ ՎԻՐԱՀԱՏՈՒԱԾ

Կը տեղեկանանք, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ վիրահատութեան մը ենթարկուած է սփիւռքահայ երէց սերունդի մտաւորականներէն Գէորգ Պետիկեան, որու հիւթեղ գրիչին արգասիքը փնտռուած է ամբողջ աշխարհի՝ արեւմտահայերէնով հաղորդակցութեան հետամուտ լսարանէն ներս։ Մեր ընթերցողներն ալ մօտէն ծանօթ են Գէորգ Պետիկեանին, որու գրութիւնները լոյս կը տեսնեն թերթիս մէջ։

ԱՄՆ-էն հասած կարճ երկտողով մը տեղեկացանք, որ Գէորգ Պետիկեան երէկ վիրահատութեան մը ենթարկուած է։ Մօտաւոր անցեալին ալ ան նման վիրահատութեան մը ենթարկուած էր, սակայն որոշ ժամանակ անց վերագտած՝ իր առողջութիւնը։ Այժմ, դժբախտաբար, բժշկական նոր միջամտութիւն մը անհրաժեշտ դարձած է իր պարագային։ Մեզի հասած երկտողին մէջ վիրահատութիւնը որակուած է շատ ծանր ու շատ ցաւոտ։ Թէեւ գործողութիւնը տեւած է բաւական երկար, սակայն հիւանդանոցի մասնագէտներու կանխատեսումներով Գէորգ Պետիկեան ունի իր առողջութիւնը վերագտնելու հեռանկարը։

Մեր եւս փափաքն է, որ մասնագէտներու այդ կանխատեսումները արդարանան ու մեր այնքան սիրելի հեղինակ-բարեկամը կարողանայ վերադառնալ իր արտադրական աշխատանքին։ Ուստի, արագ ապաքինում կը մաղթենք սիրելի Գէորգ Պետիկեանին եւ զինքը խնամող հարազատներուն նկատմամբ արտայայտելով մեր բարոյական զօրակցութիւնը։

Ուրբաթ, Փետրուար 16, 2024