ԿԱԼԱՆԱՒՈՐՄԱՆ ՊԱՀԱՆՋ

Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեանի հրաժարականի արձագանգները կը շարունակուին։ Երեւանեան աղբիւրներու հաղորդումներով, Հայաստանի Քննչական կոմիտէն կը հարցաքննէ Տնտեսութեան նախարարութեան շարք մը աշխատակիցներ։ Այդ պաշտօնատարներուն առընթեր, Վահան Քերոբեանի կալանաւորման համար միջնորդութիւն մը ներկայացուած է։ Հրաժարեալ նախարարի փաստաբանը հաղորդեց, որ մեղադրանքը կը վերաբերի խումբի կազմին մէջ շահադիտական նկրտումներով, պաշտօնական լիազօրութիւնները չարաշահելու սկզբնական համաձայնութեան, ազդեցութիւնը գործածելու։ Փաստաբանը յայտնեց, որ Վահան Քերոբեան չ՚ընդունիր իրեն հասցէագրուած ամբաստանութիւնները։

Հայաստանի Քննչական կոմիտէի յայտարարութեան մէջ նշուած էր, որ մրցոյթի մը ընթացքին կատարուած առերեւոյթ չարաշահումներուն վերաբերեալ քրէական վարոյթի նախաքննութեան մասին։

Սա աղմկայարոյց իրադարձութիւն մըն է եւ դէպքերու շարունակութեան կը սպասուի ուշադրութեամբ։

Ուրբաթ, Փետրուար 16, 2024