ՊԱՇՏՕՆԱՄՈՒՏ՝ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔՈՎ

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, որ երրորդ աշխարհամարտը արդէն մօտ է։

Երէկ, Պաքուի մէջ տեղի ունեցաւ Ալիեւի երդման արարողութիւնը՝ հերթական պաշտօնամուտին առթիւ։ Երկրի խորհրդարանին մէջ ան կատարեց իր երդումը, նաեւ ունեցաւ ելոյթ մը։ Այս առթիւ ան ըսաւ.

«Հայաստանն ու այդ երկիրը ռազմական առումով խրախուսողները պէտք է գիտնան, որ մեզ ոչինչ կրնայ կասեցնել։ Եթէ մեզի դէմ տարածքային պահանջները վերջ չգտնեն, եթէ Հայաստան սեփական օրէնսդրութիւնը չկարգաւորէ, ապա խաղաղութեան պայմանագիրը պիտի չըլլայ»։

Ելոյթին տեւողութեան Ալիեւ յայտնեց, որ Ատրպէյճանի մէջ պէտք է հասնի՝ ազգային ու բարոյական արժէքներու կապուած երիտասարդութիւն մը։ «Թրքական աշխարհը մեր ընտանիքն է», աւելցուց ան։ Միեւնոյն ժամանակ, Ալիեւ նշեց, որ Պաքու ինքնուրոյն արտաքին քաղաքականութեան մը հետեւիլ պիտի շարունակէ՝ ինչպէս ցարդ եղած է։

Ալիեւ համոզուած է, թէ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը պէտք չէ մնայ միջազգային օրակարգին վրայ։ «Մենք մեր հարցը լուծած ենք», ըսաւ ան։

Ուրբաթ, Փետրուար 16, 2024