Երկուշաբթի 24, Փետրուար 2025
ՎԱՐՇԱՄ ԲՈՐԱՆԵԱՆ ԱԽՈՅԵԱՆ
Եւրոպայի ըմբշամարտի ախոյենութեան մասնակից Հայաստանի հաւաքականը արձանագրեց անանտեսելի յաջողութիւն մը։ Վարշամ Բորանեան մրցաշարքի ընթացքին նուաճեց ոսկէ մետայլ։ Արթուր Ալիքսանեան եւ Ռոման Ամոյեան նուաճեցին արծաթէ մետայլ, իսկ Կարապետ Չալեան՝ ապահովեց պրոնզէ մետայլ։
Ըմբիշներուն կողմէ արձանագրուած յաջողութիւնը բարձր գնահատանքի արժանացաւ հայկական մարզաշխարհէն ներս։
Ռիկայի մէջ կազմակերպուած Եւրոպայի առաջնութենէ վերադարձին, ըմբիշները Երեւանի Զուարթնոց օդակայանին մէջ դիմաւորուեցան ջերմ մթնոլորտով եւ արժանացան բոլորի համակրանքին։
Չորեքշաբթի, Մարտ 16, 2016