Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՀՐԱԺԱՐԵՑԱՒ «ՅՈՎԱԿԻՄ 1461» ՆՈՐԱՍՏԵՂԾ ՎԱՔԸՖԷՆ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան այս ա­ռա­ւօտ մե­զի յայտ­նեց, որ կը հրա­ժա­րի «Յո­վա­կիմ 1461» նո­րաս­տեղծ վա­քը­ֆի իր պաշ­տօն­նե­րէն։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, այս վա­քը­ֆը Պատ­րիար­քա­րա­նի ա­ռըն­թեր հաս­տա­տուած էր վեր­ջին շրջան­նե­րուն՝ Ա­թո­ռի պաշ­տօ­նա­կան կար­գա­վի­ճա­կի բա­ցա­կա­յու­թեան պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ հա­սոյթ­ներ ա­պա­հո­վե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ ու­նե­նա­լու մտադ­րու­թեամբ։ Թէեւ այս ուղ­ղու­թեամբ ոչ մէկ շօ­շա­փե­լի ար­դիւնք կայ, սա­կայն այդ վա­քը­ֆի գոր­ծու­նէու­թեան բե­րու­մով Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նին վե­րագ­րուե­ցան բա­զում պնդուն­մեր եւ մե­ղադ­րանք­ներ։ Ան այս ա­ռա­ւօտ մե­զի յայտ­նեց, որ այդ պնդում­նե­րը ի­րեն տե­սա­կէ­տէ շատ մա­շե­ցու­ցիչ ե­ղած են, ինք Ա­թո­ռի շա­հե­րը հա­շուի առ­նե­լով փոր­ձած է տե­ղի չտալ, սա­կայն այ­սօ­րուան պայ­ման­նե­րով այ­լեւս ո­րո­շած է հրա­ժա­րիլ այդ նո­րաս­տեղծ վա­քը­ֆէն։

Այս նո­րաս­տեղծ վա­քը­ֆը մի­ջա­մուխ դար­ձած էր Պէյ­քո­զի ազ­գա­պատ­կան կա­լուա­ծի ար­ժե­ւոր­ման գոր­ծար­քին, որ կ՚են­թադ­րէ հսկա­յա­կան գու­մար­ներ։ Մաս­նա­ւո­րա­պէս այս խնդի­րը զա­նա­զան շշուկ­նե­րու տե­ղի տուած է հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րէն ներս։

Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան շեշ­տեց, որ նօ­տա­րի մի­ջո­ցաւ կը կազ­մա­կեր­պէ իր հրա­ժա­րա­կա­նը։

Հինգշաբթի, Մարտ 16, 2017