ԱՆԳԱՐԱ ԼԱՒԱՏԵՍ

Անգարա երէկ բաւական լաւատես պատգամներ հնչեցուց՝ Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին վերաբերեալ։ Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտարարեց, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան շատ մօտ են խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման։

Հաքան Ֆիտան երէկ Պաքուի մէջ մասնակցեցաւ Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարներու եռակողմանի հանդիպման, որ 9-րդն էր իր տեսակին մէջ։ Այս առթիւ ան երկկողմանի հանդիպումներ ալ ունեցաւ իր պաշտօնակիցներուն հետ։ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի եւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Իլիա Տարչիաշվիլիի հետ ունեցած զրոյցներուն ընթացքին Ֆիտան շօշափեց տարածաշրջանային համագործակցութեան խնդիրներ։ Նախարարը Պաքուի մէջ ընդունուեցաւ նաեւ Ատրպէյճանի նախագահական աշխատակազմի արտաքին յարաբերութիւններու բաժանմունքի ղեկավար Հիքմէթ Հաճիեւի կողմէ։

Նախարարներու եռակողմանի բանակցութիւններուն յաջորդած մամլոյ ասուլիսին ժամանակ ալ Հաքան Ֆիտան յայտարարեց, որ Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան վերականգնումը տարածաշրջանային եւ կլոպալ նշանակութիւն ունի։ «Այս առումով մենք կ՚ակնկալենք համընդհանուր աջակցութիւն Զանգեզուրի ուղիի բացման համար», ըսաւ Հաքան Ֆիտան Պաքուի մէջ։ Ան ընդգծեց, որ այս չորս տարիներու ընթացքին Ատրպէյճան վերականգնած է իր տարածքային ամբողջականութիւնը, Վրաստան դարձած է Եւրոմիութեան անդամի թեկնածու։ Ուստի, անհրաժեշտ քննարկումներ ծաւալուած են՝ այս երեք երկիրներու միջեւ համագործակցութիւնը խթանելու համար։ «Մենք պատրաստ ենք հնարաւոր ամէն ինչ ընելու իւրաքանչիւր հարցին մէջ», ըսաւ Հաքան Ֆիտան։ Եռակողմանի հանդիպման մասնակցելու առընթեր, Ֆիտան ելոյթ մըն ալ ունեցաւ Պաքուի ֆորումի շրջանակներէն ներս։ Այս առթիւ ան յայտնեց, որ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը շատ մօտ են խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման։

Վերջին օրերուն փոխադրութեան ու ենթակառուցուածքներու նախարար Ապտիւլքատիր Ուրալօղլուն ալ անդրադարձած էր Զանգեզուրի միջանցքի բացման հարցին։ Ան նշած էր, որ սա պիտի դառնայ Պաքու-Թիֆլիզ-Կարս երկաթուղիի այլընտրանքը եւ գործօն մը, որ թրքական աշխարհը պիտի միաւորէ, պիտի նպաստէ Թուրքիոյ մէջ արդիւնաբերութեան, թեքնոլոժիի եւ զբօսաշրջութեան զարգացման։

Միւս կողմէ, կը հաղորդուի, որ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկ կը նախատեսէ այցելել Հայաստան եւ Ատրպէյճան։ Պաշտօնական աղբիւրները հաղորդեցին, որ դաշինքի ընդհանուր քարտուղարի Երեւանի շփումները նախատեսուած են յաջորդ շաբթուան անմիջապէս սկիզբին՝ մարտի 19-ին։ Եէնս Սթոլթենպերկի Երեւան այցելութիւնը տեղեկացուեցաւ Պրիւքսէլէն նախօրէին հնչած կարեւոր յայտարարութիւններուն հետ նոյնաժամանակ։ Այսպէս, Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու բաժանմունքի բանբեր Փեթեր Սթանօ ռուսական «Իզվեստիա» թերթին յայտարարած էր, որ Հայաստան կրնայ անդամակցութեան համար դիմում ներկայացնել Եւրոմիութեան։

Իր կարգին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն ալ երէկ Ազգային ժողովին մէջ երեսփոխաններուն հետ զրուցելու ընթացքին յայտնեց, որ Ատրպէյճանի հետ այժմ փոխադարձ ըմբռնումը աւելի բարձր է՝ սահմանազատման համար երբեմնի Խորհրդային Միութեան փլուզման պահու սահմանագիծը հիմք ընդունելու ուղղութեամբ։

Շաբաթ, Մարտ 16, 2024