ԲՈՂՈՔԻ ՍՏՈՐԱԳՐԱՀԱՒԱՔ
Երեւանի մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ հետաքրքրական ու բաւական ուշագրաւ բողոքի նախաձեռնութիւն մը։ Այսպէս, Հայաստանի կառավարութիւնը միջոցէ մը ի վեր օրակարգի վրայ բերած է «Ակադեմական քաղաք» ծրագիրը, որով կը նախատեսուի Երեւանի ծայրամասի՝ 17-րդ թաղամասի յարակից արուարձանային հատուածէ մը ներս կառուցել հսկայ համալսարանական աւան մը։ Թէեւ երկարաժամկէտ ծրագիր մըն է այս մէկը, սակայն այժմէն պատճառ կը դառնայ հակազդեցութիւններու։
Երեւանի «Կոմիտաս» պետական երաժշտանոցի ուսանողութիւնն ալ վերջին օրերուն շարժման անցած է՝ այս տեղափոխութեան հեռանկարին դէմ։ Երաժշտանոցին մէջ ուսանողները ստորագրութիւն կը հաւաքեն, որպէսզի խոր աւանդութիւններով այս բարձրագոյն ուսման հաստատութիւնը զերծ մնայ տեղափոխուելու վտանգէն։
Խնդիրը, անշուշտ, ունի բազում երեսակներ։ Ստորագրահաւաքի նախաձեռնութեան նկատմամբ ալ վերաբերմունքը միանշանակ չէ։ Ստորագրադիրներու շարքին կան թէ՛ թերահաւատներ եւ թէ աւելի համոզուածներ։ Ի վերջոյ, Հայաստանի ժողովրդավարութեան ճանապարհորդութեան տեսակէտէ անանտեսելի իրադարձութիւն մըն է՝ ուսանողներու կողմէ պետական երաժշտանոցը իր իսկ վայրին վրայ պահելու ուղղեալ զգայնութիւնը։
Ուրիշ հարց մըն է, թէ ե՞րբ պիտի սկսի լիարժէքօրէն գործել այդ «Ակադեմական քաղաք»ը։ Կառավարական շրջանակները վերջերս նշած էին, որ 2030 թուականին կեանքի պիտի կոչուի այս ծրագիրը։ Յամենայնդէպս, աւանի կառուցման գլխաւոր յատակագիծին պատրաստութիւնը վստահուած է գերմանական ընկերութեան մը, որու ներկայացուցիչը օրեր առաջ Հայաստանի Հանրային հեռուստատեսութենէն յայտարարեց, որ աւանը լրիւ պատրաստ պիտի ըլլայ շուրջ 20 տարի վերջ։
Միւս կողմէ, հանրային կարծիքին անմիջական ուշադրութեան առարկայ խնդիրներէն մին դարձած է այս մէկը։ Քաղաքական մեկնաբաններ ալ զանազան հարթակներու վրայ կ՚արտայայտեն իրենց մօտեցումը այս կապակցութեամբ։ Անոնց շարքին կան ոմանք, որոնք կառավարութեան կ՚առաջարկեն համալսարաններուն փոխարէն՝ պետական մարմիններու շէնքերը տանիլ քաղաքէն դուրս եւ հաւաքաբար ամփոփել այդ նախատեսուած արուարձանային հատուածին մէջ, ինչ որ երթեւեկութեան բեռն ալ կրնայ անբաղդատելիօրէն թեթեւցնել մայրաքաղաքի սրտին վրայ։