ՀԱՆՐԱՅԻՆԸ ԱՄՆ-Ի ՄԷՋ

Հայաստանի Հանրային հեռուստաընկերութիւնը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ հաստատած է իրեն յարակից հեռուստակայան մը, որուն պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ Լոս Անճելըսի մէջ։ Այսպէսով, պատմութեան մէջ առաջին անգամ Հայաստանի Հանրային հեռուստաընկերութիւնը Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկայի բնակիչ հայերուն համար պիտի արտադրէ սեփական հեռուստատեսային բովանդակութիւնը։ Հաղորդակցական, կրթական ու մշակութային նպատակներու հետամուտ այս հեռուստակայանին հետեւիլ հնարաւոր պիտի ըլլայ Հայաստանի Հանրային հեռուստատեսութեան արբանեակային հարթակին, ինչպէս նաեւ տեղական «Spectrum» ցանցին միջոցաւ։

Հայաստանի Հանրային հեռուստաընկերութեան (Հ1) ընդհանուր տնօրէն Յովհաննէս Մովսիսեան այս առթիւ յայտնեց, որ հայ-ամերիկեան այս նոր հեռուստակայանը կը ձգտի Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկաներու հայկական հաւաքականութիւններուն եւ Հայաստանի, ինչպէս նաեւ սփիւռքի միջեւ կապ մը ըլլալու դերակատարութիւնը ստանձնել։ «Այստեղ հեռարձակման պիտի սկսինք եւ պիտի ջանանք հայ համայնքին հասնիլ, սակայն հեռուստակայանի զարգացումը այնպէս մը կ՚ենթադրենք, որ համայնքները աշխոյժ ըլլան, սկսին հեռարձակման բովանդակութիւնը արտադրել եւ այս բանը մեզի ցոյց տալու համար սկսին յանձնառու ըլլալ։ Ամերիկայի բոլոր հայկական հաւաքականութիւնները եթէ յանձնառութիւն ցուցաբերեն եւ մեր հեռուստաընկերութեան վրայ ներկայանան, ապա մենք շատ ուրախ կ՚ըլլանք», ըսաւ Մովսիսեան։

«Armenian Public Television in America»ն ապրիլի 1-ի դրութեամբ պիտի սկսի հեռարձակումներուն։ Հեռուստածրագիրներուն բովանդակութիւնը փուլ առ փուլ պիտի իրականանայ։ Այժմ արդէն սկսած է «Ովկիանոսէն անդին» հարցազրոյցներու շարքին նկարահանումը։ Այս նախագիծը կը թիրախաւորէ զանազան պայմաններու ներքեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ հաստատուած այն հայերը, որոնք կը շարունակեն Հայաստանի միջոցաւ ներշնչուիլ։

Շաբաթ, Մարտ 16, 2024