ԼԻՏԱ ՔԷՕՍԷՕՂԼՈՒ ՄԵՆԵՐԳԵՑ ԻՒՆԷՍՔՕ-Ի ԿԵԴՐՈՆԻՆ ՄԷՋ

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ հա­մակ­րե­լի մե­ներգ­չու­հի Լի­տա Քէօ­սէօղ­լու վեր­ջերս ե­լոյ­թով մը հան­դէս ե­կած է Փա­րի­զի մէջ։ Ինչ­պէս հա­ղոր­դած էինք, Իս­թան­պու­լի պատ­մա­կան թե­րակղ­զիի հա­տուա­ծի՝ ԻՒ­ՆԷՍ­ՔՕ-ի հա­մաշ­խար­հա­յին ժա­ռան­գու­թեան ցու­ցա­կին մէջ ընդգրկ­ման 30-ա­մեա­կին առ­թիւ վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցան յո­բե­լե­նա­կան ձեռ­նարկ­ներ։ Փա­րի­զի մէջ, ԻՒ­ՆԷՍ­ՔՕ-ի կեդ­րո­նէն ներս այս առ­թիւ կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ հա­մերգ մը։ Ե­րե­կոյ­թի ըն­թաց­քին հան­դէս ե­կաւ Իս­թան­պու­լի Գլխա­ւոր քա­ղա­քա­պե­տու­թեան են­թա­կայ Քա­ղա­քի նուա­գա­խում­բը։ Ծրագ­րին մէջ նա­խա­տե­սուած էին մե­ներգ­ներ։ Մե­ներ­գիչ­նե­րու շար­քին կա­յին նաեւ երկ­րի փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րէն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։ Լի­տա Քէօ­սէօղ­լու յոյն եւ հրեայ հա­մայնք­նե­րէ մե­ներ­գիչ­նե­րու ա­ռըն­թեր, այս ձեռ­նար­կին մաս­նակ­ցե­լով ներ­կա­յա­ցուց հայ­կա­կան ե­րաժշ­տու­թե­նէն նմոյշ­ներ։ Հան­դի­սա­ւոր ե­րե­կոյ­թին ըն­թաց­քին ան մեկ­նա­բա­նեց Բար­սեղ Կա­նա­չեա­նի «Օ­րօր»ը եւ «Սա­րե­րի հո­վին մեռ­նեմ» ժո­ղովր­դա­կան եր­գը։

ԻՒ­ՆԷՍ­ՔՕ-ի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն եւ Թուր­քիոյ դի­ւա­նա­գի­տա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն ա­ռըն­թեր, այս ձեռ­նար­կին ներ­կայ գտնուե­ցաւ նաեւ Իս­թան­պու­լի Գլխա­ւոր քա­ղա­քա­պետ Քա­տիր Թոփ­պաշ։ Հա­մեր­գի ա­ւար­տին Քա­տիր Թոփ­պաշ ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ շնոր­հա­ւո­րեց հա­մեր­գի ծրագ­րի մաս­նա­կից բո­լոր ա­րուես­տա­գէտ­նե­րը, մե­նա­կա­տար­նե­րը, նե­րա­ռեալ Լի­տա Քէօ­սէօղ­լուն։

Այս առ­թիւ մենք եւս կը շնոր­հա­ւո­րենք Լի­տա Քէօ­սէօղ­լուն, ո­րուն կը մաղ­թենք նո­րա­նոր յա­ջո­ղու­թիւն­ներ։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 16, 2015